«Կարծիքներու տարբերութիւնը չի փճացներ կողմերու լաւ յարաբերութիւնները». այս ի հարկէ եթէ տարբեր կարծիք ունեցողները քաղաքակիրթ եւ կրթեալ կողմեր են, հակառակ պարագային, հաւանաբար կողմերէն մէկուն ճակատագիրը իր գործատեղիին առջեւ, մարմնոյն մէջ երեք գնդակ մխրճուիլ եւ փողոցին մէջ մահանալը կըլլայ: 

Hrant Dink, photo credit Armeni Haber Ajansi

Այսպէս պատահեցաւ լրագրող Հրանդ Տինքին հետ, Պոլսոյ մէջ, որ զոհ գնաց իր գաղափարներուն, որոնք խորքին մէջ ծայր աստիճան չափաւոր էին եւ իրաւացի: Հրանդ Տինք ինկաւ իր յիսունականներու սկիզբներուն, երբ իր ընտանիքը, հարազատներն ու թրքահայերը անոր այնչափ կարիքը ունէին: 

Հրանդ Տինքն ու 2006 թուականին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած Օրհան Փամուքը դատական հալածանքի կենթարկըւին իրենց գաղափարներուն համար: Տինք յարձակում չէ գործած թրքական պետութեան կամ վարչաձեւին վրայ, չէ վատաբանած իշխանութիւնները. ան տեղեկատուական միջոցներու մէջ կը գրէր եւ հանդէս կու գար քայլ պահելով ժամանակակից փոփոխութիւններուն հակելով, համոզուած ըլլալով որ իրականութիւնները երկարօրէն պահելը օգուտ չի բերեր, ան կոչ կուղղէր բանալու Օսմանեան դարաշրջանի` այն մութ ու սեւ ժամանակներու ծրարը եւ Հայկական Հարցը լայնամտօրէն քննարկելու, պատրաստ ականջ դնելու եւ հոգեպէս պատրաստ ըլլալու, վերացնելու պատմութեան այդ շրջանին յատուկ արատներն ու սեւ բիծերը, եւ լծուիլ ժողովրդավար ընկերութիւն կառուցելու եւ շրջանային այնպիսի քաղաքական մթնոլորտ ստեղծելու, ուր բոլորը ապրին ազատ, եւ վայելեն կայունութիւն եւ բարգաւաճում:           

Հրանդ Տինք Հպարտ էր իր թրքական քաղաքացիութեամբ եւ այդ մասին բարձրաձայն կը խօսէր ուր որ գտնուէր, հպարտ էր նաեւ իր հայկական ծագումով եւ անոր խոր արմատներով. Քաջ էր, (երբ քաջութիւնը չէր օգներ), ան հարցերու շուրջ իր գաղափարները կը յայտնէր նախ եւ առաջ Թուրքիոյ օգօւտ տալով, հեշտացնելով անոր մուտքը եւրոպական եւ միջազգային ընտանիքներ: 

Պոլսոյ կամ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ չկան անձնաւորութիւններ, որոնք կրնան վարչաձեւին մտածելակերպին չհամնկնող իրենց գաղափարներն ու մտածմունքները յայտնել, լաւագոյն պարագային անոնց խոհերը պէտք չէ հակասեն թիւ 301 օրէնքը, որ շատ խիստ է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ ազատ խօսքի հանդէպ. կան փշաթելեր եւ բարձր պարիսպներ, եւ շատեր չեն կրնար զանոնք շրջանցելով իրենց ձայնը հասցնել միջազգային հանրութեան, պահանջելով իրենց իրաւունքները եւ նուաճել զանոնք նոյնիսկ եթէ պարզ եւ չափաւոր են անոնք: Այս վերջիններէն չէր Հրանդ Տինք, ան մեծ յարգանք կը վայելէր թրքական եւ համաշխարհային լրատուական շրջանակներու մէջ, շնորհիւ իր երկլեզու` հայերէն եւ թրքերէն «Ակօս» թերթին. ան թրքահայերու պահանջներուն անդրադարձ հայելին ըլլալով կրնար որոշ չափով զանոնք հասցնել թրքական հանրային կարծիքին, երբեմն ալ համաշխարհային լրատուական միջոցներու մէջ իր համարձակ յօդուածներով կանդրադառնար Հայկական Հարցին: 

Թրքական պետութիւնը ձախողեցաւ փաստել իր ազնուութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, մուտք գործելու քաղաքակիրթ Եւրոպական Միութիւն: Ինչ ալ ըլլան իշխանութիւններու արդարացումներն ու մեղադրական յայտարարութիւններուն հրապարակումները, չպիտի կրնան ջնջել ատելութիւնն ու ոխակալութիւնը, եւ անոնց պաշտօնական քաջալերանքը ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ մէջ թրքականէն տարբեր ծագում ունին, ընդդիմադիր են պաշտօնական ուղղութիւններուն կամ հանրութեան եւ քաղաքականութեան մէջ: Այս արարքը կու գայ ինքնահաշտութեան քաղաքակիրթ մթնոլորտի եւ իրենց նախնիներու գործադրած ջարդերու իրողութիւնը ընդունելու անհրաժեշտ արիութեան բացակայութենէն, փոխանակ ինքնակամօրէն տալու իւրաքանչիւրին իրաւունքը, որ ներկայ եւ գալիք ժամանակներու ամենակարեւոր պահանջներէն է:

«Ակօս» որ նահատակ Տինքին շաբաթաթերթն էր, եւ որ հայերէն լեզուով կը նշանակէ արտի հերկուող գիծ, եւ թանկագին բառ մըն է հայերուն սրտին մօտիկ, իր փոխաբերական վեհ խորհուրդներուն համար, սկսելով հողէն եւ անոր բերքէն, հատիկէն եւ անոր բարիքներէն, ունի նաեւ կեանքի իմաստ ու արժէք, նաեւ աշխատանքի ու ճիգի արդիւնաբերութեան իմաստ: Ինկաւ Հրանդ, զինք սպաննողները անոր պարգեւեցին մարդկային ամենաբարձր եւ վեհագոյն շքանշան, իր հերկած արտին մէջ, քաղելու բարին իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Կասկածէ վեր է որ իր գաղափարներուն հատիկները տասնեակներով եւ հարիւրներով պիտի ծլին ու ծաղկին լուսաւորելու երկու հարեւան ժողուվուրդներու` թուրքերու եւ հայերու բարեկամութեան եւ խաղաղութեան կամուրջը, զոր կը գովերգէր եւ որուն համար զոհուեցաւ եւ դարձաւ գրիչի նահատակ:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 25-1-2007, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 25-1-2007, ՔուէյթՀայերը տակաւին զոհեր են» վերնագրով)

Սոյն յօդուածը գրեցի 19 Յունուար 2007¬ին, Պոլսոյ մէջ, հայազգի նոր նահատակ Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք: Այս զարհուրելի պատահարը մեծ աղմուկ յառաջ բերաւ միջազգային շրջանակներու մօտ, որոնց կարգին թրքական փողոցը, ուր մեծ խումբերով թուրքեր օրերով կը հաւաքուէին անոր սպանութեան վայրին մէջ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք«: 

Իրօք, այս դէպքը ողբերգութիւն էր, մենք կորսնցուցինք մեր մարտնչող անձնաւորութիւններէն մին, որ կապրէր Թուրքիոյ սիրտին մէջ, ան իրաւունք ստացած էր երկլեզու` հայերէն եւ թրքերէն, քաղաքական թերթ հրատարակելու, որուն միջոցաւ դէմ կը դնէր հայերուն եւ անոնց խնդիրներուն դէմ պաշտօնական աղբիւրներէ եւ գրգռիչ լրատուական միջոցներէ արձակուած զրպարտանքներուն: 

Տինքը չկրցան հանդուրժել թուրք ազգայնական ծայրայեղները եւ զայն զգետնելով սպաննեցին Պոլսոյ իր գրասենեակին առջեւ: