Չեմ աճապարեր վճիռներ արձակել արաբական երկիրներու ապագային մասին, որոնց վրայ կը փչէ բարեփոխումներու քամին, կամ այն երկիրներուն մասին ուր կան ժողովրդային խլըրտումներ եւ յեղափոխութիւններ, չեմ ալ ուզեր հրապարակաւ յայտնելով կարծիքս կանխատեսումներ կատարել տեղի ունեցող դէպքերուն եւ անոնց ապագայի արդիւնքներուն մասին, ամբողջ արաբական աշխարհի տարածքին: 

Ես կանխատեսեցի պատահածը ոչ թէ երկինքէն ոգեշնչուած, այլ յարատեւօրէն սերտելով ապրած շրջապատս: Ըստ պարզ տրամաբանական տուեալներու հաստատումին, երբ կարելի չէ միլիոնաւոր արաբները հեռու եւ առանձնացած պահել համաշխարհային իրականութենէն, մինչ անոնք ունին վիթխարի եւ այլազան հարստութիւններ, կապրին մարտաւարական եզակի վայրեր, տարածուած լայնատարած արգասաբեր հարուստ հողերու վրայ, ուր երիտասարդները կը կազմեն համեմատական մեծ թիւ, եւ աւելի կարեւորը այն է որ արաբները ունին փառահեղ պատմութիւն, երկիրներ ուր կուտակուած է իրականութիւնը բարեփոխելու հաւաքական, անդիմադրելի, ճնշուած ցանկութիւն բոլոր դասակարգերու մօտ, որուն շարժիչ ուժը ծաղկելու եւ զարգանալու ձգտումն է, եւ քաղաքակրթութեան հետ համաչափ ընթանալը, նման աշխարհագրականօրէն եւ ընկերային առումով իրենց մօտիկ շատ մը երկիրներու:

Չեմ հանդիպած արաբական երկրի քաղաքացիի մը կամ ընկերոջ մը, որ չգանգատի, իր ապրած երկրի վիճակէն կամ ապրելակերպի վատթարացումէն, եւ չդժգոհի իր երկրին մէջ տիրող յետամնացութենէն ու դառնօրէն չքննադատէ զայն: Ինծի կը թուի թէ գոհ չըլլալը առաջին քայլն է դէպի զարգացում, եւ ահա իրավիճակին հանդէպ ծայր առած դժգոհութեան ալիքը բարձրացաւ բողոքի եւ բարեփոխութեան պահանջքներով, այն աստիճան որ մարդիկ արդէն չէին վախնար կազմակերպեալ ճնշումի բռնի միջոցներէն, որոնք հասան գաւազանի եւ իրական փամփուշտի օգտագործման, երեւոյթ մը որ յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ժողովուրդները, այլեւս անկարող են դիմանալ եւ մահը կը նախընտրեն քան ներկայ իրավիճակը: 

Եւ այսպէս, պատահեցաւ այն ինչ պատահեցաւ, թեկուզ ուշացումով, սակայն եկաւ որպէս արդիւնք անգութ իրականութեան մը, որուն արտայայտիչն էր զինուորական յեղաշրջումով իշխանութեան գլուխ անցած բռնակալ նախագահ մը, պատրուակելով որ իր նախորդն ալ տասնեակ տարիներ կպչած մնացած էր իշխանութեան, եւ երբ հասաւ գահին (աթոռին) իր նախորդէն աւելի շրջափուլեր կառչած մնաց անոր, ան իշխանութեան գլուխը մնաց յաջորդական քանի մը նախագահական ընտրութիւններ թեւակոխելով, որոնք կը թուէին յաւիտենական ըլլալ, չբաւականալով միայն իշխանութեամբ, անոր ազգականները տիրացան երկրին տնտեսական աղբիւրներուն, ան սկսաւ կողոպտել եւ դիզել ոսկի եւ թանկագին իրեր ու անոնցմով կուտակուած գանձը ամբարել երկրէն դուրս, արգելակելով եւ գործելէ դադրեցնելով իր ժողովուրդին նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարողութիւնները:

Եւ ինչպէս չպայթին յեղափոխութիւնները երբ այլ նախագահ մը երկրին հետ կը վարուի ինչպէս իր սեփական ագարակը, եւ իր շքախումբին հետ կը բաժնեկցի երկրին եւ անոր քաղաքացիներուն հարստութիւնը, մինչ միջազգային տեղեկագիրները երկրին ու անոր ժողովուրդին տնտեսութիւնը կը դնեն աղքատութեան, գործազրկութեան եւ գործ հայթաթման կարելիութեան բացակայութեան վիճակագրութեանց գլխաւերեւը: Կտոր մը հացի համար ամէնօրեայ կռիւները կը շարունակուին փուռերուն առջեւ, ասոր կողքին, բռնութեամբ կը ճնշուին ազատութիւնները, նախագահին կուսակցութիւնը կը մնայ առաջնորդ եւ իշխող, բացի իրմէ ոչ ոք բաժին կամ յոյս ունի, միեւնոյն ատեն կը ծրագրուի եւ ամէն ճիգ կը գործադրուի որպէսզի զաւակը ժառանգէ իշխանութիւնը նախագահին ողջ կամ մեռած մեկնելէն ետք:

Թերեւս աղաղակող օրինակ է տարօրինակ վարուելակերպ ունեցող արաբ նախագահը, որ ծիծաղի ու ծաղրանքի առարկայ դարձաւ իր զգեստով, կրծքանշաններով, յիմար վարմունքով եւ կատաղի պորթկուն արարքներով, այնքան որ ողբերգակատակերգակ սրբապատկեր մը դարձաւ զզուելիօրէն արմատախիլ ընելով ամբողջ ժողովուրդ մը, իր մշակոյթով, պատմութեամբ եւ ներկայով, նոյնիսկ իր բարեկեցութեամբ, հակառակ բաւարար ազգային հարստութիւն եւ հնարաւորութիւն ունենալուն: Չեմ կրնար, այս պետութեան վերագրուող որեւէ գրական, մշակութային կամ գիտական գործ մը յիշել, հեռատեսիլէն չեմ տեսած որեւէ տեղեկագիր որ վերաբերէր վարպետ ճարտարապետի մը այդ երկրէն կամ անոր քաղաքներէն, տեսած եմ միայն այնքա՜ն անհրաժեշտ նկարը երկրին ղեկավարին: 

Երբեք չէ փոխուած համոզումս, թէ այս անբնական վիճակը չի կրնար գոյատեւել, եւ թէ արաբ յաջորդ սերունդները ուշ կամ կանուխ պիտի կանգնին իրենց ազատութեան ճանապարհին, եւ պիտի տիրանան իրենց կողոպտուած իրաւունքներուն, վերատիրանան իրենց ոտնակոխուած արժանապատուութեան, հասնին իրենց երազներուն, միայն այսպիսով անոնք կրնան քայլ պահել յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճումի կառքին հետ, եւ արժանիօրէն մասնակից դառնալ մեր երկրագունդի կազմաւորումին, յատկապէս անոր համար որ այս սերունդը իր յեղափոխութիւնը խաղաղօրէն եւ քաղաքակիրթ կերպով կատարեց, որ եղաւ պերճախօս եւ նշանակալի դաս մը աշխարհին, ազատութեան ձգտող ժողովուրդներուն համար առաջնորդող ջահ մը: 

Զիս ուրախացնողը եղաւ այն, որ արաբական երկիրները երկար թմբիրէ մը ետք անգամ մը եւս կը զարթնուն, ազգերու մէջ գրաւելով իրենց արժանի տեղը: 

Չեմ մոռնար յեղափոխականներուն յիշեցնել, թէ ճանապարհը երկար է, շատ երկար, եւ պէտք ունի համբերութեան, զոհաբերութեան ու անխոնջ աշխատանքի, իմաստուն կերպով յաղթահարելու գաղափարական եւ դաւանական արգելքները, ինչպէս նաեւ այլ յետադիմական քանդիչ ժառանգութիւնները: Յեղափոխութեան դիմողները պէտք է պատրաստ ըլլան դիմագրաւելու իրականութիւնները, յաղթահարելու անկումներն ու մօտիկներու կողմէ լարուած դաւադրութիւնները, զինուին քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավարական յատկանիշներով, ձերբազատուին իրար, նաեւ այլոց հանդէպ ունեցած բոլոր տեսակի ատելութիւններէն եւ ոխակալութիւններէն….

Չեմ կարծեր, թէ չափազանց լաւատես եմ, տակաւին երազելը հիմնաւոր է եւ օրինաւոր:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 22-4-2011, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 23-4-2011, Քուէյթ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 27-4-2011, Պէյրութ

Այսօր երբ մեկնաբանութիւն մը կը գրեմ վերի յօդուածին համար, արդէն եօթ ամիսներ անցած են զայն գրածս օրէն, միջոց մը որ շատ կարճ է համեմատաբար, սակայն գործնականապէս շատ երկար էր, լի փոփոխութիւններով, որոնց նմանը դարերէ ի վեր չէր պատահած արաբ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: 

Յօդուածիս գրութեան ժամանակամիջոցին, նշեալ յեղափոխութիւնները տակաւին իրենց փափուկ, մեղմ սկզբնաւորութեան շրջանին մէջ էին, եւ ամենաշատը որ կրնային պատահիլ փողոցին մէջ ցոյցերն էին, նստացոյցեր եւ «ժողովուրդը տիրող կարգին փոփոխութիւնը կուզէ», «Հեռացի՛ր» եւ այլ պաստառները, սակայն ինչպէս գիտենք զարգացան յեղափոխական այս շարժումները եւ տիրող կարգեր իրապէս փոփոխութեան ենթարկուեցան:

Այս փոփոխութիւններէն մաս մը կատարուեցաւ նուազ բռնութեամբ, ինչպէս էր պարագան Թունուզին, ուր յեղափոխութիւնը աւարտեցաւ Նախագահ Զէյն Էլ Ապիտին Պէն Ալիի երկրէն փախուստով, այլ վայրեր բռնութիւնը քիչ մը աւելի էր` Ազատութեան հրապարակի վրայ, մինչեւ որ ձերբակալւեցաւ Եգիպտոսի Նախագահ Հուսնի Մուպարաքը. Ապա տեղի ունեցաւ կատաղի պատերազմը ընդդէմ Լիպիոյ, ուր տարածուեցան աւերն ու մահը, մինչեւ ձերբակալութիւնն ու սպանութիւնը խելագար բռնապետ Քազզաֆիի, որ անմիջապէս նետուեցաւ պատմութեան ամենաղտոտ աղբամանին մէջ, հոն բազմելու պիղծ եւ անբարոյ իշխանաւորներու գահին վրայ, որոնք չարիք եւ վնաս հասցուցեր են իրենց երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն: Իմ կարծիքովս Քազզաֆին աւելի վնասակար բռնակալ մըն էր քան Նացի Հիթլէրը, թէեւ հանրագումարի բերելով պարզ է, որ վերջնոյս երկիրներու դէմ պատերազմներու հետեւանքով պատճառած քանդումներն ու իր երկրին հասցուցած վնասները մեծ են, սակայն այլ դիտանկիւնէ դատելով` ան այս ամէնը կընէր իր ժողովուրդին բարգաւաճումին եւ անոր եզակի տեղ տրուելու համար, ի տարբերութիւն Քազզաֆիի որ վարած մարտը իր ընտանիքին եւ շքախումբին շահին համար էր, եւ որուն երկրին հարստութեան շատ փոքր մէկ մասէն օգուտ քաղեց ժողովուրդը: 

Յետադարձ հայեացքով մը կուզեմ արժեւորել անէացած երեք ղեկավարները եւ կը նկատեմ որ անոնց մէջ ամենայ պատուաւորը Զէյն Էլ Ապիտինն էր, որ իր ձեռքերը չպղծեց իր ժողովուրդին արիւնով, եւ առանց յաւելեալ վնասներ պատճառելու իր երկրին, հեռացաւ Թունուզէն իր հետ տանելով կողոպտած գումարները: 

Զէյն Էլ Ապիտինի այս ձեւով եւ այսպիսի պարագաներու մէջ փախուստի պատճառած վնասները չնչին են եւ փոխհատուցելի, համեմատաբար հետագայի մեր տեսածին հետ, այդ կը տարբերի Լիպիոյ մէջ կատարուած մարդկային եւ նիւթական աւերներէն, որոնք տասնեակ տարիներու կը կարօտին հոգիներու վէրքերը վիրակապելու, երկիրը վերակառուցելու եւ հասած ահռելի վնասները փոխհատուցելու` իր զաւակներուն ձեռքով, կամ ժողովուրդի օգնութեան հասած Ատլանտեան Ուխտին միջոցներով, որ իմ կարծիքով ամենատխուր մասն է խնդրին

Դեռ կը շարունակուին կրակի վրայ եռացող յեղափոխութիւնները, որոնց համար ցանկութիւնս է որ աւարտին ամենաքիչ վնասներով եւ ամենալաւ արդիւնքներով: