«Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ, զինեալ ընդդիմութեան Ատրայի գրաւումէն ետք, սուրիական բանակը կը ռմբակոծէ այս քաղաքը. կան սպանեալներ, վիրաւորներ…» 

Տեսարան մը քանդուած Հալէպէն:

Այս լուրը հազարաւոր նմանատիպ լուրերէն նմոյշ մըն է, զորս կը կարդանք երեք տարիներէ ի վեր, արբանեակային կայաններուն ներքեւի լուրերու ժապաւէնին վրայ եւ մեր սիրտէն արիւն կը հոսի, երբ չենք ալ գիտեր թէ ճշգրիտ ինչ է լուրին ըսելիքը, կամ ի՞նչ է նպատակը, բացատրութիւնը, ո՞վ է ենթական, ո՞վ սեռի խնդիրը, ո՞վ է յարձակողը, ո՞վ է յարձակումի ենթարկուողը հարցեր, որոնց պատասխանը կը սպասէ ակնդիրը լուրեր սփռողէն եւ արբանեակային կայաններէն: 

Ես կը զարմանամ Սուրիոյ ժողովուրդին, իրենց հայրենիքին մէջ կատարուածին հանդէպ ցուցադրած դիտումնաւոր անտարբերութեան վրայ. ամէն մէկ կողմ յենելով տրուած լուրին, կը մեղադրէ միւս կողմը. առաջին կողմը կը պնդէ թէ նախայարձակը քաղաքը ռմբակոծողն է, եւ թէ զօրքը իրաւունք չունի, ինչ ալ ըլլան պատճառները, ռմբակոծել իր երկրէն քաղաք մը ուր անզէն բնակիչներ կապրին.. միւս կողմը նոյն ոգեւորութեամբ կը պնդէ թէ մենք լուրը մինչեւ վերջ չենք կարդացած ուր կըսուիզինեալ ընդդիմութեան քաղաքին գրաւումէն ետք…»… Ի՞նչ կակնկալուի որ պետութիւնը ընէ զինեալ խմբաւորումին հետ, որ այսօր ա՛յս քաղաքը գրաւած է, որպէսզի շարժի եւ գալ ամիս ուրիշ քաղաք մը գրաւէ, ճանապարհները փակէ, օգնութիւնը կտրէ, «Ազատագրեալ» շրջան յայտարարէ եւ ծայրայեղական էմիրութիւն մը հաստատէ եւ կոչէհնչեղ իմաստալից անունով, շահելու ժողովուրդին համակրութիւնը 

Երեք տարիներէ ի վեր այս իրավիճակին մէջ ենք, եւ կողմերը չեն մտահոգուիր կացութեան դէպի քանդում ու աւեր գահավէժ ընթացքով. գետնի վրայ ալ որեւէ յառաջխաղացում չարձանագրուիր, բացի անկէ որ կողմերէն մէկը միւսը կը մեղադրէ ըսելով, որ այսինչ վաշտերն ու այնինչ գումարտակները բերած է իր կողքին կռուելու, միւս կողմն ալ կամբաստանէ առաջինը ըսելով, որ երկրագունդի վրայ վայրի եւ ատելավառ օտար արիւնարբու կռուող մը չէ ձգած եւ բերած է իր հետ նոյն խրամատին մէջ կռուելու համարեւ դեռ կան այնպիսիները, որոնք միացած են կողմերէն մէկուն իրենց կռուելու կենդանի ախորժակին հագուրդ տալու եւ դատարկելու իրենց մէջ եռացող եւ յորդացող գաղափարական համոզմունքները որպէս արկածախնդրութիւն, «ուղիղ, կենդանի հաղորդման» ընդմէջէնկան նաեւ այնպիսիները, որոնք եկած են դատարկելու իրենց «թայֆայական»՝ դաւանականան համայնքային ատելութիւնը իրական հողի վրայ՝ սուրիական միսի եւ տաք արիւնի վրայ, փոխանակ PLAY STATION խաղալու

Երբեւիցէ չէի ակնկալած կամ խորհած, որ այսքան թաքնուած խոր ատելութիւն գոյութիւն ունի Սուրիոյ համայնքներուն միջեւ, եւ երբեք չէի կրցած երեւակայել որ կռուող կողմերու ղեկավարները կրնան այսքան անհոգ եւ անտարբեր ըլլալ, կարծես այս սուրիացի երեխաներուն հայրերը չեն իրենք եւ ասիկա իրենց հայրենիքը չէ:

Ոչ մէկը ականջ կը դնէ, ոչ իսկ երկվայրկեան մը, խելքի ու խղճմտանքի ձայնին, իւրաքանչիւրը կը վարուի այնպէս, կարծես աւարտը վճռուած է ի նպաստ իրեն: Անկասկած անոնք ականջ կը դնեն իրենց թիկունք եղող եւ սատար կանգնող ուժին կամ կը տարուին իրենց սնապարծութեամբ. որեւէ մէկը պահ մը իսկ չի խորհիր իր քաղաքականութիւնը կամ մարտավարութիւնը փոխելու մասին, կամ ոչ ալ կը թեքուի դէպի խաղաղ, քաղաքական լուծում, կամ առանք մը կը թողու հաշտութեան, գոնէ նուազեցնելու արիւնահոսութիւնը կամ դադրեցնելու աւերը քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ եւ հանգստեան պահ մը շնորհելու այս խեղճ ժողովուրդին, որուն զոհերուն, գաղթականներուն քանակը եւ անոր մարմնէն հոսած արեան ու բաժին ինկած չքաւորութեան չափերը հասած են աստղաբաշխական թիւերու, եւ որուն կրած տառապանքը բաժին չէ ինկած ոեւէ ժողովուրդի, նոյնիսկ անցեալի մթին դարերու մոնկոլթաթարական արշաւանքներու շրջանին: 

Իւրաքանչիւրը կը յայտարարէ թէ ունի իր ընդհանուր եւ մասնաւոր պայմանները, որոնցմէ մազաչափ իսկ զիջիլ չուզեր, իւրաքանչիւրը ինքզինքին եւ այլոց կը ներշնչէ այն համոզումը, թէ այս խստութեան մէջ է հայրենասիրութեան կայացումը, հանրութեան մօտ շրջանառութեան մէջ դնելով այն, թէ որեւէ մեղմացում դիրքորոշման մէջ համազօր է դաւաճանութեան, գիտնալով որ որոշումներ ընդունիլը արդէն իր ձեռքը չէ, թէ ինք ենթակայ է ուրիշին իր թուլութեան եւ տկարութեան պատճառաւ, որպէս հետեւանք իր եղբօր երեսին զէնք բարձրացնելուն, եւ կռուելուն անոր դէմ մինչեւ ուժասպառ ըլլալն ու հիւծիլը: Ոչ մէկը կը գիտակցի, թէ սկիզբէն իսկ ընտրած իր ճամբան չէ՛ տուած ցանկալի պտուղները, եւ թէ պէտք է պահ մը դանդաղեցնել  ընթացքը եւ փոխել գործելակերպըեւ եթէ կողմերէն մէկուն նպաստաւոր է երկրին քանդումն ու աւերումը, ապա ինչո՞ւ տուժող կողմը չի փոխեր իր քաղաքականութիւնն ու մարտավարութիւնը՝ կանգնեցնելու մարդկային եւ նիւթական աւերածութիւններու իր կրած վնասները, եւ ընտրելու խաղաղ քաղաքական լուծումը, ինչպէս որ վերը նշեցինք: 

Արդեօ՞ք կռուող կողմերը կորսնցուցած են իրենց քաղաքական իմացութիւնը, քիչ մը դիւանագիտութիւն չե՞ն սորված պատերազմի երթալէ առաջ: Ես իմ խելքովս, համեստ փորձառութեամբս եւ քառասուն տարիներու համաշխարհային քաղաքականութեան միջազգային խաղերուն եւ շահերու պայքարներու դիտարկումներովս կը տեսնեմ, որ այն ինչ կը պատահի իմ երկրիս՝ Սուրիոյ մէջ, ծայրայեղ տգիտութիւն եւ անհեթեթութիւն է, որուն համար պիտի զղջայ ամէն մէկը որ մասնակցած է կատարուած քանդումներուն, կամ սուրիացիի կաթիլ մը արիւն թափած է այս պատերազմին մէջ, որովհետեւ այն անըմբռնելի պատերազմը պիտի աւարտի առանց յաղթողի կամ պարտուողի՝ մեկնելով գործող պետութիւններուն շահերէն (անկախ անկէ թէ ինչպէս պիտի նկարագրէ իր վիճակը իւրաքանչիւր կողմ), եւ ոչ մէկ սուրիական հատուած պիտի չկարենայ բուժել միւս կողմէն ստացած իր վէրքերը, ինչ ալ որ ըլլայ այդ վէրքերուն աղբիւրը: Ես նկատած էի որ կողմերէն ոչ մէկը համոզիչ պատճառ ունէր սկսելու պատերազմը, այլ իւրաքանչիւրինը անհեթեթ հերիւրանքներ էին եւ են, ինչպէս օրինակ իբր ահաբեկիչներու իշխանութեան գլուխ գալու վտանգը, կամ՝ թէ ժողովուրդին հետ անարդարօրէն կը վարուին, որուն վերացումը զինեալ յեղափոխութիւն կը պարտադրէ: 

Օտար կողմն ու կեղծ բարեկամներն են որ օգուտ պիտի քաղեն մեր գլխուն եկածներէն, որոնց շարքին նաեւ Իսրայէլը, որ չարիք կը ցանկար մեր երկրին, եւ հակառակ անոր որ կուզէր աւելի շատ աւեր եւ ցաւ հասցուցած ըլլար, սակայն կը թուի թէ բաւականացած է մեզի բաժին հասած մարդկային եւ նիւթական աւերով որ քիչ չէամէն պարագայի ասոնք հեռուէն պիտի դիտեն եւ պիտի կրկնեն ժողովրդային առածը որ կըսէ «Ձգէ՛, իրար միս թող ուտեն»…: Ամէն պարագայի այս կործանարար պատերազմի աւարտին կողմերէն ոչ մէկը պիտի կարենայ միւսին մէջքը կոտրել, ինչպէս որ կը ցանկար երբ երեք տարիներ առաջ առաջին անգամ մատը զէնքի բլթակին կը տանէր

Ենթադրենք թէ կողմերէն մէկը յաղթանակ տարաւ միւսին հանդէպ, վստահաբար տարած յաղթանակէն քաղած շահի հանրագումարը պիտի չհաւասարի կամ որեւէ համեմատութեամբ հակակշռէ, իր կրած վնասները, որոնց դիմաց վճառած է մարդկային զոհերով եւ երիտասարդ սերունդներու երազներով, որովհետեւ պարզապէս տապալած պիտի ըլլայ իր եղբայրը եւ ոչ թէ թշնամին, եւ հաւանաբար իր մատերը խածնէ իր ձեռքերուն կատարած արարքներուն համար, եւ ափսոսանքով լայ իր երկրին հետ կատարուածին համար, ուստի եւ յաղթանակի բերկրանքը պիտի վայելէ միայն երեք վայրկեան, որովհետեւ իր խիղճը մեծապէս պիտի տանջէ զինք երբ ինք խորամուխ ըլլայ իր տան նորոգութեան, իր թաղի վերականգնումին եւ իր քաղաքի փլատակներու վերացման մէջ, եւ հաւանաբար ձեռքը ետ երկարէ երէկուայ հակառակորդին, հաւաքական համագործակցութեան համար, ընկերային վերակառուցման համար, որ ամենաքիչը, լաւագոյն պարագային, պիտի տեւէ երեսուն տարի:

Քուէյթի Իշխանին հովանաւորութեամբ կայացած օգնութիւն ցուցաբերողներու երկրորդ համագումարի փայլուն յաջողութենէն ետք, եւ երբ կը գտնուինք Ժընէւ 2-ի դռներուն, իմ թախանձագին խնդրանքս է բոլորէն, մանաւանդ սուրիացի եղբայրներէս, որ գթան մեր տանջահար ժողովուրդին, մէկ կողմ ձգեն իրենց արհեստական ներմուծուած անօգուտ ատելութիւններն ու սկսին անկեղծ եղբայրական երկխօսութիւն եւ քննարկումներ կատարել, առանց անընդունելի պայմաններ պարտադրելու մէկը միւսին, որովհետեւ անոնք խաղաղութիւն կը ցանկան մեր սիրելի բերքաշատ, սրտբաց երկրին եւ թանկագին ազնիւ ժողովուրդին, ու համաժողովէն դուրս ելլեն մեր երկրին շահուն եւ ապահովութեան շուրջ ամբողջական համաձայնութեամբ եւ երկինքէն վերացնեն ամէն ժամ եւ ամէն օր արիւն փամփուշտ ատելութիւն եւ մահ տեղացող սեւ ամպերը ու վերադառնան իրենց հետ բերելով աւետիսը մշտական հաշտութեան, վերաշինումի եւ ծաղկման: 

Ու ահա ես կոչ կընեմ իրենց, ամբողջ ձայնովս եւ իմ հալէպեան բարբառովս գոչելով

«Կը բաւէ՛ տղաք,  Աստուծոյ սիրոյն հերի՛ք է….»:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 20-01-2014, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 21-01-2014, Քուէյթ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 21-01-2014, Լոնտոն