Յանկարծ միտքս տարտղնուեցաւ եւ վերադարձուց զիս դէպի անցեալ, յիշեցնելով այն նիւթերը որոնք շատ զբաղցուցած էին միտքս եւ որոնց մասին այդ ատեն յաճախ ուզած էի գրել: Այս մտորումը ունեցայ երբ «Արապի»ի 2003 թուականի Օգոստոսի թիւին մէջ կարդացի Դոկտոր Էհմէտ Ապու Զէյտի «Նոր Ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւն» վերնագիրով յօդուածը: 

Դոկտորը իր յօդուածին մէջ կը նշէ թէ.- «Արեւմուտքի եւ Ճափոնի մէջ գիտնականները վերջերս տարուած են նոր գիտութեամբ մը, որ կը կոչուի «Նանոթէքնոլոճի», այսինքն անչափ փոքր տարրերու արուեստագիտութիւն, չափերու լեզուով՝ մէկ միլիառերորդ (եւ ոչ թէ մէկ միլիոներորդ) մեթրի իրեր, եւ թէ այս գիտութիւնը պիտի ծառայէ բազմաթիւ բնագաւառներու, օրինակ շատ շուտով կարելի պիտի ըլլայ երեխաներու ուղեղին մէջ ցանել կամ տեղադրել տեսակ մը Նանոնական (Նանոն լատիներէն կը նշանակէ թզուկ) շերտեր, որոնցմով ուղեղը նախապէս կը հարստանայ երեխային ուսման տարիներուն անհրաժեշտ զանազան գիտելիքներով, որուն հետեւանքով կը փոխուի ուսուցման գործողութեան բնոյթը եւ կը սահմանափակուի երեխային ուղեղին մէջ ամբարւած գիտելիքներու բացատրութեամբ, փոխանակ սորվելու եւ ըմբռնելու աշխատանքով զբաղելու, ինչպէս որ է ներկայիս»:

Այլ խօսքով միջամտութիւն պիտի կատարուի Արարիչի իմաստութեան, եւ ոեւէ մէկը պիտի լիցքաւորուի խելացութեամբ եւ մտային կարողութիւններով, զորս Արարիչը թերեւս չէր ուզած տուեալ ենթակային շնորհել, այսինքն նշեալ գիւտը պիտի փոխէ մարդկային բնութիւնը: 

Սկսայ մտածել թէ ինչպէ՞ս պիտի ընդունի մեր աշխարհը այս գիւտը. մտաբերեցի նմանօրինակ դէպքեր որոնց պատճառաւ աշխարհը իրար անցած էր եւ ամիսներ, այլ տարիներ շարունակ չէր հանգստացած անցեալին: Պատկերացուցի այս խնդրին պատճառաւ այն լայնածաւալ վիճաբանութիւնները որոնք պիտի ծագէին կրօնականներուն միջեւ մէկ կողմէն, եւ կրօնականներուն ու գիտնականներուն միջեւ միւս կողմէն, պատկերացուցի այն

մեղադրանքները զորս ոմանք պիտի արձակէին Արեւմուտքի գիտնականներուն վրայ ամբաստանելով զանոնք բացայայտ մեղքի եւ Արարիչին կամքին դէմ մեղանչելու եւ անոր գործերուն միջամուխ ըլլալու յանցանքի մէջ, մանուկին, ի մասնաւորի արաբ երեխաներու խելքին Աստուծոյ կամեցածէն այլ ուղղութիւն մը տալով եւ թէ այս արուեսագիտութիւնը (թէքնոլոճին) արդէն հընարուած է մեզի ուղղուած խարդախ նպատակադրութեամբ՝ կրօնական պատճառներով կամ մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները փճացնելու մտադրութեամբ: 

Իմ այս պատկերացումներս ամառային գիշերուայ հպանցիկ տեսիլքներ չէին, այլ եզրակացութիւն եւ դէպքերու նախատեսում յենուած անցած քառասուն տարիներու տեսածներուս եւ լսածներուս վրայ, շուրջս կատարուածի գիտակցութենէս սկսեալ. Այս դէպքերէն են, օրինակի համար եւ ոչ թէ սահմանափակման, եւ զոր կը նշեմ առանց ընտրութեան, մարդուն էջքը լուսնին վրայ, որ տեղի տուաւ այնքան այպանումի եւ մեղադրանքներու, որոնցմէ ամենազարմանալին ամերիկացիներուն Աստուծոյ անձեռնմըխելի գործերէն մին ոտնակոխելն էր, տակաւին ինչինչ մեղադրանքներ տիեզերքի օրէնքները խախտելու մէջ, եւ թէ այդ քայլը սկիզբն էր Աստուծոյ բարկութեան պատճառաւ ապագային պատահելիք դժբախտութիւններունՅետոյ եկան խողովակի երեխաներու շուրջ ծագած վիճաբանութիւնները, տակաւին շատ ժամանակ չէ անցած երկար ու բարակ վէճերէն, որոնք արձանագըրուեցան Լուիզա Պրաունի՝ խողովակի առաջին երեխայի ծնունդէն ետք՝ արդեօք ճիշդ էր թէ՞ պէտք չեր դիմել ձուիկը արգանդէն դուրս բեղմնաւորելու միջոցին:

Մեր մեծ հայրերէն եւ հայրերէն լսած ենք նաեւ թէ ի՜նչ անէծքներ տեղացած են սատանայական գործիք ձայնասփիւռը հնարողներու գլխուն, եւ զրկման ի՜նչ ֆէթուէներ արձակուած են նոյնիսկ զայն օգտագործողներուն եւ ունկնդրողներուն դէմ: Հեռատեսիլի բախտը աւելի լաւ չէ եղած եւ աւելի քիչ պարսաւանքի բաժին չէ ինկած անոր, նոր սերունդները փճացնելու, անոնց նկարագիրը խեղաթիւրելու եւ ընկերային արժէքները խախտելու պատճառաւ: 

Այս ամէնէն կը հետեւցնենք, որ մենք հոս՝ Երրորդ Աշխարհի մէջ, Արեւելքէն թէ Արեւմուտքէն եկած գիւտերէն ոչ մէկուն պարագային կրցանք անոնց մուտք գործելուն արգելք հանդիսանալ, չյաջողեցանք անոնցմէ որեւէ մէկուն մէջ փոփոխութիւններ մըտցնել յարմարեցնելու այսպէս կոչուած մեր արմատական արժէքներուն: Մենք բազմաթիւ հաւաքներ կազմակերպեցինք եւ ժողովներ գումարեցինք, որոնց ներկայ գտնուեցան հարիւրաւոր գիտնականներ եւ մասնագէտներ, ուսումնասիրելու գիտական զանազան զարգացումներն ու անոնց պատշաճութեան չափը մեր հասարակութեան մէջ, եւ նոյնիսկ այն գիւտերը զորս այպանեցինք եւ մերժեցինք, արագօրէն, ամենաշատը քսան տարիներու ընթացքին իրենց տեղը գրաւեցին մեր մօտ, եւ մեր միակ կատարածը եղաւ այն, որ մենք մեր մօտ տարբեր հեռաւորութիւններով ուշացուցինք նոր արհեստագիտութիւններու եւ արուեստագիտութիւններու եւ անոնց նուաճումներուն ու անկէ բխող քաղաքական եւ ընկերային գիտութիւններու գործադրութիւնըսակայն ի վերջոյ համակերպեցանք անոնց գառնուկի հնազանդութեամբ: 

Ձայնասփիւռը մերժողներուն թոռները այսօր իրենց տուներուն մէջ ունին այդ գործիքին ամենայառաջացած եւ ամենասուղ նմոյշներէն, նոյնն է պարագան հեռատեսիլին: 

Պէտք է պատմութեան դասերէն եւ հեռաւոր ու մօտիկ դէպքերու զարգացումէն սորվինք, որ որեւէ գիւտի մեր ընկերութիւններուն մէջ մուտքը արգիլելը որեւէ օգուտ մը չի տար. մեզմէ պահանջուածը այս կամ այն գիւտը զանազան պատրուակներով կուրօրէն մերժելը չէ, այլ լաւագոյնս պատրաստուիլ անոնց, մեծագոյն օգուտը քաղելու համար անոնցմէ, յարմարեցնելու զանոնք մեր երկիրներու ընկերային եւ տնտեսական պահանջքներուն, նուազագոյն վնաս պատճառելով մեր միջավայրի հաւատալիքներուն եւ հասկացութիւններուն, որոնցմէ մէկ մասը երեւակայածին եւ շինծու է: 

Մենք չենք կրնար վայելել զարգացման եւ յառաջդիմութեան որեւէ բարիք, առանց զիջելու մեր մէջ ունեցած եւ անոնցմով աճած կարգ մը ըմբռնումներ եւ փոփոխութեան ենթարկել զանոնք:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 18-9-2003, Քուէյթ, որոշ կրճատումներով,

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 5-11-2003, Պէյրութ

Ժամանակակից գիտութիւններուն եւ նորագոյն գիտելիքներուն հետեւողիս համար արհեստագիտութեան (թէքնոլոճի) հարցը նոր չէ. այն չափազանց կը տառապեցնէ միտքս, զիս մտահոգողը անոր տակաւին հեռու պահելն է մեր կեանքէն, պարզապէս որովհետեւ մենք կուզենք արմատախիլ ընել գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ կը մերժենք ուրիշէն եկող արհեստագիտութիւնը, կամ մեր անտեղեակութեան եւ կամ այլ անտրամաբանական պատճառներով: 

Այս յօդուածը գրեցի որպէս կոչ արեւմտեան արհեստագիտութեան մեզի հասածներէն օգտուելու եւ օգտագործելու զանոնք մեր ընկերային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, զանոնք մեր մաղէն անցնելէն ետք, որուն ծակտիկները շատ փոքր եւ շատ բարդ պէտք չէ ըլլան, մաղը պէտք է ըլլայ միջոց որուն մէջէն պիտի անցնի այն արդիւնքը զոր կը ցանկանք որդեգրել եւ շահագործել՝ ծառայեցնելու գիտութեան եւ բարգաւաճման, որոնց կը ձգտինք: 

Գաղտնիք չէ, արհեստագիտութեան հետ շփումով ինչ մեծ զարթօնք արձանագրեց մերինին նման պայմաններ ունեցող արեւելեան երկիր մը, ասիկա Չինաստանին օրինակն է, որ թէեւ արհեստագիտական շատ գիւտեր չէ կատարած, սակայն օգտուած է եղած գիւտերէն եւ զարգացուցած զանոնք ի օգուտ իրեն, այնքան որ չինական ապրանքներու արտադրութիւնը դարձած է նուազ ծախսալի եւ ողողած է շուկաներըերանի մենք ալ Չինաստանի նման զարգացնէինք արհեստագիտութեան ազդակները

Կը կարծեմ, այլեւ կը պնդեմ որ մեր որդեգրած մտածելակերպը հանդէպ կեանքի խնդիրներունեւ անոնց փիլիսոփայութեան, եւ մեր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն,

երբեք դրական եւ առարկայական չէ. ցաւալի է որ կը մերժենք ուրիշէն մեզի հասնող արհեստագիտութիւնը, անհեթեթ պատճառաբանութեամբ որ անտեղի կասկածն ու տարակուսանքն են, զորս կարելի է վերածել զգուշաւոր վստահութեան, կամ համարել գիտակից բարի կամեցողութիւն, գործի լծելու դուրսէն եկող գիտութիւնն ու արհես տագիտութիւնը եւ զանոնք օգտագործելու այլեւայլ բնագաւառներու մէջ:

Նայելով Չինաստանի փորձառութեան, կը տեսնենք որ ան ալ մեր նման ազգային առանձնայատկութիւններ ունի, բայց իր ժամանակը չէ վատնած իմփերիալիզմը անիծելով, այլ դէմ դրած է Արեւմուտքին նոյն իր զէնքով իսկ եւ միեւնոյն ոճով. Չինաստանը արհեստագիտական շատ գիւտեր չէ կատարած, այլ առած է Արեւմուտքի մէջ գտնուածը, զարգացուցած զայն եւ ծառայեցուցած ի օգուտ իրեն, այսպիսով չինական արդիւնաբերութիւնը աւելի քիչ ծախսի կարօտած է եւ հետեւաբար աւելի շատ տարածում գտած, նոյնիսկ եթէ նոյն որակի չէ եղած, կարեւորը այն է որ Չինաստանը իր արտադրանքը սպառելու շուկայ գտած է եւ այդպիսով դարձած համաշխարհային տնտեսութեան կարեւոր դերակատարներէն մին, փոխանակ լուսանցքի վրայ կանգնելով, որպէս անարժէք պարզ դիտող մնալու: