Բնական է, որ որեւէ դատական հարցի հետապնդումն ու պաշտպանութիւնը ժամանակի ընթացքին ստանայ տարատեսակ դրսեւորումներ, ըստ առաջնահերթութիւններու եւ ժամանակի թելադրանքի, երբ յիշեալ հարցի արծարծման ու քննարկման ժամանակ դուրս գանք ընդհանրութիւններէն ու անցնինք մանրամասնութիւններու: Ահա թէ ինչպէս պէտք է մտածել եւ ելոյթ ունենալ երբ հարցը կը վերաբերի հայերու ցեղասպանութեան եւ թուրքերէն սպասուած պահանջներուն մասին: 

Էականն ու առաջնահերթը այս պարագային այն է, որ փաստենք Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն, յատկապէս 1915-1917 թուականներուն, օսմանեան Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար Իթթիհատ Վէ Թերաքքի կուսակցութեան իշխանութեան շրջանին, հայ ժողովուրդին ենթարկուած ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որուն զոհ գացին աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր: Բարեբախտաբար, Աստուծոյ օգնութեամբ, հայերուն վիճակուեցաւ անհերքելիօրէն փաստել այս իրողութիւնը, զոր այսօր աշխարհի 26 երկիրներ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 43 նաhանգային խորհրդարաններ, եւ բազմաթիւ այլ խորհրդարաններ, նոյնիսկ թուրք ակադեմականներ կընդունին զայն որպէս կատարուած իրողութիւն: 

Հայերն ու իրենց արդար դատին կողմնակիցները ցարդ բաւարարուած են ներկայացուած փաստագրութիւններով եւ խոստովանութիւններով, որպէս անժխտելի տուեալներ կատարուած իրողութեանց: Այժմ ժամանակն է անոնց կրած նիւթական ուղղակի եւ բարոյական անուղղակի կորուստներուն պահանջքը ներկայացնելու: Պէտք է անվարան ընդունիլ, որ վերջինը գուցէ հաւասարի եւ նոյնիսկ գերազանցէ մարդկային նիւթական եւ բարոյական այն կորուստները, որոնց ենթարկուեցան հայերը, ինչպէս վերը յիշեցինք:

Անուղղակի վնասներէն առաջինը, որ պէտք է նախ փոխհատուցուի, այն է, որ թուրք պետութիւնը պէտք է ներողութիւն հայցէ հայ ժողովուրդէն եւ վերականգնէ հայ մարդուն արժանապատւութիւնը, որ խլուեցաւ անկէ, աւելի քան վեց դարերու ընթացքին. այսինքն այն շրջանէն, երբ թուրքերը իշխեցին Հայաստանի վրայ եւ ստրկացուցին անոր բնակիչները՝ այրերով ու կիներով, ի նպաստ փաշաներու, պէկերու ու չաւուշներու հրահանգներուն ու քմահաճոյքին. ոտնակոխեցին մարդու արժանապատուութիւնն ու մարդկայնութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս վարուեցան այն բոլոր ժողովուրդներուն հետ, զորս բռնի ենթարկեցին իրենց, կարճ կամ երկար ժամանակահատուածներով: Այս փաստը անհերքելի եւ յայտնի իրողութիւն է շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն: Թուրքերը այնպէս վարուեցան մարդուն հետ, որ ան դառնայ ստրուկ ու վախկոտ:

Հոգեբանական այս բարդոյթը երկար ժամանակի կը կարօտի, մինչեւ որ մարդ կարենայ վերականգնել իր ինքնութիւնը, վանէ իր մէջ արմատացած երկիւղի զգացումը եւ դառնայ անկախ ու անկաշկանդ իր դիրքորոշումներուն մէջ: Ահա այս երեւոյթն է որ ցարդ կը նշմարուի շատերուն մօտ, երբ անոնք չեն յաջողիր քաջ եւ զօրաւոր կեցուածքներ որդեգրել իրենց անձնական եւ ընդհանրական շահերուն նկատմամբ: Ասիկա չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ է, ինչպէս որ կը հաստատէ արաբական գրականութեան տիտաններէն՝ Թահա Հիւսէյն իր հետեւեալ խօսքերով. «Ստրուկ ու անարգուած մարդը ստրկութիւն եւ անարգանք միայն կրնայ արտադրել: Այն մարդը որ սնած ու մեծցած է միայն այլոց ենթարկըւելով եւ ստրուկի կեանք վարելով, չի կրնար ազատութիւն ու անկախութիւն արտադրել»: Իսկապէս, հայուն ենթագիտակցութեան մէջ անցեալին կուտակուած յիշեալ բարդոյթները ազդած են ու տակաւին պիտի ազդեն ապագայի կերտման հաշւոյն առնելիք որոշումներուն եւ իր ճակատագրի տնօրինման համար դիմելիք քայլերուն ընթացքին, եթէ մինչ այդ չվերադարձուին անոր մարդկային արժանապատուութիւնն ու ինքնասիրութիւնը:

Երկրորդ պահանջը, որ դարձեալ կը վերաբերի 1915-ի ջարդերու հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած անուղղակի վնասներուն, մարդկային քաղաքակրթութեան եւ թուային աճի կորուստն է, որ ժխտականօրէն ազդած է անոր յառաջխաղացքին վրայ, որպէս կայացած ժողովուրդ, որ բնականօրէն պէտք էր շարունակեր իր երթը աշխարհի այլ ազատ ժողովուրդներուն նման: 

Քաղաքակրթական յետամնացութիւն ըսելով կակնարկենք այն ահաւոր մթնոլորտը, որուն մէջ կապրէր հայ մարդը, կապրէր երկիւղելով, որ միշտ վտանգ կը սպառնայ իրեն կամ իր ընտանիքի անդամներէն մէկուն, կամ կը կորսնցնէ իր ունեցուածքը՝ ակամայ զիջելով զայն իր թուրք կամ քիւրտ դրացիին: Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայը չկարենայ ինքզինք բարելաւել քաղաքակըրթական ոլորտներուն մէջ, վայելել կեանքի բնական յառաջխաղացն ու զարգացած ժողովուրդներուն նման ապահովել իր բարեկեցիկ առօրեան ու բարձր կենսամակարդակը: Երեւոյթներ, որոնք փափաքելի են եւ այսօրուայ հասկացողութեամբ ժողովուրդներու յառաջխաղացքի գլխաւոր հիմքերէն կը նկատուին: Քաղաքակրթուածութիւնը, որուն կակնարկենք դարձեալ, կընդգըրկէր նաեւ այլ բնագաւառներ՝ գիտութիւնը, գրականութիւնն ու արուեստը իր բոլոր ոլորտներով՝ երաժշտութիւն, գեղեցիկ արուեստներ, թատրոն եւայլն: 

Ինչ կը վերաբերի գրականութեան, պէտք է ըսել որ հայ ժողովուրդը 600 տարուան ստրկութեան շրջանին, ժլատ եղաւ իր արտադրութեան մէջ: Այս շրջանի ստեղծագործութիւնները ընդհանրապէս հոգեւոր ու կրօնական ստեղծագործութիւններ են. Կան նաեւ սակաւաթիւ հայրենասիրական գործեր, որոնք ծնունդ առած են թրքական տիրապետութեան վերջին յիսուն տարիներուն միայն, այսինքն` 19-րդ դարու վերջերուն. մինչ գրականութեան միւս ոլորտներու պարագային, հայ ժողովուրդը չկարողացաւ ստեղծել այնպիսի բարձրորակ գործեր, որոնց նմանը ստեղծագործած էր նախապէս: 

Նոյնը պէտք է ըսել գիտութեան միւս բնագաւառներուն մասին, երբ հայ ժողովուրդը նուազագոյն չափով կարողութիւն ունեցաւ ինքզինք նուիրելու, ճարտարապետութեան, երկրաչափական, բժշկական, բնական գիտութիւններու եւ աստղագիտական ուսումնասիրութիւններու: Հակառակ անոր որ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ իսկապէս բարձրարժէք եւ եզակի էին, բայց արդիւնք՝ անձնական ճիգերու եւ ոչ արգասիք՝ ակադեմական հաւաքական աշխատանքներու: 

Ինչ կը վերաբերի մարդուժին, արդէն իսկ փոքր թուաքանակ ունեցող հայ ժողովուրդի մարդկային կորուստները ահաւոր էին: Եթէ ցեղասպանութիւն տեղի չունենար եւ հայ ժողովուրդի թիւը այն օրերուն մէկուկէս միլիոնով չնուազէր, այսինքն 30 առ հարիւր համեմատութեամբ չպակսէր, այսօր հայ ժողովուրդի թիւը կրնար գերազանցել 30 միլիոնը, փոխան 10 միլիոնի, որ սփռուած է աշխարհով մէկ, հեռու իր պապենական լայնատարած հողերէն, որ մեծ մասամբ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Թուրքիոյ կողմէ: Յիշեալները հսկայական վնասներ են, զորս պէտք է առաջնահերթ նկատել: 

Իսկ այն բնական նուաճումները, զորս ունեցան Կովկասի կամ աշխարհագրական նոյն տարածքին մէջ գտնուող Հայաստանի ժամանակակից ու դրացի երկիրները, եւ որոնք կընդգրկեն շինարարութեան մարզի ընդլայնումը, արհեստագործական զանազան ոլորտներու նուաճումները, զարգացած սերունդներ եւ ընկերութիւններ յառաջացնելն ու աշխարհի զանազան երկիրներու հետ քաղաքական, դիւանագիտական, ընկերային կապեր հաստատելը, համաշխարհային գրականութեան մէջ խորանալը, ինչպէս նաեւ գիտութիւններու, թարգմանութիւններու եւ համաշխարհային մշակոյթի կալուածներէն ներս նուաճումներ արձանագրելը, ապա այս բոլորը ժողովուրդներու զարգացման բնականոն երեւոյթներ են, որոնցմէ ստեղծագործ ու աշխատասէր հայ ժողովուրդը նուազագոյնը կրցաւ դրսեւորել իր հայրենի հողին կամ Սփիւռքի տարածքին: Տակաւին նկատի չունինք այն տնտեսական զարգացումը, որ ամբողջութեամբ փլուզուեցաւ երկիրը բռնագրաւուած ըլլալուն հետեւանքով, երբ տակաւին տնտեսական այս անկայունութիւնը կը շարունակուի ցայսօր:

Բոլոր այս վնասները, որոնց ենթարկուեցաւ աշխատասէր ու ստեղծագործող հայ ժողովուրդը, հետեւանք են թուրքերու կողմէ վեց դարերու երկիրի բռնագրաւումին եւ անոր արիւնալի աւարտին՝ մէկուկէս հայերու բնաջնջումով: Այս դառն իրողութիւնը անկասկած իր արձագանգը պիտի գտնէր քսանմէկերորդ դարու աշխարհի քաղաքակրթուած ժողովուրդներուն եւ պետութիւններու մօտ, որ թեւթիկունք կանգնէին մեր արդար դատին ու պահանջներուն, օգնէին մեզի տէր դառնալու մեր իրաւունքներուն, վերատիրանալու նախ՝ մեր անմեղ նահատակներու արեան գնով բռնագրաւուած հայրենի թանկագին հողերուն, ապա՝ հատուցում պահանջելու այն անուղղակի վնասներուն համար, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը: Հատուցումը պէտք է ընդգրկէ ոճիրի խոստովանութիւն, ներողութեան հայցում եւ հայ մարդու արժանապատուութեան վերահաստատում: Իսկ այս բոլորը պէտք է ընել այն ազնիւ ու մարդկային մղումէն թելադրուած, որ ոճրագործը ո՛ւր ալ գտնուի անպատիժ պիտի չմնայ ու անիրաււածը պիտի վերստանայ իր իրաւունքները՝ ի պաշտպանութիւն արդարութեան զոհ գացած ժողովուրդներուն. Նոյնիսկ եթէ այդ մէկը իրականանայ աւելի ուշ:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 22-04- 2013, Պէյրութ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 23-04-2013, Լոնտոն

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 23-04-2013, Քուէյթ