Այս օրերուն բոլոր մակարդակներու վրայ, շատ մը ամպիոններէ եւ այլեւայլ առիթներով բազմաթիւ ձայներ կը հնչեն եւ յօդուածներ կը գրուին, որոնց հեղինակները կը մերժեն «Այլոց կողմէ պարտադրուած փոփոխութիւններ» կոչուածները: Հոս կակնարկենք ԱՄՆի եւ այլ մեծ պետութիւններուն կողմէ պահանջուած բարեփոխումներուն կրթական ծրագիրներու մէջ, իշխող վարչաձեւերու մէջ, հասարակութիւններու քաղաքացիական իրաւունքներու մէջ, Երրորդ Աշխարհի մակարդակին, որոնց կարգին է իսլամական եւ ի մասնաւորի արաբական երկիրներու մէջ տիրող մարդկային իրաւունքներու վիճակը: 

Ասոնք բոլորը կը մերժեն դուրսէն եկող փոփոխութիւնները, կամ ինչպէս կըսեն պարտադրուածը ուրիշին կողմէ, նոյնիսկ առանց գիտնալու անոնց էութիւնը, ոմանց մօտ զգայնութիւն կը յառաջանայ ազգային արժանապատուութեան դիտանկիւնէ, ոմանք կը զգացուին կրօնական տեսանկիւնէ, ոմանք ալ պարզապէս կը մերժեն ընդհանրապէս փոփոխութեան գաղափարը, դուրսէն եկած ըլլալուն պատճառաւ:

Ես կըմբռնեմ մերժողներուն հայեցակէտը ու կը գնահատեմ զանոնք, հասկնալով անոնց պատճառները զգացական եւ տեսական դիտանկիւնէ, բայց թող ներեն որ չեմ համաձայնիր իրենց հետ գործնական, իրապաշտական դիտանկիւնէ, քանզի ես կը տեսնեմ որ մերժումը անօգուտ եւ անիմաստ, այլեւ վնասակար: Կը գտնեմ որ նպատակը կարդարացնէ միջոցը:

Օրինակ եթէ ուզես մերժել երկրի մը արժէքները կամ անոր բարոյականութիւնը, ուրեմն պէտք չէ զաւակներդ իրենց համալըսարանները ղրկես ուսում ստանալու համար, եւ հպարտանաս ծանօթներուդ մօտ, որ զաւակդ Լոնտոնի կամ Հիւսիսային Քարոլայնի շրջանաւարտ է, այլ պէտք է կառուցես քու ուսումնական հաստատութիւնդ, որ տուչութեամբ կը գերազանցէ արեւմտեան համալսարաննները ու մատչելի է բոլորին, եւ այսպիսով տունդ չարիք չի մտներ: Իսկ եթէ դուն աւելի մեծ չափով անկախութիւն կուզես, ուրեմն պէտք է ջրհան գործիքներ արտադրես, երկրի ընդերքի հորերէն ջուր հանելու եւ որոգելու ցանքերդ, հագեցնելու ծարսւը, քու երկրիդ բնակչութեան որ այնքան տոկոս աճ կարձանագրէ որ նոյնիսկ կառավարութիւնները չեն կրնար կարգաւորել զայն, երբ աղքատութիւնն ու տգիտութիւնը կը բազմանան օրէ օր, իսկ եթէ կուզես վայելել քու ուժիդ արժէքն ու բաւարարել անձնական հպարտութիւնդ եւ մեծամտութիւնդ, ուրեմն քեզի կը մնայ մերժել ներմուծումը որեւէ դեղօրայքի եւ բժշկական պիտոյքի, որոնք անհրաժեշտ են ժողովուրդիդ հիւանդութիւններուն բուժման եւ առողջապահութեան համար, աւելի ճիշդ պէտք է դադրիս որեւէ օգնութիւն պահանջելէ: 

Չեմ ուզեր աւելի տարածուիլ, կան հազարաւոր իրարանման օրինակներ, որոնք կը փաստեն այն, որ մենք շատ վաղուց կը սպառենք ուրիշին գիտելիքն ու արտադրանքները, ամենաբարդէն մինչեւ ամենապարզը, եւ մենք շա՜տ հեռու ենք մեր անհրաժեշտ հիմնական կարիքները հոգալու կարողութենէն, հապա ի՞նչ խօսք ըսել զարգացման եւ գերազանցութեան ազդակներուն մասին: Մենք, ի բացակայութիւն մեր ժողովուրդներուն նիւթական եւ բարոյական կեանքի բացարձակ մեծամասնութեան հայթայթումի բաւարար կարողականութեան եւ կարելիութիւններուն, եւ մեր ունեցածի ռազմական պաշտպանութեան պահանջքներու բացակայութեան, նաեւ գիտութիւններու ամբողջական բացակայութեան, նաեւ կորսնցուցած ենք առօրեայ ըմբոշխնումը յայտնի առածին.   «Ժամանակը նման է սուրի, եթէ զինք չկոտրես, քեզ կը կոտրէ»: Փոխարէնը մենք մեր աչքերը կը սեւեռենք յօժարութեամբ բոլորս միասին վերածուելու ադամանդի ամրութիւն ունեցող պողպատեայ զանգուածի, որուն վրայ կը կոտրին բոլոր սուրերը:

Մենք չենք կրնար չընդունիլ ազդարարութիւններուն մեծ մասը, որ կուգայ ուժեղէն տկարներուն, այնքան ատեն որ տակաւին կը մնանք ուժեղներուն ազդեցութեան տակ եւ չենք կրնար մերժել անոնց թելադրութիւնները, օգտուելով միայն անոնց տկար կէտերէն, իսկ եթէ բախիլ ուզենք անոնց հետ եւ վարուինք զարնել զարնուելու սկզբունքով, այդ ատեն մեզմէ կը պահանջուի զօրանալ եւ լքել մեր տկար կողմերը: Դիւրին է այս բառերը արտասանելն ու տողերուն յանձնելը, բայց գործնականօրէն կըրնա՞նք այդ աստիճան բարձրանալ զարգացման գծանշանին վրայ եւ վերի մասին մէջ մեր ուժով եւ մեր անկախ նախաձեռնութիւններով հանդիպիլ զօրեղներուն եւ մրցիլ անոնց հետ տեսանելի ապագային մէջ: 

Արդեօք ունի՞նք նախանցեալ օրինակ, երբ կրցած ենք տիրապետական շղթաները քանդել առանձինն ու միայն մեր սեփական կարողութեամբ: Եթէ օրինակներ կան, անոնք յարմա՞ր են ներկայ ժամանակներուն, կրնա՞նք անոնցմէ դասեր քաղել կազմելու աշխատանքային եղանակ եւ ուղեգիծ առաջ մղուելու, եւ որ արժանի դառնայ բոլորին հաւանութեան: Հարցում զոր կուղղեմ ուրիշին կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւնները բոլոր մերժողներուն: Եթէ պատասխանը «Այո՛» է, ապա ուրեմն եկէք, լսենք ձեր տեսութիւններն ու ապագայի ձեր համոզիչ, իրատեսական եւ մեր ժամանակի պահանջքներուն հետ քայլ պահող ծրագիրները: Օ՜ն, տեսնենք ձեզ որ կաշխատիք խօսքով եւ գործով, նուիրուածութեամբ ու հաւատարմութեամբ, իւրաքանչիւրը իր տեղը, ի սպաս ձեր հանրութեան: Օ՜ն, տեսնենք ձեզ թէ ինչպէս մէկը միւսի ետեւէն կը հրաժարիք ձեր առանձնաշնորհումներէն եւ անձնական շահերէն, յանուն ձեր երկիրներու օգուտին: Ահաւասիկ մենք կը սպասենք տեսնելու ձեզ ձեր գրասենեակներուն եւ լապօրաթուարներուն մէջ, թէ ինչպէս գիշեր ցերեկ կը յայտնաբերէք գիտական ամենայ կարեւոր նորութիւններ, կը գործադրէք մարդկային զարգացման ղեկավարումի ամենայ արդար տեսութիւնները ի բարօրօրութիւն ձեր քաղաքացիներուն, վեր բարձրացնելու զանոնք իրենց աղքատութենէն եւ խղճալի վիճակէն, տեղաւորելու զանոնք զարգացած եւ ազատագրուած ժողովուրդներու դասին, որոնք ատակ են արտասանելու բառ մը զոր կըսէք թէ կուզէք արտասանել դուք ձեր եւ իրենց համար, որ «Ո՜չ» բառն է:

Անգամ մը եւս կը խնդրեմ քեզմէ, եթէ պատասխանդ «Այո՛» է, ապա սկսիր այսօրուընէ աշխատիլ, վաղուայ մի՛ յետաձգեր գործդ, որովհետեւ հարցերուն հարցը վաղն է, որովհետեւ մենք չափազանց սիրահարած ենք վաղուան եւ հանգիստ կերպով անկէ կը սպասենք բոլորիս յետաձգուած արեւածագը: 

Սակայն եթէ պայմաններդ չեն թոյլ տար հիմա գործել, եւ հաւանաբար չեն ալ թոյլ տար, որովհետեւ դուն երէկուընէ չնախապատրաստուեցար այսօրուան, ոչ մէկ վնաս ուրեմն, եւ այս է խորհուրդը այս յօդուածին. —Հետեւիր ուրիշի խորհուրդին, օգտըւիր անկէ, եւ մի՛ մերժեր սոսկ մերժած ըլլալու համար, յետ մնալով քաղաքակրթութեան եւ զարգացման ընթացքէն, որուն վնասները շատ աւելի բազմաթիւ են քան օգուտները:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 14-3-2004, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 29-3-2004, Պէյրութ

Այս յօդուածը ինքզինք կը բացատրէ եւ մեկնաբանութեան կարիք չի զգար: Այն գրուած է քաղաքական այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ գերճնշում կար Երրորդ Աշխարհի երկիրներու կրթական ծրագիրներու մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու: Զիս տրտմեցնողը այն է, որ 2004 թուականին սոյն յօդուածը գրելէս մինչեւ այսօր ոչ մէկ պահանջուած փոփոխութիւն եւ զարգացում չէ արձանագրուած Երրորդ Աշխարհի ժողովուրդներու մօտ ընդհանրապէս, արաբական երկիրներուն մէջ մասնաւորապէս: Տնտեսական վիճակն ու մարդկային զարգացման պայմանները ցանկալի փոփոխութիւնները չեն կրած, աղքատ ժողովուրդները աւելի կաղքատանան, անօթութիւնն ու աղքատութիւնը կը զգետնեն զիրենք: Մեր մօտ՝ Արաբական աշխարհի մէջ նոյն վատթար վիճակն է որ կը տիրէ, արագ հայեացք մը նետելով

ՄԱԿի արաբական երկիրներու մարդկային զարգացման մասին գրուած տեղեկագրութիւններուն վրայ, անմիջապէս կը նկատենք վախազդու թիւերը մարդու եկամուտի, անգըրագիտութեան տոկոսի, մարդկային իրաւունքներու խախտումներու կողքին, ամէն տարի բարձրացող մահացածներու տոկոսի: Այս բարձրացող թիւերուն դիմաց կը տեսնենք որ մեր մօտ գիրքերու տպագրութեան քանակն ու ընթերցողներու թիւը նուազագոյնն են աշխարհի մէջ: 

Հակառակ այս բոլորին կայ նաեւ ուրախացուցիչ լուր մը՝ Գիտութեան եւ Արհեստագիտութեան «Ապտ Ալ Ալլահ» Սէուտական երկսեռ, կը շեշտեմ «երկսեռ» համալսարանի կառուցումը, երբ փոխարէնը կան հոսանքներ, որոնք կաշխատին տարածաշրջանին մէջ անջատել երկու սեռերու միասնաբար ուսուցումը նախակրթարանէն սկսեալ: 

Այստեղ կը ցցուի հարցում մը. —Ինչպէ՞ս յառաջդիմենք առանց քայլ պահելու զարգացումի եւ համաշխարհայնացումին հետ: