Ամրօրէն կը սեղմեմ ձեռքերը համայն աշխարհի ազատատենչ մարդոց, որոնք խօսքով եւ գործով զօրակցեցան բռնագրաւեալ Պաղեստինի շրջաններէն Կազային եւ փորձեցին այս կամ այն կերպ ճեղքել անիրաւ, որեւէ գութէ զուրկ, անմարդկային պաշարումը պարտադրուած սիոնիստներու կողմէ: Կը գնահատեմ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի քաղաքական եւ մարդասիրական վեհ դիրքորոշումը, երբ ամէն առիթի կարտայայտուի ի նպաստ Կազայի եւ անոր պաշարուած ժողովուրդին, որ կը տառապի անմարդկային բռնատիրական այնպիսի պայմաններու մէջ, որուն համար ամօթ կը զգայ քսանմէկերորդ դարու իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ մարդ: Այո՛, Իսրայէլի Կազային պարտադրած դաժան շրջափակումին նմանը անցեալին չէ կատարած որեւէ քաղաքակիրթ երկիր եւ պիտի չկատարէ ապագային, եթէ բարբարոս երկիր չէ, ուր կը տիրապետեն կամակորութիւնն ու գերիշխելու մոլուցքը: 

Երանի վարչապետ Էրտողանի մարդասիրութիւնը տարածուի նաեւ հայերու վրայ, որոնք շրջափակման ենթարկուած են նոյնինքն Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, եւ ինչ հիանալի ու ամբողջական կը դառնայ եթէ մեծարգոյ վարչապետը որոշում կայացնէ սահմանները բանալ, վերջ տալով հայոց խստագոյն տառապանքին, նման այլոց, որովհետեւ իրաւունքը չի զանազանւիր:

Ողջոյն Կազայի զօրաւիգ քուէյթցիներուն՝ դիւանագէտներուն եւ հասարակ մարդոց, որոնք վերադարձան, քաջարի իրենց փորձէն ետք, Ազատութեան նաւով, որ ունեցաւ այն ողբերգական աւարտը, զոր տեսանք հեռատեսիլի կայաններէն, որ միայն մէկ դրուագն էր այն անարդար բռնակալ եւ զաւթողական քաղաքականութեամբ առաջնորդուող սիոնիստական զաւթիչ իշխանութիւններու գործունէութիւններուն, որոնք անտեսելով մարդկային իրաւունքի եւ միջազգային իրաւունքի ամէն չափանիշ, անյոյս կերպով կը փորձեն հնազանդեցնել Կազայի ժողովուրդը: Ճիշդ վարուեցան քուէյթցի հերոսները, որքան ալ որ անտանելի դժուարութիւններու եւ ստորացումներու ենթարկուեցան, իսրայէլեան քօմանտօներու յարձակումէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ վերջ, ինչպէս որ իրենք կը պատմեն, ճիշդ ըրին որովհետեւ իրենց կրած փորձութիւնները որքան ալ մեծ ըլլան, ոչինչ են համեմատած այն հպարտանքի ու արժանապատուութեան շքանշանին, որուն արժանացան իրենց հերոսական արարքէն ետք, շքանշան որ ոչ միայն իրենց կը պատկանի այլ Քուէյթի ամբողջ ժողովուրդին, որ յաւիտեան պիտի հպարտանայ հերոս իր այս զաւակներով: 

Ամէն օր կը լսենք ռատիոկայաններէն եւ ականատես կըլլանք մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու փորձերուն, աշխարհի արեւելեան թէ արեւմտեան, հիւսիսային թէ հարաւային կողմերէն: Իւրաքանչիւրը ըստ իր հնարաւորութեան եւ կարելւոյն կը փորձէ ճեղքել Կազայի շրջափակումը եւ անոր բռնադատեալ, տանջահար ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն հասցնել. շատ երկիրներ ալ գործնակապէս արտայայտեցին իրենց բարկութիւնը, վրդովմունքն ու դժգոհութիւնը հանդէպ Իսրայէլի վարմունքին, յետս կոչելով իրենց դեսպանները Իսրայէլէն, կամ դիւանագիտական կապերը խզելով անոր հետ:

Ականջալուր կըլլանք նաեւ բարեսիրական եւ Կազային զօրակցութեան հաւաքներու մասին: 

Կասկած չկայ, որ բոլոր այս տարուած ջանքերը շնորհակալութեան արժանի են, անկախ անոր աղբիւրէն, տարողութենէն եւ անոր ունեցած ազդեցութեան չափէն, որովհետեւ աղիւս աղիւսի վրայ դրուելով, կրնայ Իսրայէլը համաշխարհային ընկերութենէն մեկուսացնող պատ բարձրանալ, աւելցնելով նաեւ ժողովուրդներու ատելութիւնը անոր հանդէպ, որուն պատճառը 60 տարիներէ ի վեր գործած եւ դեռ կատարող գործերն են, հանդէպ այս վտարանդի, աշխարհով մէկ տարտղնուած ժողովուրդին, գրաւելով անոր հայրենի հողէն մաս մը եւ զայն ցեղապաշտական ատելի պատով անջատելովպիտի աւելնայ նաեւ ժողովուրդներու ցասումը Իսրայէլին հանդէպ եւ այն պիտի վերածուի աւելի ու աւելի անիծեալ, ատելի երկիրի:

Իցիւ թէ պաղեստինեան իրար դէմ, կամ օրինաւոր պաշտօնական իշխանութեան դէմ կռուող խմբաւորումները գիտակցէին ազգային մէկ, միասնական որոշումի մը հովանոցին տակ հաւաքւիլ, որ զիրենք միաւորէր եւ ոչ թէ բաժան բաժան դարձնէր, երանի խելամիտ տրամաբանութիւնը ի մի բերէր պաղեստինեան այս խմբաւորումները, փոխան խառնաշփոթ ամբոխավարութեան, գործէր «Առ եւ պահանջէ»ի քաղաքականութեան ընդունումն ու համոզուածութիւնը, գործէր հաւանականութեան հետ խաղալու քաղաքականութիւնը, հեռու մնալով իրական գետնի վրայ տարիներէ ի վեր վնաս հասցուցած եւ վատ ազդեցութիւն ձգած կիրքեր բորբոքող ճառախօսութիւններու քաղաքականութենէն, որ ոչ կը գերցնէ եւ ոչ ալ անօթութիւնը կը վանէ: 

Չեմ կարծեր որ որեւէ պետութիւն, կազմակերպութիւն կամ կողմ կրնայ բարելաւել պաղեստինցիներուն իրավիճակը, ի մասնաւորի Կազայի վիճակը, եթէ պաղեստինեան կողմը մնայ իր ներկայ վիճակին մէջ, անմիաբան հողի վրայ եւ անհամաձայն՝ որոշում կայացման մէջ. որեւէ կողմ չի կրնար օգնել պաղեստինցիներուն, եթէ անոնք ինքզինքնին եւ զիրար օգնած չըլլան. Անոնք կը նմանին իրարու դէմ կռուող երկու եղբայրներու, որոնք շուարումի կը մատնեն իրենց սիրելիներն ու ընկերները, երկուքէն մէկուն հանդէպ դիրքորոշուելու՝ միւսին վնաս հասցուցած ըլլալու մտավախութեամբ: Բարեկամները կը կանգնին որեւէ որոշում առնելու դժուարին կացութեան առջեւ, բաւարարելու երկու կողմերը կամ չենթարկուելու կողմերէն մէկուն բարկութեան:

Երջանիկ օր մը պիտի ըլլայ այն օրը երբ ականջալուր ըլլանք, թէ թաղուած են քաղաքական, մարտավարական եւ տնօրինման անհամաձայնութիւնները: Ինչո՞ւ չէ. թաղել շահադիտական եւ գաղափարական անհամաձայնութիւնները յաւիտենական կերպով, միլիոնաւոր լոյս տարի խորութեամբ փոսի մը մէջ: Ականջալուր ըլլանք, թէ պաղեստինցիները սկսած են իրար հետ, Իսրայէլի եւ աշխարհի հետ վարուիլ պաղեստինեան միացեալ մէկ խօսքով, որուն շուրջ համախմբուած են բոլոր խմբաւորումներն ու անհատները՝ Պաղեստինի ներսէն եւ դուրսէն. այս որոշումը իր կարգին իր շուրջ կը համախմբէ աշխարհի չորս ծագերէն բոլոր քոյր եւ բարեկամ երկիրներն ու ժողովուրդները, որոնց թիւը մեծ է, այսպիսով պաղեստինցիները կը կազմեն ազդեցիկ ուժ մը, որ յարգանք կը պարտադրէ աշխարհին, վերագտնելու տկարութեան տարիներուն կորսնցուցածը, եւ կը կարենան փրկել այն ինչ որ կարելի է փրկել սիրելի Պաղիստինէն, փրկել դարերու երկարութեամբ «Քաղաքներու ծաղիկը»՝ ադամանդ Երուսաղէմը:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ»,14-6-2010, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 17-6-2010, Պէյրութ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 19-6-2010, Պէյրութ