Քուէյթի խորհրդարանական ընտրութիւններուն չորս տիկիններու յաղթանակը հովացուց սիրտս, ինչպէս նաեւ սիրտերը բազմաթիւ քուէյթցիներու եւ այլ ազգերու զաւակներու. լայն շունչ առի ի տես Ազգային Ժողովի «Ապտ Ալ Ալլահ Ալ Սալէմ» դահլիճը պարզած տեսարանին, երբ բացման օրը աւելցած էին փայլքն ու շլացումը, ներկայութեամբ չորս գեղեցկուհի անդամներուն, որոնք բազմած էին առանց այն ալ շքեղ բազկաթոռներու վրայ: Ընտրեալ գեղեցկուհիները կարծէք ծաղիկներ ըլլային, Ազգային Ժողովին պարտէզի միագոյն` սեւ ճերմակ պատկերին վրայէն մինչ այդ բացակայող: 

Քուէյթի Ազգային Ժողովի «Ապտ Ալ Ալլահ Էլ Սալէմ Էլ Սապահ» դահլիճը

Քուէյթցիները լաւատես են, լաւատես է նաեւ ժողովրդավար ազատ աշխարհը, քուէթաբնակ ամենատարբեր երկրացիները եւս լաւատես են ընտրութիւններու արդիւնքով, որ իր հետ բերաւ գործնականօրէն շօշափելի փոփոխութեան քամիները, Քուէյթի քաղաքական կեանքին մէջ քամիներ, որոնք չէին կրցած անցնող երկար տարիներուն մուտք գործել Ազգային Ժողովի դրնէն ներս բոլորին յայտնի պատճառներով, եւ ահա մէկ անգամէն ուժգնօրէն մուտք կը գործեն դէպի խորք, կատարելու իրենցմէ ակնկալուածը, ուղղելու Քուէյթի խորհրդարանին ընթացքը եւ զայն դուրս հանելու իր կարողութիւններուն իշխող կարգ մը խմբակներու ազդեցութենէն, որոնք իրենց կամքը պարտադրած էին հանրութեան, որ այլեւս բացուի եւ լայն շունչ մը առնէ, իրավիճակ մը որ իր կարգին պիտի առաջնորդէ դէպի ծաղկում ու բարգաւաճում եւ Քուէյթը պիտի վերագտնէ իր առաջընթաց դիրքը, զոր ունէր տասնամեակներէ ի վեր բոլոր բնագաւառներու մէջ` տնտեսական թէ շինարարական, կրթական թէ առողջապահական, մտաւոր թէ գրական, սինեմայի թէ թատրոնի, նոյնպէս եւ զարգացած կեանքի մնացեալ մարզերուն մէջ որպէս քաղաքակրթութեան ձգտող հասարակութիւն, ինչպէս որ հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած էր Քուէյթի ժողովուրդը եւ հռչակուած անով: 

Արժանաւոր չորս տիկիններուն յաղթանակն ու դէպի խորհըրդարան ճամբայ հարթելու գերբնական կարողութիւնը չէ որ ինքնին ուրախացուց զիս, իսկական ուրախութիւնը կը կայանայ անոնց ստացած ձայներուն ահռելի քանակին մէջ, որ եթէ որեւէ բան կը նշանակէ, ապա նախ եւ առաջ այն, որ Քուէյթեան հասարակութիւնը կրած է դրական հսկայական փոփոխութիւն քաղաքական մշակոյթի մէջ, եւ երկրորդ, ան դադրած է կարգախօսներով տարուիլ, եւ իր հայեացքը փոփոխութիւն կրելով մղուած է դէպի առարկայնութիւն, եւ իրաւմամբ, հետեւելու ժամանակակից տէմոքրաթիայի ընթացքին: 

Դրացի եղիր երջանիկին, կերջանկանաս». յայտնի եւ համոզիչ առած մը որ շրջան կընէ բոլոր հասարակութիւններուն մէջ, այս առածէն կը մեկնինք ըսելու, որ ինչպէս քուէյթցիները իրաւունք ունին ուրախանալու եւ լաւատես դառնալու իրենց նոր խորհըրդարանով, այնպէս ալ Քուէյթ բնակող ազնիւ օտարերկրացիները իրաւունք ունին ուրախութեան եւ լաւատեսութեան նոյն զգացումը ունենալու, որովհետեւ արական եւ իգական սեռի մեծամասնութեամբ փորձառու, ժամանակակից ուսման տէր, զարգացած եւ ատակ յիսուն անդամներու գոյութիւնը, անպայմանօրէն պիտի ստեղծէ այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կորդեգրուին ճիշդ օրէնքներ եւ որոշումներ ի նպաստ ամբողջ երկրին, օրէնքներ որոնք պիտի գործեն ի օգուտ բոլորին` քուէյթցիին եւ անոր օտարերկրեայ բնակիչին միաժամանակ: Պատկառելի նոր կառավարութեան կազմաւորումով նոյնպէս, որուն մէջ նոյնպէս բարին կը նկատենք, վստահաբար երկիրը պիտի ընթանայ զարգացման ամուր հիմքեր հաստատելու ուղիով, որ նախորդ տարիներուն շատ տարբեր էր իր շրջակայ Ծոցի երկիրներէն, իրենց` քուէյթցիներուն իսկ վկայութեամբ: Այս մեկնարկէն ելլելով, Քուէյթի օտարերկրեայ բոլոր խաւերու բնակիչները օգուտ պիտի քաղէն նոր բարելաւուած պայմաններու իրավիճակէն, աւելին պիտի տան եւ բարին պիտի ընդհանրանայ:

Բազմաթիւ խնդիրներ կը յուզեն Քուէյթի օտարերկրեայ բնակիչները, որոնց մէջ կան տաք հարցեր, ինչպէս «ալ պտուն«ը, օտար ամուսնութիւններ կնքած քուէյթցի կիներուն զաւակներուն եւ ամուսիններուն խնդիրը` գրանցման, բժշկական բնակութեան եւ ասոնցմէ բխող այլ հարցեր: Բոլորին յայտնի է, որ ոչ Քուէյթը ոչ ալ Գերմանիան, ոչ Էմիրաթները եւ ոչ ալ Անգլիան կրնային իրենց երկիրները այսքան մրցանակային արագութեամբ կառուցել իրենց ներկայի բարձր մակարդակով, եթէ չդիմէին օտար մասնագէտներու եւ ընկերութիւններու օգնութեան, ըլլան անոնք գիտնականներ, ճարտարագէտներ, տնօրէններ, բժիշկներ, բանուորներ. օրինակները շատ են այն երկիրներուն որոնցմէ ոմանք հասան փառքի, զօրութեան եւ ծաղկումի ամենաբարձր աստիճաններու, շնորհիւ օտար գիտնականներու, ստեղծագործ մտքի տէր մարդկանց, վարպետ գործաւորներու եղած հրապուրիչ առաջարկներու, գալու այս կամ այն երկիր եւ զարգացնելու զայն, ինչպէս որ ըրին Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Գանատան: Գտնուեցան երկիրներ, որոնք իրենց մօտ գաղթելու եւ քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութիւն տուին վերոնշեալ մարդկանց, ընձեռելով կեանքի դիւրամատչելի պայմաններ, հաստատուելու, գործի լծուելու, արդիւնք տալու, եւ լուծուելու բնիկ հասարակութեան մէջ, բարձրացնելու երկրին մարդկային պատրաստի ներուժը, ինչպէս որ կատարեցին Աւստրալիան ու Գանատան: 

Փափաքս է որ խորհրդարանի ներկայ շրջանը, եւ մասնաւորաբար ազնիւ քոյրերը, գործեն իւրայատուկ բարձրորակ արդիւնաւոր աշխատանքով, համոզելու զանոնք, որոնք կը կասկածին կանացի տարրի ղեկավար դիրքի վրայ գտնուելու կարողութեան, հաստատելու որ կանանց գործունէութիւնը նոյնքան արդիւնաւոր է որքան ուրիշներունը, կարգ մը բնագաւառներու մէջ նոյնիսկ աւելի: Ընտրեալ կանայք յուսախափ պիտի չընեն իրենց զորաւիգ կանգնողները` քուէներով կամ բարոյապէս թիկունք ըլլալով, Քուէյթէն ներս թէ դուրս բազմաթիւ հաւաքներու մէջ, միջազգային բեմերու վրայէն եւ ամենաբարձր մակարդակներով: Ընտրեալները թող գիտնան որ իրենք որպէս քուէյթցի կանայք վերածուեցան առաջնորդող ջահերու եւ կանանց համար օրինակելի նմուշ ամբողջ երկրագունդի տարածքին, ի մասնաւորի արաբ իգական սեռին համար:

Աստուած պահպանէ Քուէյթը բոլոր տեսակի չարիքներէն:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 17-6-2009, Քուէյթ

Որպէս կողմնակից կանանց իրաւունքներուն, շատ ուրախացայ չորս քուէյթցի տիկիններու ընտրութեամբ Ազգային Ժողովի` Խորհրդարանի անդամ դառնալնուն, քուէյթցի կնոջ իրաւունքներուն մասին ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս անոր ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքին եւ բարձր պաշտօններու` նախարարութեան կամ Ազգային Ժողովի անդամութեան թեկնածու դառնալու իրաւունքին մասին երկարատեւ վիճաբանութիւններէ եւ ըսիըսաւներէ ետք: 

Չորս տիկիններու միաժամանակ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուելնուն նախորդեցին ըսիըսաւներ, վիճաբանութիւններ, յարձակումներ, հակայարձակումներ, փոխադարձ քաշքշուքներ, թերթերու էջերէն մամլոյ արշաւանքներ, այս ամէնը նաեւ բազմաթիւ հաւաքներու եւ համաժողովներու ընդմէջէն, որոնք կը վերաբերէին քուէյթցի կնոջ իրաւունքներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս անոր ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքին ու բարձր պաշտօններու` նախարարութեան կամ Ազգային Ժողովի անդամութեան թեկնածու դառնալու իրաւունքին: 

Վէճերը շիկացած էին, տեղական թէ համաշխարհային մակարդակներով.մարդկային իրաւանց եւ կանանց իրաւունքներու միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ իրենց կարծիքը կը յայտնէին այս նիւթին շուրջ ընթացող վիճաբանութիւններուն եւ անոնց նիւթին շուրջ, մեծ թիւով հանրապետութիւններու նախագահներ եւ արտաքին գործոց նախարարներ կողմնակից էին կանանց ընտրութեան միտքին, երեւոյթ մը որ կը բախէր կարգ մը խմբաւուրումներու ընդդիմութեան, որոնք յայտնի էին իրենց, կանանց իրաւունքներու հանդէպ թշնամութեամբ, որոնց շարքին մէջ կային նաեւ Քուէյթի խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն կազմող անդամներ եւ որոնք կրնային ձախողցնել կնոջ ընտրելու իրաւունք շնորհող օրէնքի ընդունման որեւէ նախագիծ: 

Բարեբախտաբար, ի վերջոյ դժուարին պայքարէ ետք, հրապարակուեցաւ կնոջ քուէարկելու իրաւունքի մասին օրէնքը: Իրապէս ալ Կնոջ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի մասին օրէնքի հաստատումէն ետք, երկրորդ ընտրական շրջանին, միաժամանակ ընտրուեցան չորս տիկիններ, որ մեծապէս ցնծալի առիթ մըն էր տեղական եւ համաշխարհային առումով. օրինակ ես, որ ընդհանրապէս կողմնակից եմ կնոջ իրաւունքներուն, այս դէպքը համարեցի գաղափարներուս յաղթանակ եւ այս առիթով արտայայտեցի ուրախութիւնս ինչպէս նաեւ շնորհաւորեցի ընտրեալ տիկինները: