2011թուականը բացարձակապէս ոսկէ տարի է, սիրտն ու հոգին կը ցնծան միաժամանակ քանի մը առիթներով, առաջինը Քուէյթի պետութեան անկախութեան յիսնամեակն է (1961), երկրորդը` Ազատագրութեան (Իրաքէն) քսանամեակը, երրորդը՝ հինգերորդ (2006) տարեդարձն է Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ճապէր Ալ Սապահի երկրի Էմիրութիւնը ստանձնելուն՝ տարիներ, որոնք անցան հեզասահ եւ բերքառատ: Նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին որ այս ամէնը նշուին մեծ տօնակատարութիւններով, որոնց ներկայ պիտի գտնուին աշխարհի ղեկավարներներէն շատեր: 

Քուէյթի Աշտարակները

Որքա՜ն հոգեհարազատ դէպքեր են ինծի համար ասոնք, որոնք մէջս կազմաւորեցին մարդկային գիտակցութիւն եւ քաղաքակրթութեան իմացութիւն, իմ՝ այստեղ հաստատուած հայուն, մէջ սերմանելով իմ անձնական արժանիքներուս մեծամասնութիւնը. փոխադարձաբար, ես ալ տուի իմ արհեստավարժական, մասնագիտական եւ ընկերային ամբողջ փորձառութիւնս, հաւատարմօրէն եւ առանց վերապահութեան: Այս ամէնը ինծի տուին հաստատուն հող՝ ոտքս տեղաւորելու, կազմաւորելու ինքզինքս եւ գտնելու յաջողութիւնս, այն օրուընէ սկսեալ երբ իմ իղձերուս եւ երազանքներուս հետ եկայ Քուէյթ, ուր ապրեցայ տեղական եւ միջազգային բազմաթիւ դէպքեր, փոքր ընտանիքիս հետ, նաեւ հոս գտած բարեկամներուս եւ հարազատներուս հետ, այս արգասաբեր եւ նուիրաբերող երկրին մէջ: 

Որպէս բարեկամ ես նկատեցի, թէ որքան մեծցաւ եւ զարգացաւ Քուէյթը, մանաւանդ վերջին երկու տասնամեակներուն, յաղթահարելով արգելքներն ու փորձութիւնները, որոնց մէջ նաեւ իրաքեան դաժան գրաւման շրջանը, որմէ քուէյթցիները կարողացան ազատագրուիլ եւ դարձեալ յառաջդիմել շնորհիւ իրենց միութեան, հաւատարմութեան, իրենց երկրին կապուածութեան եւ մանաւանդ դիւանագիտական ազդեցիկ գործունէութեան Շէյխ Ճապէր Ալ Ահմէտ Ալ Ճապէր Ալ Սապահի, որ արտաքին գործոց նախարարն էր երկրին եւ վարչապետը, որ յետագային՝ 29 Յունուար 2006 թուականին, դարձաւ Քուէյթի Էմիրը, ու իր գիտակից եւ իմաստուն ղեկավարութեամբ ամրապնդեց երկրին դիրքը, իր նրբին շրջապատին մէջ, եւ համաշխարհային վտանգալից փոփոխութիւններու ընթացքին, որոնցմէ վերջինը համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամն էր, զոր Քուէյթ յաղթահարեց ապահով կերպով: 

Մեծ է իմ եւ իմ ընտանիքիս ուրախութիւնը, երբ կը կիսենք մեր քուէյթցի ընկերներուն պատմական ցնծութիւնը, ներկայ գտնուելով Քուէյթի Ազգային այս տօներուն, որոնք տեղի կ’ունենան միջազգային բացառիկ մեծ եւ հեղինակաւոր ներկայութեամբ, Քուէյթի համար մեծ նշանակութիւն ունեցող պատմական մէկ պահի, երբ այս երկիրը կրցած է իրեն համար նուաճել շրջանային եւ միջազգային յատուկ, նկատելի դիրք եւ բոլոր ասպարէզներու մէջ այսօր կ’արձանագրէ փայլուն եւ նախանձելի ներկայութիւն, մանաւանդ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական բնագաւառներու մէջ, գիտնալով որ Քուէյթը նաեւ գործնական եւ դրական դերակատարութիւն ունի միջազգային դէպքերու կապակցութեամբ:

Իմ ուրախութիւնս կ’աւելնայ որովհետեւ այս տարին կը զուգադիպի Հայաստանի 1991 թուականի Սեպտեմբերին ձեռք բերած անկախութեան քսան ամեակին: Իր կարգ մը յատկութիւններով իմ պապերուս երկիր Հայաստանը կրնայ քոյր երկիր դառնալ Քուէյթին. Հայաստանը փոքր բայց նաեւ եզակի երկիր է, որ կը յատկանշուի իր ազնուական եւ պատմական ծագում ունեցող ժողովուրդով, որ կառչած կը մնայ բարոյական արժէքներուն եւ իր արմատներուն, հպարտանալով իր պատմութեամբ. Թերեւս այս է պատճառը, որ հայերը յատուկ սէր եւ գուրգուրանք կը տածեն Քուէյթի ազնիւ ժողովուրդին հանդէպ, մեծապէս գնահատելով զայն:

Քուէյթցիները յոյսով եւ լաւատեսութեամբ կը նային դէպի պայծառ եւ ծաղկուն ապագայ, ուր պիտի վայելեն կեանքի հանգըստաւէտ, արժանապատիւ պայմաններ, ժողովրդական հաստատուն եւ կայուն մթնոլորտի մէջ, ազատ խօսքի եւ արտայայտութեան իրաւունքով, եւ այս ամէնը ապահով սահմաններու մէջ, որուն ոչ մէկ վտանգ եւ ոչ մէկ փորձութիւն կը սպառնայ: Ահա թէ ինչու Քուէյթը պիտի շարունակէ մասնակցութիւն բերել իր միջավայրին քաղաքակրթապէս, մշակութապէս եւ քաղաքականապէս: 

Քուէյթի հայկական գաղութը, իր բոլոր խաւերով, նոյնպէս կ’ակնկալէ ծաղկուն ապագայ Քուէյթի պետութեան մէջ, ուր իր դրական պատուաբեր մասնակցութիւնը կը բերէ, վայելելով արժանապատիւ կեանք, ունենալով հաւատքի եւ գաղափարի ազատութիւն, զորս իրեն կ’ապահովէ Քուէյթը, շնորհելով դիւրութիւններ Հայկական Եկեղեցւոյն եւ դպրոցին, որոնք յաջողութեամբ կը գործեն յիսուն տարիէ ի վեր, այսինքն Քուէյթի անկախութեան օրէն ի վեր: Այո՛, այսպէս կը կերտուի ժողովուրդներու պատմութիւնը, անզիջում, յամառ կամքով, յարատեւութեամբ եւ մարտահրաւէրով: Օրերու եւ տարիներու ընթացքին ազգային յիշատակելի առիթները կը վերածուին խորհրդանշական թուականներու, որոնք իրենց խորքին մէջ կը պարունակեն քաջութեան եւ յաջողութեան յատկանիշերը, ուր կ’արձանագրուին ազգերու զոհողութիւններն ու նուաճումները, եւ ժամանակի ընթացքին կը վերածուին ժողովուրդներու եւ գալիք սերունդներու համար լուսատու ջահի, առաջնորդուելու անով, անկէ ներառելով եւ սնանելով իրենց էութիւնը, ընթանալու յաւերժական փառքի ուղիով:

Երանի բոլոր անոնց, որոնք կերտեցին այս փառքերը:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 21-2-2011, Քուէյթ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 23-2-2011, Քուէյթ

Չէի կրնար արտօնել, որ այս հարազատ առիթը անցնի առանց անոր ընդմէջէն արտայայտելու իմ սիրոյս չափը հանդէպ Քուէյթին եւ յարգանքս ու գնահատանքս անոր ժողովուրդին հանդէպ, որուն զաւակներուն հետ կ’ապրիմ քառասուն տարիէ ի վեր, այո՛, ամբողջ քառասուն տարիներ, այսինքն 1971 թուականի Հոկտեմբերէն ի վեր, երբ հեռանալով Հալէպէն Պասրայի ճամբով հասայ Քուէյթ: 

Քուէյթ քաղաք մտայ հրաւիրաթուղթովը Յակոբ եղբօրս, որ ինձմէ քանի մը տարի առաջ հաստատուած էր հոս: Կը յիշեմ այն օրերը երբ ցամաքի ճամբով հասայ Քուէյթ, եւ սկսայ աշխատանքի փնտռտուքի, որ շատ երկար չտեւեց. ես առաջին գործիս գլուխ անցայ Շուէյխի մէջ, ուր աշխատեցայ մէկ տարի, ապա փոխադրուեցայ սահմանային Ուիֆրա, ուր զբաղեցայ նոյն նախկին գործովս, սակայն աւելի բարձր աշխատավարձով, ապա ետ վերադարձայ Շուէյխ, ուր Ուիֆրայի տնօրէնիս՝ Պրն. Ներսէսին հետ ընկերովի հիմնեցի իմ սեփական գործատեղիս: Փառք Աստուծոյ ժամանակի ընթացքին գործս բարգաւաճեցաւ, եւ դարձաւ սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն մը: Այդ ատենէն ի վեր իմ, Քուէյթցի ազնիւ պարկեշտ ընկերոջս հետ կառուցած մեր ընկերութիւնը տասնեակ անգամով մեծցաւ եւ մենք տէր դարձանք գործարաններու, պահեստներու եւ բազմաթիւ մասնաճիւղերու, Քուէյթի զանազան վայրերու մէջ: Այսօր մեր ընկերութեան մասնաճիւղերուն մէջ կ’աշխատին հարիւրաւոր ճարտարագէտներ եւ այլ պաշտօնեաներ: Ես ամբողջ այս ընթացքին չեմ դիմագրաւած դժուար, անյաղթահարելի որեւէ դժուարութիւն, ընդհակառակը ունեցած եմ խաղաղ կեանք, ուր ծագող հարցերը գործի առօրեայ խնդիրներ են, որոնք անվերջանալի են:

Մնացեալը բարեյաջող կեանք մըն էր. ամուսնացայ, չորս զաւակներու հայր դարձայ, որոնք բոլորն ալ տիրացան համալսարանական կրթութեան, եւ զորս հասցուցի ապահով ափ, ունենալու իրենց ապահով ապագան:

Քուէյթը իմ եւ ընտանիքիս համար մեծ բարիք մը եղած է, ինչպէս որ աւելի մեծ բարիք եղած է տեղի հայկական գաղութին համար, որ ունի իր սեփական դպրոցը, ուր մեր զաւակները կը սորվին մայրենի լեզու, գրականութիւն. հայերը Քուէյթի մէջ ունին իրենց եկեղեցին, ուր ամէն շաբաթ եւ ամէն առիթով կը կատարեն իրենց կրօնական ծէսերը, կ’աղօթեն առ Աստուած: Այս առանձնայատկութիւնը Քուէյթի մէջ հայերը ունեցան Ծոցի միւս երկիրներու գաղութներէն առաջ: 

Կը վերադառնամ այս յօդուածը գրելուս դրդապատճառներուն, ըսելու համար, որ այն ամենայ պարզ արտայայտութիւնն է սրտիս մէջ ունեցածս սիրոյն հանդէպ Քուէյթը: 

Առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորեմ պապերուս երկիր Հայաստանի անկախութեան քսան ամեակը, ինչպէս նաեւ Քուէյթի հայկական վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակը: