Արաբ քաղաքացին կը շշմի կարգ մը արաբական արբանեակային հեռատեսիլի կայաններուն մէջ տեսնելով եւ լսելով, այս օրերուն այնքան շատցած, զրոյցի սեղաններուն շուրջ նստողներուն եւ վիճաբանողներուն արտայայտած վերլուծումներն ու միտքերը:

Կը զարմանայ որովհետեւ ակնդիրը կը տեսնէ, թէ արաբ եւ անոնց բարեկամ համարուող մտաւորականները եւ վերլուծողները, մեծամասնութեամբ ինչ տարազ ալ հագած ըլլան` կրօնականներ, քաղաքական դէմքեր, զինուորականներ, հսկայ կարողութիւն ունին պատահող դէպքերը ճշգրտութեամբ կարդալու: Ունկնդիրներուն կարծիքով տուեալ վերլուծողը երբեմն, դուն ըսէ յաճախ, կը ձեւացնէ թէ ինքն է ամենախոր գիտակը տուեալ հարցին եւ թէ ինք առաջին բացայայտողն էր Իրաքեան պատերազմի թաքուն նպատակներուն, եւ դիմակազերծողը` թշնամի նախայարձակներն ու անոնց ծրագիրները յայտնաբերողը

Իրենք են այդպէս ըսողըԱստուած գիտէ 

Այս կայաններուն մեծ մասը եւ իրենց հիւրերը կը չափազանցեն եւ վախ կազդեն ըսելով, որ Իրաքը զոհն է Արեւմուտքի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, եւ թէ այն ինչ որ կը պատահի նախօրօք ծրագրուած է, եւ թէ Իրաքը սկզբնաւորութիւնն է կատարուելիքին, եւ թէ սենարիօն պիտի կրկնուի եւ կարգը այլ երկիրներու պիտի գայ. երբեմն ըսելով թէ թիրախը իսլամութիւնն է, երբեմն ալ պնդելով թէ իրաքեան նաւթն է նպատակադրուածը. թէ այս պատերազմը Ամերիկան կը մղէ Իսրայէլի փոխարէն, որուն թիկունք կը կանգնի Սպիտակ Տան տիրող համաշխարհային սիոնիզմը, թէ Ամերիկան թիրախ դարձուցած է արաբական ազգայնականութիւնը, թէ Ամերիկան կուզէ վերստին ոտք դնել շրջանին մէջ մարտավարական եւ լոճիսթիք` իր զինուժը ազատօրէն տեղաշարժելու պատճառներով. դեռ ուրիշներ ասոր մէջ կը նկատեն եուրոյի եւ տոլարի պատերազմը: 

Ես կըմբռնեմ կարգ մը զրուցողներուն տեսակէտը եւ անոնց անկեղծութիւնը իրենց կարծիքներուն եւ զգացումներուն մէջ եւ այն ինչը կը պաշտպանեն, եթէ սովորական մարդիկ են անոնք, ոմանց հետ ալ համաձայն կը գտնուիմ եւ կաջակցիմ անոնց, սակայն տարօրինակ կը գտնեմ եւ կը դատապարտեմ, եւ որ զիս կը բարկացնէ ու կը տխրեցնէ միեւնոյն ժամանակ այն, որ լսածս որոշման տէրերէն կու գայ, որոնք կրնային դէպքերու ընթացքին վրայ ազդել կատարուելէն առաջ, իրենց ունեցած ղեկավար դիրքին պատճառաւ պատերազմէն տակաւին քսան տարի առաջ, երբ կը լսեմ անոնց բերած արդարացուցիչ պատճառները Իրաքի մէջ կատարուածին մասին, եւ ամբողջ շրջանին մէջ հաւանական կատարուելիքներուն մասին, եւ իրենց ունեցած բարձրաստիճան պաշտօններուն մասին, եւ որ իրենց վրայ աւելի շատ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ, մէջս ցանկութիւն մը կեռայ ամենաբարձըր ձայնովս գոռալ եւ այս բոլորը մեղադրել՝ Իրաքի ժողովուրդին փորձութեան պատճառ որպէս, ըսելով. —Քանի դուք այսքան վստահելի տեղեկութիւն ունէիք անցեալի մասին, եւ նոյնքան վստահելի կանխատեսումներ ապագայի մասին, ինչո՞ւ նաեւ չգիտցաք ձեր դիրքին թելադրութեամբ անհրաժեշտ առնուելիք քայլը, զոր պարտաւոր էիք կատարել ընդհանրապէս արաբ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի Իրաքի ժողովուրդը փորձութեան չենթարկելու համար: Ժամանակ չունեցա՞ք օգտուելու անցեալի դէպքերէն եւ կարեւոր դասեր քաղել անկէ եւ հասկնալ այն, որ իրատեսութիւնն ու հաւանականութիւնը շատ աւելի օգտակար են քան հնչիւն կարգախօսներն ու դիրքեր արձանագրելը: Դիւանագիտութիւնը չի՞ յենիր իր եւ պատերազմի ընդհանուր սկզբունքի` յարձակումի եւ նահանջի վրայ, կարելի չէ՞ր քանի մը թաքթիքական զիջումներով իրադարձութիւններու ընթացքը փոխել: Արդեօ՞ք կը կարծէք թէ արժանապատուութեան եւ հպարտութեան պաշտպանութիւնը մոլեռանդութեան ու յամառութեան մէ՞ջ է միայն, նոյնիսկ եթէ հակասէ՞ իրականութեան. պատմութեան մէջ չկա՞ն բազմաթիւ օրինակներ երբ առաջնորդը ժամանակաւորապէս զոհած էր արժանապատուութենէն մաս մը փրկելու համար մնացորդացը, երբ արժանապատուութիւնը սպառնալիքի տակ էր:

Հարցումս կուղղեմ իւրաքանչիւրին, իր դիրքին համեմատ պատասխանատուութեան չափով` խորհրդարանի անդամ, ընտըրեալ նախարար թէ գործադրող զինուորական, ինչո՞ւ կը յամառիս խնդիրը լուծել սոսկ քու հասկացողութեամբդ, ոտքի հանելով կարգ մը կողմնակիցներդ, գիտնալով հանդերձ, որ քու կողմնակիցներուդ մեծ մասին ձեռքերը ջուրին մէջն են, մինչ քու ձեռքերդ կրակի մէջ, եւ որոնց շահերը քու շահերէդ տարբեր են: 

Եթէ դէմ ես առաջարկուած լուծումին, ինչո՞ւ փոխարէնը այլ գործնական եւ իրատեսական լուծումներ չես առաջարկեր, որոնք կը համապատասխանեն նոր իրավիճակին, եւ որոնց շնորհիւ կարելի է նուազագոյն վնասներով դուրս գալ ստեղծուած կացութենէն: 

Ե՞րբ պիտի սորվինք խելամտնալ եւ խելացի խաղեր խաղալ, իրական հողի վրայ, մանաւանդ երբ փորձութիւնները կը սաստկանան: Կարելի՞ է կառչած մնալ մեր զգացումներուն մեր ամբողջ էութեամբ, մոռացութեան տալով խելքը: 

Ի՞նչ է իմաստը փոթորիկին դէմ դնելուն երբ ժամացոյցին սլաքները թեքուած են մեր առջեւ: 

Նոյնիսկ չորրորդ իշխանութիւնը ներկայացուած տեղեկատըւական բոլոր միջոցներով եւ ի մասնաւորի արբանեակային հեռատեսիլի կայաններու պատասխանատուներով, քաղաքական ծրագիրներու տնօրէններով եւ ղեկավարի յատկութեամբ հիւրերով, որոնք կողմնակից էին Իրաքի նախագահին, անոր աւելորդ յամառութիւն սրսկեցին կառչած մնալու առանց այն ալ արդէն քարացած իր դիրքերուն, փոխանակ քովքովի գալու եւ քննարկելու թէ ինչպէ՞ս համոզեն Սատտամը նախագահութենէն հրաժարիլ կամ մէկ կողմ քաշուիլ, ինչպէս որ առաջարկեց արաբներու իմաստուն այր Շէյխ Զայէտ Պըն Սուլթան Էլ Նահիանը, եւ փոխանակ քաջալերելու իրապաշտական այն տեսութիւնը, թէ պէտք է զոհել անհատը փրկելու ժողովուրդն ու պետութիւնը, փոխանակ դասեր քաղելու, Իրաքի մէջ պատահածներէն շատ աւելի պարզեւ փոքր պատճառներով մէկ կողմ քաշուած կամ իշխանութենէ հեռացուած այլ նախագահներէ, պաշտպանեցին հանրայայտ անձնաւորութիւնը որուն յատկանիշերը ծանօթ են եւ որ իր ժողովուրդին ազատատենչ զաւակները տասնեակ տարիներ ճնշած է բռնի ուժով, վերոյիշեալ պատրուակներով յամառեցան պաշտպանել բռնակալը, այս կամ այն կերպ պատճառ հանդիսանալով Իրաքի մէջ ներկայի զարգացումներուն: 

Իմ կարծիքով այս դժբախտութեան ամենամեծ յանցաւորը եւ որ չի կրնար լռեցնել իր խիղճին ձայնը, այն ղեկավար, պատասխանատու դիրքի տէր անձնաւորութիւնն է, որ հեռատեսիլի պաստառներէն այնչափ մեծ ոգեւորութեամբ կը խօսէր ցանկալով իր հաշուին արձանագրել ազգային ծանրակշիռ դիրքորոշումներ. այդ մեծարգոյ պատասխանատու անձնաւորութիւնը որ կը հերքէր թուականներն ու քաղաքական դէմքերու անունները, ինչպէս նաեւ սկզբնաղբիւրներն ու գիրքերը եւ որ յաջողեցաւ յայտագրէն ելլել ակնդիրին վրայ մեծագոյն տպաւորութիւն ձգելով, բան մը որ միակ նպատակն էր յիշեալ անձնաւորութեան, որուն հասնելու համար ցուցադրութեան դրաւ իր գիտելիքներու պաշարը: 

Պատմութիւնը պիտի դատապարտէ բոլոր անոնք, որոնք բազմեցան վերոյիշեալ հեղինակաւոր եւ ազդու սեղանին շուրջ եւ բարձրախօսով խօսեցան եւ իբր թէ լուծումներ գտան բոլոր հարցերուն, բացի իսկականէն:

«ԱԼ ՈՒԱԹԱՆ», 16-4-2003, Քուէյթ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 25-4-2003, Քուէյթ

2003 թուականին լոյս տեսած այս յօդուածս ունէր իր դրդապատճառները, զորս նշած եւ բացատրած եմ նոյնինքն յօդուածին մէջ: 

Յօդուածը գրած եմ, երբ Ամերիկայի եւ իր դաշնակից զօրքերը կը կուտակուէին առ ի պատրաստութիւն Իրաք ներխուժման, որուն կընկերակցէին դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութիւններ: Ժամ չէր անցներ առանց հեռատեսիլի արբանեակային կայաններու եւ զանազան լրատըւական միջոցներու ընդմէջէն, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն արձակուող յայտարարութիւններու, որոնց կը յաջորդէին հիւսիսէն եւ հարաւէն եկող գրգռիչ հակադարձութիւններ: Ամէն օր ականատես կըլլայինք հանդիպումներու, տեսակցութիւններու, կունկնդրէինք վիճաբանական ասուլիսներ, քաղաքական եւ ռազմական զանազան մեկնաբանութիւններ: 

Իրաքի դէմ մղուող ամերիկեան պատերազմին ընթացքին նկատեցի կարծիքներու տեսակէտներու եւ հայեացքներու հակասութիւն, փոխադարձ ամբաստանութիւններ, տեղեկատուական յարձակումներ՝ կատարուած կարգ մը հոսանքներու կողմէ իրենց հակառակորդ հոսանքներու դէմ եւ այս ամէնէն կը բացակայէին իրատեսութիւնն ու տրամաբանութիւնը, եւ սակայն շատ սակաւ էր թիւը Իրաքի իրապէս շահը փնտռողներուն: