Քուէյթեան-ազերիական գովաբանութեան լարերու նուագին եւ Քուէյթի Ատրպէյճանական հարցերու ի նպաստ դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ լաւ յարաբերութիւններու առկայութեան վրայ շեշտը դնելով, այսպէս կոչուած Խոճալուի ջարդերու տարելիցին առթիւ, Ատրպէյճանի վսեմաշուք դեսպան Շահին Ապտ Լէյէֆ, Քուէյթի իր դեսպանական նստավայրին մէջ ելոյթ ունենալով մամլոյ ներկայացուցիչներուն առջեւ, քաղաքականութեան մէջ անծանօթ նորանոր եզրեր գործածեց եւ արտայայտութիւններ ունեցաւ հայ ազգի դէմքը անճոռնի ու տգեղ պատկերացնելու, հայութիւնը որպէս վայրենի ջարդարարներ ներկայացնելու նպատակով, չվարանելով դիմել անարգական եւ վիրաւորական բառամթերքներու: Այս ամէնը քանի մը օր առաջ լոյս տեսաւ քուէյթեան մէկէ աւելի թերթերու մէջ, այսպէս կոչուած Խոճալուի ջարդերուն յիշատակի առիթով: 

Կասկած չկայ, թէ այն որ անտեղեակ է ռուսերէն` Նակորնի Ղարաբաղի, հայերէն` Արցախի խնդիրէն եւ տեղեակ չէ, 25-27 Փետրուար 1992¬ի Խոճալուի մէջ կատարուած դէպքերու մանրամասնութիւններուն, հաւանաբար իրաւացիօրէն գթայ այդ գիւղի բնակիչներուն վրայ ու կարեկցանք զգայ անոնց հանդէպ, բնականաբար ատելութեամբ լեցուի հայերուն հանդէպ (արդէն դեսպանին ալ նպատակը այս է) եւ մտապատկերին մէջ կազմէ հայու անգութ գազանութիւնն ու անոր արիւնարբու ոճրագործ ըլլալը եւայլն.. եւ փոխէ կամ վերացնէ հայերուն մասին իր ունեցած կարծիքը` այն, որ անոնք խաղաղասէր ժողովուրդ են եւ դարեր շարունակ իրե՛նք ենթարկուած են բռնութիւններու եւ հալածանքի, տառապանքներու ու բռնագաղթի, որոնց վերջինը Օսմանեան սուլթաններու կողմէ կատարուած ջարդերն էին եւ որոնց զոհ գացին մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր, նոյնքան ալ տեղահանւեցան իրենց հայրենիքէն եւ բնակութիւն հաստատեցին անկէ հեռու եւ մօտիկ երկիրներու մէջ: Այս պատմական դէպքը յայտնի է բոլորին: Դեսպանը կը ձգտի նաեւ խախտել հայուն հանդէպ ընթերցողին ունեցած այն համարումը, որ հայերը լաւ նկարագրի տէր եւ վարպետ աշխատողներ են, ուր ալ որ գտնուին կամ ուր ալ ստիպուին ճամբորդել, եւ թէ բոլոր հայկական գաղութները յարգանք կը վայելեն եւ գնահատանքի կ’արժանանան արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ: 

Գալով Ղարաբաղի խնդիրին, ամփոփ կերպով ըսենք, որ խորհըրդային իշխանութեան առաջին տարիներուն, ի սահմանումն, բռնակալ Սթալինի՝ Խորթ հայրս Սթալինի իշխանութեան շրջանին (1929-1953), (փոխաբերաբար նկատի առնելով որ համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը ընտանիքի եւ 15 հանրապետութիւններու աւագն էր, այդ հանրապետութիւններու կարգին էին Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Ուքրանիան, Ղազախըստանը եւ այլք, որոնց ամբողջութիւնը կը կազմեր մէկ ընկերութիւն, որ կը կոչուէր Սովետական Միութիւն, ուր բոլոր հանրապետութիւններուն շահերը կը ձուլուէին մէկ հալոցի մէջ այն է Քրեմլինի հալոցը): Հանրապետութիւնները իրաւունք չունէին առանձին որոշումներ ընդունելու, ոչ ալ սեփականութեան տէր ըլլալու, եւ որեւէ մէկը ինքնուրոյն իշխանութիւն չունէր, բոլորը պարտաւոր էին հնազանդելու Մոսկուայէն եկող ցուցմունքներուն: Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը բոլորին հայրն էր: Խորհրդային տարածքները մատչելի էին բոլորին, ոչ մէկ տարբերութիւն Ծայրագոյն Արեւելքի ճափոնական ծովու ափին գըտնըւող աւանի մը եւ ամենահեռաւոր արեւմուտքի` Լիթվիոյ մէջ գտնուող աւանի մը միջեւ, նոյնն էր պարագան ամենահեռաւոր Հիւսիսի` Սիպերիոյ մէջ գտնուող տեղամասի եւ ամենահարաւային հանրապետութիւն Հայաստանի մէջ գտնուող տեղամասի մը միջեւ: Բոլորին յայտնի էր որ շահերը ընդհանուր էին, բոլորը ունէին նոյն ճակատագիրը: Ոչ մէկ տարբերութիւն հայուն եւ ազերիին միջեւ. տարբերութիւնը յառաջ կու գար միայն Խորհըր- դային իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան չափէն:

Սթալինը՝ միահեծան իշխանաւորը, Լեռնային այս մարզը ենթակայ դարձուց Ատրպէյճանին ամենայ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով, օրինակ` իբր մարզի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը Պաքուին շատ աւելի մօտ ըլլալը, քան՝ Երեւանին եւ թէ այդ դրութեամբ շրջանի բնակիչներուն համար շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար իրենց առօրեայ գրասենեակային, տնտեսական եւ այլ կենցաղային հարցերը հետապնդել Պաքուի միջոցաւ: Հետագային պարզուեցաւ որ այս քայլին ետին թաքնուած էր կողմնակի համաձայնութիւն մը անգլիացիներու եւ թուրքերու հետ, առնչըւած Պաքուի նաւթին հետ, ինչ որ էր նաեւ պարագան Նախիջեւանի մարզի Ատրպէյճանի կցումին, հակառակ անոր որ այս մարզը աշխարհագրականօրէն կապուած էր Հայաստանին եւ այս վերջինը կը բաժնէր Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը աշխարհագրականօրէն: 

Խորհրդային Միութեան քայքայման նախօրէին, նախագահ Կորպաչովի օրերուն, երբ արդէն ոչ մէկ պատճառ կար ընդհանուր ճակատագրի եւ գալիքի շուրջ, եւ երբ արդէն բաժանման ձայներ կը բարձրանային այլեւայլ հանրապետութիւններէ, ինչպէս Լիթվիայէն եւ Լաթվիայէն, Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները իրենց անկախութիւնը յայտարարեցին, մերժելով ամէն կապ եւ առընչութիւն՝ Ատրպէյճանին ենթարկող անարդար որոշումին հետ, պահանջելով վերադառնալ նախկին ինքնավար վիճակին կամ միանալ Հայաստանին:

Այս է ամփոփ պատմութիւնը այս շրջանի ողբերգութեան, շըրջան, որ կը կոչուի Նակորնի Ղարաբաղ, ողբերգութիւն որ մօրս ամուսին Սթալինի շռայլութեան ժառանգութիւնն էր: 

Ինչ կը վերաբերի Խոճալու գիւղի դէպքերուն, ըսենք որ այն կը գտնուի մարտավարական բարձունքի մը վրայ, ուստի եւ արդարացի նշանակէտ դարձած էր ղարաբաղցի մարտիկներուն համար, որովհետեւ այն հրթիռարձակման եւ թնդանօթային արկերու ակունք էր, որոնց կ’ենթարկուէին լեռնալանջային գիւղերը: Պէտք է նշենք նաեւ որ անկախ եւ նոյնիսկ ազերիական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Խոճալուի զոհերուն մեծ մասը ինկած է նոյնինքն ազերի գնդակով. ազերիական զինեալները արգիլած էին Խոճալուէն հեռանալը, սպառնալով վերացնել ամէն մէկ հեռանալ փորձողի, հակառակ անզէն քաղաքացիներու համար գոյութիւն ունեցող ապահով անցքին, որուն միջոցով կարելի էր խնայել անոնց կեանքը: 

Վերադառնալով վսեմաշուք դեսպանի յայտարարութիւններուն, հարց կու տանք. -Եթէ հայու դէմքը այսքան տգեղ է նշեալ պատճառով, որ բնական հետեւանք է երկու կողմերու միջեւ գոյութիւն ունեցող բացորոշ պատերազմին, ապա ինչպէ՞ս նկարագրել դէմքը` պատերազմէն չորս տարի առաջ՝ 28 Փետրուար 1988 թուականին, Պաքուի Հիւսիսը գտնուող ճարտարարուեստական քաղաք Սումկայիթի մէջ հարիւրաւոր անմեղներու կեանքը ոչնչացնողներուն, զանոնք իրենց ապրած բնակավայրերու պատշգամներէն վար նետելով, երբ մի քանի օր առաջ, նշաններ դրած էին հայերու տուներու վրայ, որպէսզի հոն խուժեն զինեալ վոհմակներ, կատարելու իրենց անմարդկային արարքը, առանց խտրականութիւն դնելու ծերերու, կանանց եւ երեխաներու միջեւ, մինչդեռ Խոճալուի պարագային հայկական իշխանութիւնները ապահոված էին պատերազմական շրջաններէն ազերի բնակիչներուն անվտանգ հեռացումը:

Այսօր, ազերիները հաւաքուած սահմանի վրայ (սահմանի միւս կողմն ալ հայեր) կը սպասեն խնդրի լուծման, վերադառնալու տասնվեց տարիներ առաջ լքած իրենց տուները, քաջ գիտնալով որ խնդրի լուծումը արգելակողը ազերիական կողմն է, դրդուած ներքին պատճառներէ եւ կարգ մը արտաքին պատճառներէ, որոնց գլխաւորը այս անգամ ալ նաւթն ու նաւթատար խողովակներն են: Քոսովոյի ինքզինք սերպական շրջապատէն անկախ յայտարարելուն, եւ բազմաթիւ մեծ պետութիւններու զայն ճանաչման առիթով, նշելի է, որ Ղարաբաղի անկախութեան պարագաները յար եւ նման են Քոսովոյին, որոնցմէ առաջինը ինքնորոշման իրաւունքն է, ապա նաեւ կրօնական, գաղափարական եւ այլ ըմբռնումներու տարբերութիւնը տուեալ շրջապատին հետ, իրավիճակ մը որ ի տարբերութիւն Քոսովոյի պարագայէն, հարիւրամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի: Ղարաբաղի պարագային այս ամէնը  եւ շատ աւելին առկայ են էապէս, Ղարաբաղը ունի նաեւ առաւել յատկութիւն մը` այն իր երկար պատմութեան ընթացքին, ռուս ցարերէն եւ ներկայի Ատրպէյճանի կազմաւորումէն հազար տարի առաջուընէ ի վեր, իր որեւէ մէկ մասնիկը մէկու մը ուղղակիօրէն չէ ենթարկուած (բացի Խորհրդային արհեստական Միութեան վերջին 70 տարի-ները). 

Կան նաեւ ազերիական իշխանութիւններուն ենթակայութեան վերադարձի տագնապն ու սարսափը, որովհետեւ այդ իշխանութեան շրջանին եղած տառապանքն ու բռնութիւնը, ինքնութեան ջնջումի փորձերը պատճառներ են, որոնք կու գան հայերուն իրաւունք տալու մերժել ազերիական կոչերը Ղարաբաղի իրենց վերստին կցումին, որովհետեւ կեանքի եւ մահուան համազօր առնուելիք այսպիսի որոշում մը պիտի նշանակէր անձնասպանութիւն, եւ մարդկայնօրէն անընդունելի. ուստի աշխարհը ներողամիտ թող գտնուի հայերուն հանդէպ անոնց այսպիսի քայլ մը առնելու ատակ չըլլալնուն համար:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 3-3-2008, Քուէյթ

Այս յօդուածը գրուած է այսպէս կոչուած Խոճալուի ջարդերու տարեդարձին կապակցութեամբ Քուէյթի մօտ Ատըրպէյճանի դեսպանին տուած մամլոյ ասուլիսին առիթով: Դեսպանը ամբաստանեց հայերը որպէս ջարդարարներ նկարագրելով զանոնք ամենատգեղ ածականներով, որոնցմէ ամենամեղմը «Հայերու զազրելի դէմք»ն էր: 

Կարդալով դեսպանին յայտարարութիւնները, կանգ առի անոր թոյլ տուած սխալներուն եւ հայերուն հանդէպ կատարած անհիմն ամբաստանութիւններուն առջեւ, եւ ինծի կը մնար պարզապէս պատասխանել անոր յօդուածով մը զոր կոչեցի «Մօրս Ամուսին Սթալինը», որ անցեալ դարու քսանականներուն եւ աւելի ուշ Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարն էր եւ այդ երկրի բռնակալ իշխանաւորն ու միանձնեայ հրամայողն էր: Սթալինը մօրս ամուսինը կոչելուս պատճառը այն յայտնի վրաբերմունքն է զոր կ’ունենայ զաւակի մը մօր ամուսինը, որուն զգացմունքները իր կնոջ զաւակներուն հանդէպ երբեք չեն կրնար հարազատ հօր մը զգացումներուն նմանիլ: Սթալինը հայերէն խլեց իրենց եղբայրներէն մին` Ղարաբաղը եւ զայն նուիրեց իր կիներէն մէկուն` Ատրպէյճանին: Այս արարքը իր դժբախտ հետեւանքները ունեցաւ Խորհրդային Միութեան անկման եւ քայքայման շրջանին: