Անհասկնալի է մտածելակերպի այն չափազանց զգայնութիւնը, որուն հիմամբ կը վերաբերին կարգ մը մոլեռանդներ այլ կրօններու հետեւորդներու սովորութիւններուն եւ գործածուող իրերուն, որոնցմէ է օրինակի համար եւ ոչ թէ սահմանափակման¬ շաբաթավերջի Շաբաթ օրուայ արձակուրդը, եւ վեցանկիւն աստղը սիոնիստներու «Դաւիթի վեցանկիւն աստղ» կոչելը: 

Նաճի Ալ Ալիի «Հանզալա»ն

Պիտի սկսիմ երկրորդ օրինակէն, որ թէեւ այնքան շիկացած նիւթ մը չէ, որքան առօրեայ օրակարգի նիւթ դարձած Շաբաթ օրուայ արձակուրդի հարցը: 

Տասը տարիներ առաջ Լիբանանի մայրաքաղաքի կեդրոնական թաղամասերէն «Սոլիտէր» անունով յայտնի շրջանը այցելութեանս ընթացքին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով քանդուած շէնքերու նորոգութեան կապակցութեամբ զբաղող երկրաչափ ընկերոջ մը հետ զրոյցի ընթացքին, ըսաւ որ ինք կաշխատի շէնքերու ճակատներու (ֆասատ) նորոգութեամբ եւ վերկանգնմամբ` որպէս կապալառու, անոնց տալով նախկին տեսքը, յենելով հին նկարներու կամ պահպանուած հատուածի մը տեսքին վրայ: Ընկերս աւելցնելով ըսաւ որ իրենց ցուցմունք տրուած է հինը վերականգնել, յար եւ նման նախկինին, մեկնելով Պէյրութի կեդրոնին ամբողջութեամբ հին տեսքը վերադարձնելու քաղաքականութենէն (այսինքն հին բուրմունքով եւ նոր զարդարանքով ու փայլքով): Կասկածէ վեր է որ այս միտքը յաջողութիւն գտաւ: 

Ցոյց տալով շէնքերէն մին հարց տուի. —Ինչո՞ւ այս շէնքը ամբողջութեամբ նորոգուած է, մինչ անոր գլխաւոր մուտքի լաւ աշխատցուած երկաթեայ դռները ցայսօր կը մնան իրենց կոտրտուած վիճակին մէջ:

Բարեկամս պատասխանեց բացատրելով, թէ այս դռներուն վերանորոգութեան գիծերուն մէջ գտնուած են վեցանկիւն աստղի կարգ մը միաւորներ եւ թէ պատասխանատու յանձնախումբին մէջ կան կողմեր, որոնք դէմ կը կենան բուն նախագիծի վերականգնումին, պահանջելով անոր փոփոխութիւնը, այլ կողմ մը մերժելով այս առաջարկը կուզէ պահել նախկին ձեւը: Հարցը ցարդ չէ լուծուած. —Կը սպասենք որոշումին սկսելու գործադրութեան, աւարտեց ընկերս: 

Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ վիճակ ստացած է այդ շէնքին դուռը, իրականութեան մէջ, ես անոր վայրն իսկ մոռցած եմ, բայց մինչեւ այսօր չեմ մոռցած այդ դժբախտ գաղափարը (անշուշտ իմ կարծիքովս), զոր յայտնած էր ինչ որ մէկը, արգիլելու այդ դարպասի բուն նախագիծին գործադրութիւնը պահպանելով անոր գեղեցիկ տեսքը, նոյնիսկ եթէ կը կրէր վեցանկիւն աստղ:

Իսլամական ճարտարապետական արուեստի երկրաչափական աւանդական նախագիծերուն մեծ մասը կը պարունակէ կտրուածքներ, կամ իրար մէջ մտնող գիծեր, որոնց բուն նախագիծին ելքին կամ իրենցմէ յառաջ եկած դատարկ մասերուն կամ լուսանցքներուն մէջ կը յառաջացնեն (երբեմն պարզորոշ, երբեմն անտես) զանազան պատկերներ` խաչանման, կամ աստղանման, որոնց մէջ հինգանկիւն, վեցանկիւն կամ ութանկիւն եւ աւելի անկիւններ ունեցող աստղեր, որոնք աւելի յստակ կերեւին գունաւորման պարագային: Այս պարագան ցայտուն դարձնելու համար ինծի օգնեցին կարգ մը լուսանկարներ որոնց մէկ մասը անձամբ ես լուսանկարած եմ, միւս մասն ալ ձեռք ձգած եմ, Հալէպէն գնածս խտասալիկներէն, առաջինը վերնագրուած. «Լուսանկարներ իսլամական եւ արեւելեան ճարտարապետական արուեստի, պնակեղէնի եւ գորգերու», անգլերէնով` «ISLAMIC ARTS», երկրորդ խտասալիկին վրայ գրուած էր. «Իսլամական ամենագեղեցիկ զարդարանքները կը գտնես այս խտասալիկին մէջ», անգլերէնով` «ISLAMIC ORNAMENTATION»:

Մարոքի մզկիթներուն եւ պալատներուն սերամիքի սքանչելի նախագիծերն ու կառուցապատումները իրենց մանրամասնութեանց մէջ այնքան գեղեցիկ շրջահոսուն համաչափութեամբ միախառնուած են իրար, երբեմն խաչաձեւ, երբեմն վեցանկիւն աստղաձեւ, երբեմն ալ իրար մէջ մտած երկու եռանկիւններու տեսքով, ի միջի այլոց նշենք որ այս ձեւը իսկական իսլամական է եւ որուն կը հանդիպինք տարածաշրջանի հնութիւններու բազմաթիւ նախշերու վրայ: 

Եթէ առաջնորդուինք վերոյիշեալ պատասխանատուի տեսութեամբ, որ կարգիլէր վեցանկիւն աստղի տեղադրումը այդ դրան վրայ, եւ հրաժարինք այնպիսի ձեւերէ օգտուելու իրաւունքէն, որոնց գիծերը իրենց մէջ կը պարունակեն, օրինակ խաչաձեւ կառուցուածքային նախագիծ, ջնջած կըլլանք իսլամական ճարտարապետութեան արուեստի կախարդանքին եւ գեղեցկութեան բաղկացուցիչ տարրերէն ոչ պակաս քան մէկ երրորդը, եւ եթէ աւելի մոլեռանդ դառնանք եւ զգուշանանք գործածել վեցանկիւն աստղը` այդպիսով մեզ արգիլակող կապանքներուն ստեղծագործական կապանք մը եւս աւելցուցած կըլլանք աւելի եւս նեղցնելով կարկինի բացուածքը: 

Ամենեւին ճշմարիտ չէ այն, որ վեցանկիւն աստղի նախագիծն ու կերպը կառնչուին միմիայն սիոնիզմի հետ, նաեւ ոչ մէկուն կը վերաբերի այն, որ սիոնիստները զայն որպէս խորհրդանիշ ընդունած են, վեցանկիւն աստղին պարագան յար եւ նման հինգ անկիւնաւոր աստղին, որ ոչ սովետներուն, ոչ Արեւմուտքին եւ ոչ ալ ամերիկացիներուն սեփականութիւնն է, որոնց դրօշակներն ու լոզունգները կը պարունակեն հինգ անկիւնաւոր աստղեր, ինչպէս եւ խաչի ձեւը որ որպէս երկու զիրար հատող գիծեր բացարձակապէս քրիստոնեաներուն սեփականութիւնը չէ, օրինակ, ո՞վ կրնայ պնդել որ կիսալուսինը միայն իսլամներունն է. ամէն մէկը ազատ է այս ձեւերէն որեւէ մէկը գործածելու իր ուզած նպատակին համար, քանի դեռ չի նպատակադրեր ոեւէ մէկը, կամ որեւէ գաղափար, կամ որեւէ կրօնք անարգել: 

Իսլամ արուեստագէտներու եւ նախագծողներու փաղանգին չտարածուիլը դէպի վեցանկիւն աստղի գործածութիւն ամէն անգամ որ անոր պէտքը զգացուած է ստուար ձեւով, այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ կարծէք իրենք, իրենց ազատ կամքով, իրենց ձեռքերով վեցանկիւն աստղի գործածութիւնը կը սահմանափակեն որպէս իրաւունք միայն սիոնիստներուն եւ կը հաստատեն այդ աստղի գործածութեան անոնց մենաշնորհ ըլլալը, փոխանակ ընդհանրացնելու պատկան մարմիններու մօտ, քաշելով գորգը այդ գծագիրը մենաշնորհ դարձնողներու ոտքերուն տակէն: 

Այս օրերու բազմաթիւ պատճառներով եւ առիթներով արձակւած ֆէթուաներու լոյսին տակ` ինչ մեծ դժբախտութիւն կրնայ պատահիլ եթէ օր մը առաջնորդ մը կամ ղեկավար մը ֆէթուա մը արձակէ եւ այդ կերպերը գործածելը դադրեցնել հրահանգէ, հրամայելով վերացնել այն բոլոր նախշերը, որոնց վրայ կան վերոյիշեալ կերպերէն, եւ թողուլ միայն այն զարդերը, որոնք չեն պարունակեր զանոնք, այդ պարագային եւ համրուած օրեր անց, պիտի գտնուինք սոսկալի տեսարանի մը առջեւ, Գահիրէի մըզկիթներու ամպիոններուն եւ մինարէթներուն, նաեւ անոր սիւնազարդ սրահներուն կէսը պիտի խեղաթիւրուի, պիտի քանդուի իրաքի սրբավայրերուն մէկ երրորդը, ինչպէս սրբուած պիտի գտնենք նաեւ դամասկոսցի եւ հալէպցի ամենայ վարպետ աշխատողներու քանդակած մզկիթներու ճակատներն (ֆասատ) ու քարէ պնակները, աղբերու պիտի վերածուին «Խան Էլ Ուազիր»ի նման խաները (իրենց ժամանակի հինգ աստղանի պանդոկները) հինաւուրց քաղաքներու գլխաւոր պարիսպներն ու դարպասները, փայտեայ միլիոնաւոր քանդակները, պալատներու եւ տուներու գունաւոր հարթարումով առաստաղներն ու պատերը, տնային սպասքը, Ապանոսի փայտով ծածկուած եւ գեղեցիկ սատափեայ նարտիները, շքեղ գորգերը, պղնձեայ իրերն ու գեղեցիկ ապակեղէնները, եւ դեռ ինչ կրնայ պատահիլ Հնդկաստանի Թաճ Մահալին` այդ եզակի եւ հազուագիւտ սքանչելիքին, որ վերջերս դասուեցաւ աշխարհի եօթ հրաշալիքներու շարքինհապա թըրքական Թոփ Գափուի մզկիթներուն, բաղնիքներուն, ապարանքներուն, Սամարկանտի մզկիթներուն, Անտալուզիայի պարտէզներուն եւ պալատներուն, անշուշտ յարկ չկայ յիշելու Մարոքի մէջ Հասան Երկրորդ թագաւորի կառուցած պալատներու եւ մզկիթներու զարդ մոզայիքներն եւ խճանկարները: 

Մենք մեզի հարց կու տանք թէ արդեօք քանի՞ ստեղծագործ արուեստագէտ նախագծողներ, իրենց ձեռքին մէջ գտնուող ծրագիրներու վրայ խորհելու ընթացքին, իրենք զիրենք կարգելակեն, կը սահմանափակեն իրենց խոյանքի եւ վրձիններու ազատութիւնը, այդ կերպերը չօգտագործելու պարտադրուածութեամբ, որովհետեւ արգիլեալներու շարքին կը պատկանին, որդեգրած ըլլալով նոյն այդ նորահնար խեղաթիւրուած մտածելակերպը, ինչ որ պարագան է մեր վերը օրինակ բերած շէնքին: 

Աստուած գիտէ թէ դարերու ընթացքին որքան վնաս կրած են իսլամական զարդարուեստն ու նկարչութիւնը, այդ տագնապեցընող միտքէն խուսափելով անոր մօտենալէ, հէքիաթի սարսափելի պոպոյին վերածուած ըլլալուն հետեւանքովմինչդեռ ընդունուած է որ ուրիշէն փոխ առնես եւ փոխ տաս անոր: 

Տեսնես թռիչք առած քանի ստեղծագործ երեւակայութիւն եւ միտք, որոնք կը սաւառնէին ստեղծագործ լայնատարած երկինքի մէջ, յանկարծ ինքզինքնին պարտադրուած զգացին վայրէջք կատարել, աւելի ցածէն թռչելու եւ ուղղութիւնը փոխելու, սահմանափակելու իրենց երեւակայութիւնը, դանդաղեցնելու իրենց ընթացքը, վերը նշուած նոյն պատճառներուն տեղի տալով:

Տեսնեստեսնես

«ԱԼ ԱՐԱՊԻ», թիւ 590 Յունուար 2008, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 28-1-2008, Պէյրութ 

«Վեցանկիւն աստղն ու ճարտարապետութեան արուեստը» խորագրին տակ: Աւելի քան քառասուն տարիէ աշխատած մետաղեայ հարթարումներու գործիս մէջ կը հանդիպիմ սքանչելի նախագիծերու, որոնք կը պարունակեն արեւելեան եւ իսլամական արուեստի ջիղը հանդիսացող իրար մէջ մտած գիծեր, որոնք կը կազմեն խաչաձեւ եւ թէք խաչաձեւ պատկերներ կամ վեցանկիւն աստղեր, այս կերպերը, միասնաբար կամ առանձին առանձին կը ներկայացնեն հիանալի տեսարաններ, որոնցմով կը սքանչանայ ճաշակի տէր մարդը, կը հիանայ անոնց գեղեցիկ համադրութեամբ եւ ձեւով: Արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ կան հազարաւոր շինութիւններ, որոնց ճակատը (ֆասատ) կամ կարեւոր մասերը նախագծած են իսլամ ճարտարագէտներն ու ճարտարապետները, այդ շինութիւններու կարգին են մզկիթներ, իշխանական պալատներ, կառավարական կեդրոններ: 

Զիս այս յօդուածը գրելու մղողը եղան Պէյրութի «Սոլիտէր»ի դէպքն ու այլ ծրագիրներու վրայ աշխատող ինծի ծանօթ կարգ մը ճարտարագէտներու ըսածները` թէ ինչպէս ստիպուած են փոփոխութեան ենթարկել շինութիւններու արտաքին պարիսպները, կամ արտադրութիւններու յետ վերադարձուիլը անոնց նոյնիսկ տեղադրուելէն ետք, որովհետեւ պատկան անձը անոնց մէջ յայտնաբերած է այնպիսի կերպեր, որոնք չեն պատկանիր իր դաւանած կրօնքին, ինչպիսին են քրիստոնեաներու խաչը եւ Իսրայէլի վեցանկիւն աստղը:

Ոմանք չեն գիտեր թէ անկարող են իսլամական նոր արւեստ մը ստեղծել, առանց իրար հատող գիծերու, խաչաձեւ կամ վեցանկիւն աստղերու հատումներու, ինչպէս նաեւ եւրոպացի արուեստագէտը չի կրնար գեղատեսիլ նախագիծեր ստեղծագործել, եթէ փորձէ ջնջել կիսալուսին եւ կիսաշրջան եւ այլ կերպեր, որոնք «հաշուըուած» են այլ կրօններու եւ ազգութիւններու ճարտարապետական արւեստներուն, ինչպիսին են պարսկական, զրադաշտական, հնդկական կամ չինական ճարտարապետութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն պատկանող գեղատեսիլ իւրայատկութիւններ:

Մեր ընկերութեան նախագծողները մշտապէս կօգտուին արեւելեան եւ իսլամական ճարտարագիտական եւ ճարտարապետական սկզբնաղբիւրներէ, նոյնքան ալ անհրաժեշտութիւնը կը զգան օգտուելու կոթական, վիքթորինեան ու եւրոպական` հին եւ նորագոյն, ճարտարապետութեան արուեստներէն, նախագծելու պալատներու եւ այլ բնակարաններու ներքին եւ արտաքին հարթարումները, ըստ յաճախորդի ցանկութեան եւ համաձայն կառոյցի ոճին, հետեւաբար մենք համարեայ ամէն օր կառնչուինք նախագիծերու հետ ընդհանրապէս եւ իսլամական նախագիծերու հետ մասնաւորապէս: