Հայկական գրատպութեան 500 ամեակին եւ Երեւանը Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք ճանցուելուն զոյգ առիթներով գրուած այս յօդուածը հայերէն տարբերակն է գրողի այն յօդուածին, որ 2012 թուականի ՆոյեմբերԴեկտեմբեր ամիսներուն յաջորդաբար լոյս տեսաւ արաբական մամուլի երեք տարածուն օրկաններու մէջ՝ «Ալ Քապաս» (Քուէյթ), «Ան Նահար» (Պէյրութ), «Հայաթ» (Լոնտոն): 

Պատահական չէ, այլ ճիշդ ու մտածուած քայլ մըն է, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլալ նախաձեռնողներուն, որ Հայաստանը 2012-ին միաժամանակ տօնէ երկու նշանակալի առիթներ եւ աշխարհին ներկայանայ որպէս գիրքը սիրող պետութիւն եւ ժողովուրդ եւ խօսքի արարման մեծ սիրահար: 

Կիւթենպերկի նոր ոճով հայերէն տպագիր գիրքի ստեղծումը տեղի ունեցաւ ասկէ 500 տարիներ առաջ, որուն յոբելեանն է, որ կը տօնենք այս տարի: Հայերու նոր՝ Կիւթենպերկեան եղանակով տպարաններ օգտագործելու գաղափարն ու գիրք տպելու գործին այնքան կանուխ փարիլը չի բացատրուիր այլ կերպ, եթէ ոչ՝ գիտութեան, մշակոյթի եւ կրօնագիտութեան հանդէպ անոնց ունեցած մեծ սիրով ու մարդկային բարձր սկզբունքները ժողովուրդին մէջ ընդհանրացնելու նախանձախնդրութեամբ: Տպագրութիւնը միջոց մըն է պահպանելու մեր նախահայրերուն աւանդած բարձր մշակոյթն ու մարդկային արժէքները, միջոց մըն է պահպանելու մեր գիրն ու գրականութիւնը, որոնք ծնունդ առին հայ գիրերու գիւտէն՝ 405 թուականէն անմիջապէս ետք, եւ զորս ժողովուրդը ձեռագիրներու միջոցով պահած, պահպանած, գուրգուրանքով տէր կանգնած է երկար տարիներ, հակառակ քաղաքական եւ ապահովական դժնդակ պայմաններուն, որոնք պարտադրուեցան յաջորդ դարերու ընթացքին: Ի միջի այլոց յիշենք որ հայ մշակոյթին մեծագոյն կորուստը տեղի ունեցեր է Բաղաբերդի մէջ, 1170 թուականին, երբ հրոսակ թշնամիներ այրեր են աւելի քան 10000 հայերէն ձեռագրեր ու վերածեր զանոնք մոխրակոյտի: 

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը 2012 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ընտրուած է Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք: Յօդուածիս յառաջաբանին մէջ յիշուած թանկագին երկրորդ առիթն է այս, զոր կուզեմ ոգեկոչել դարձեա՛լ հայկական տպագրութեան 500 ամեակին կողքին: 

Երեւանի մէջ կը գտնուի ձեռագիրներու փարթամ դպրանոց մը՝ Մատենադարանը, որ իր գերիշխով դիրքով, ճարտարապետական իւրատեսակ փարթամ կառոյցին մէջ կը պարփակէ անգընահատելի արժէք ներկայացնող հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ, մանրանկարներ, հնատիպ հրատարակութիւններ եւ վաւերաթուղթեր, որոնք ունին նիւթական եւ բարոյական մեծ արժէք: Հայերէնի կողքին այն կը պարփակէ նաեւ ասորերէն, յունարէն, լատիներէն, արաբերէն, եբրայերէն, պարսկերէն, եթովպերէն եւ հնդկերէն ձեռագրեր՝ պատմական, բժշկագիտական, փիլիսոփայական, գրական, գիտական, աստղագիտական, քիմիական, երաժշտական, իրաւաբանական, թուաբանական եւ այլ բովանդակութիւններով, որոնք մեզի հասած են հեռաւոր դարերէն: Այնտեղ կան նաեւ Իսլամական Գուրանի հազուագիւտ օրինակներ եւ այնպիսի ձեռագրեր՝ այն ժողովուրդներէն, որոնք կային անցեալին, բայց չկան այսօր: Որպէս վկայութիւն հայերու դարաւոր գրքասիրութեան՝ կրնանք յիշել հետեւեալ օրինակը. երբ արաբ նուաճողներ ասկէ 1400 տարի առաջ ի միջի այլոց նուաճեցին նաեւ Հայաստանը ու տեսան տեղւոյն գրադարանները զարմանքով բացագանչեցին. «Հիմա մենք մտանք գիրքերու երկիրը»:

Վերջապէս գիրքն ու տպագրութիւնը մեծ դեր խաղցան հայ ժողովուրդի զարթօնքին ու մշակոյթի յառաջխաղացքին մէջ: Գիրքը նպաստեց անոր մտաւոր մակարդակի բարելաւման եւ այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ աւելի եւս բարելաւուին անոր մշակութային ու մարդկային հմտութիւնները:

Տեղին է նշել, որ հայերէն առաջին տպագիր գիրքը լոյս տեսած է Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ, 1512 թուականին, տպագրութեան գիւտէն ընդամէնը վեց տասնամեակ ետք, բան մը, որ այդ օրերու չափանիշերով մրցանիշ կը համարուի: Ահաւասիկ ասկէ ետք է, որ հայկական տպագրութիւնը ընդհանրացաւ եւ հանրամատչելի դարձաւ փոխելով ժողովուրդի վերնախաւին ու նոյնիսկ ռամիկ մարդոց մտայնութիւնն ու մտածելակերպը եւ բարձրացուց գրականութեան տեղն ու արժէքը: 

1512 թուականին տպուած հայերէն առաջին գիրքէն մինչեւ 1920 թուական ինկած ժամանակաշրջանին, լոյս տեսած են 20000 անուն հայերէն գիրքեր, որոնցմէ շատերը համաշխարհային գրականութեան գոհարներ կը համարուին: Անոնցմէ շատերը տպուած են Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին, Հռոմի, Վիեննայի, Փարիզի, Նոր Ջուղայի, Ամսթերտամի, Ս. Փեթերսպուրկի, Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Շուշիի եւ վերջապէս Երեւանի մէջ: 

Հայերը դարերէ ի վեր մեծ վաստակ ունին նաեւ արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով գրելու եւ տպելու բնագաւառին մէջ. արաբական զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ՝ ինչպէս Երուսաղէմի, Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի ու Պաղտատի մէջ: Հալէպահայ Ռըզքալլահ Հասսունը (1825-1880) առաջինն էր, որ անձնական նախաձեռնութեամբ արաբերէն թերթ հրատարակեց՝ «Սիրաաթ Ալահուալ»՝ «Իրավիճակներու հայելի» անունով, որ կը տպուէր Պոլսոյ մէջ, 1855-ին: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին տպարանը, պատմական այդ հնամենի քաղաքին մէջ հիմնուած առաջին տպարանն է, որ ցարդ լոյս ընծայած է զանազան լեզուներով հազարաւոր գիրքեր ու թերթեր: 

2012-ի Երեւանեան հանդիսութիւններու ծիրին մէջ լուսարձակի տակ պիտի առնուին հայ գրականութեան դարաւոր պատմութիւնն ու անգերազանցելի արժէքը, դիմագրաւած խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները, քննարկումի նիւթ պիտի դառնան նաեւ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի հետ առնչուող զանազան հարցեր: 

Հայ գիրքը այսօր սփռուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի գրադարանին, Վենետիկի, Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Դաշնակցային Ռուսիոյ քաղաքներուն մէջ: Միայն վերջինիս մշակութային մայրաքաղաք Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կան 75 հազար հայերէն գիրքեր, որոնցմէ 93ը հայերէն հին ձեռագիրնե են եւ անոնցմէ շատերը զարդարուած են գեղեցիկ ու գունագեղ մանրանկարներով: 

Մայրաքաղաք Երեւանի՝ 2012-ին Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հանդիսանալու եւ հայկական գրատպութեան 500 ամեակին առիթով աշխարհի տարածքին տեղի ունեցող այս հանդիսութիւնները ո՛չ միայն պատուաբեր ու հպարտութիւն առթող երեւոյթներ են հայոց համար, այլ հազուագիւտ առիթներ են մեր նորահաս սերունդներուն յիշեցնելու այն սուրբ աշխատանքը, զոր կատարած են հանճարեղ ու պանծալի մեր նախահայրերը գիրերու գիւտի առաջին օրերէն, Կիւթենպերկեան տպագրութենէն մինչեւ մեր համացանցային օրերը:

«ԱԶԴԱԿ», 19-10-2012, ՊԷՅՐՈՒԹ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ» 4 -02- 2013, ՊԷՅՐՈՒԹ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 31-10-2012, ՔՈՒԷՅԹ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 08-12-2013, ԼՈՆՏՈՆ