Տխրութիւնս եւ յուզմունքս վերանորոգուեցան երբ ստացայ «Ալ Քապաս»ի ամսուայ գրքոյկը, որ այս անգամ հրատարակուած էր Նաճի Ալ Ալիի մահուան քսանամեակին առթիւ, ի յարգանք արուեստագէտին եւ ի խնդիր անոր գործերուն յաւերժացման:

Որոշեցի իմ կարգիս մի քանի համեստ խօսք գրել պատուելու այս եզակի անձնաւորութիւնը, որուն մասին քննադատական կամ գովերգական ինչ ալ որ ըսուի կամ գրուի պիտի չկարենայ անոր արդար իրաւունքը տալ իր ունեցած ազգային գործունէութեան, պայքարին եւ մաքառումին` յանուն իր հայրենիքին՝ Պաղեստինին եւ արաբ ժողովուրդին: 

Նաճի Ալ Ալիի «Հանզալա»ն

Ո՞վ չազդուիր, չի խնդար կամ չի լար դիտելով Նաճի Ալ Ալիի գծագրութիւնները, արուեստագէտ մը, որ իր ժամանակի աշխարհի եւ մարդոց խօսակցութեան նիւթն էր: Ո՞վ չի գիտեր կարկտաններով, փոպիկ, կռնակը աշխարհին դարձուցած այդ մանուկը` «Հանզալա»ն, որ կերեւի իր բոլոր ծաղրանկարներուն մէջ, որպէս կենդանի վկայ կեդրոնական դէպքերուն եւ կեդրոնը իր նկարներու նիւթին, որպէս միակ կենդանի խղճի տէր: 

Պիտի գրեմ զգացմունքներս անոր կեանքին եւ ծաղրանկարներուն մասին, օրինակ կը նայիմ այս նկարին ուր պեխը բռնած պաղեստինցին կըսէ.

Պատւոյս վրայ կերդնում, որ պիտի ածիլեմ պեխերս եթէ արաբական տիրող որեւէ իշխանութիւն` Երուսաղէմէն թիզ մը ազատագրած է». այլ տխուր նկարի մը մէջ կը տեսնուի նոյն մարդը, որուն պեխերը երկարած են, երկար մօրուքի տպաւորութիւն տալու չափ եւ անշուշտԵրուսաղէմէն մէկ թիզ չէ ազատագրուած, ընդհակառակը օրէ օր կը նեղնան անոր սահմանները, ի՜նչ ծիծաղելիողբալի տեսարան: Նայիր այս ծաղրանկարին որուն մէջ կը տեսնուի պրկուած, ջղային դէմքով արաբ մը, որ իր դէմ գտնուող այլ մարդու մը կը պնդէ թէ 2+2=3, իսկ դիմացինը նոյն ջղայնութեամբ կը պնդէ թէ 2+2=5. այս ծաղրանկարի վերնագիրն է «Արաբական տարակարծութիւններ»: Նայիր շուրջդ եւ կը տեսնես թէ այս ծաղրանկարը որքան կը համապատասխանէ արաբական իրականութեան եւ կորած պարզ իրականութիւններուն (մանաւանդ ներկայի կարգ մը արաբական երկիրներուն):

Այլ նկար մը կը գուշակէ ապագան, բան մը որուն ճշմարտութիւնը հաստատուեցաւ. հոն «Հանզալան» գետին նստած եւ փոքրիկ սեղանի մը առջեւ թուղթին վրայ գրող մարդուն կըսէ. -«Ժողովըրդավարութեան մասին այսօրուայ գրածդ շատ հաւնեցայ, վաղուայ համար ի՞նչ կը գրես»: Պատասխանը`. «Կտակս կը գրեմ»: Ի՜նչ ցաւոտ տեսարան, որուն առջեւ բան չես կրնար ընել բացի գլուխդ շարժելէն եւ ըսելէն.-Աստուած ողորմի հոգուդ, Նաճի Ալ Ալի, գիտէիր գլխուդ գալիքը

Իսկ այս նկարին մէջ կը տեսնուի մարդ մը, որ մահացած պաղեստինցիի մը սեւ ժապաւէնով նկարը կը կախէ, իսկ նկարին ձախ կողմը կերեւին մահացած երեք եղբայրներուն նկարները, որոնք կախուած են պատին վրայ, մարդուն կողքը կանգնած է երիտասարդներուն սարսափած սգաւոր մայրը, որ կըսէ. 

Դուն ես պատճառըյղիացիր Ֆաթիմազաւակ ունեցիր Ֆաթիմա, Պաղեստինը տղամարդիկ կը պահանջէ.. որպէսզի մէկը միւսին ետեւէն մահանան կազմակերպութեան եւ իշխող կարգերուն համար չէ՞Ի՜նչ դժբախտ ես Ֆաթիմա…» եւ տեսարան մը՝ ծաղրանկարային գծագրութիւն մը, որ եթէ այս օր գծուելու ըլլայ, ճիշդ ու ճիշդ պիտի պատկերէ պաղեստինեան ներկայ վիճակը ամենայն իրականութեամբ եւ ճշգրտութեամբ Ֆաթհի եւ Համասի բզքտոցը): 

Նաճի Ալ Ալիի ծաղրանկարները պարզապէս դէպքի մը, կամ տագնապի մը արտացոլումը չեն, այլ՝ սիրտերը արցունքոտող տխուր, թախծալի բանաստեղծութիւն են, երբեմն ալ կատարեալ վէպ մը, որուն ընդմէջէն կրնաս ընթերցել ժողովուրդի մը եւ ազգի մը ամբողջական պատմութիւնը, այն երբեմն երաժշտութիւն է, որուն մեղեդին լսելով կը զգացուիս. օրինակ վերցուր երկու ջղայնացած արաբներուն վերոյիշեալ նկարը. մենք այդ պատկերին տիպարները չե՞նք, հաւանաբար, աւելի ճիշդ բացարձակապէս այո՛:

Նաճի Ալ Ալիի գծագրութիւնները եւ իր «Հանզալա»ն ինքնին դիւցազնավէպ մըն են, որմէ կարելի է խրատներ առնել, նաեւ նմոյշներու հոյակապ դասեր քաղել, որոնք ցայսօր ուսանելի են, ան՝ կծու հիւմորով քննադատող է, յանգաւոր բանաստեղծութիւններու հեղինակ, իր բռնագրաւուած հայրենիք Պաղեստինի մեծ կորուստը լացող ողբերգու, որուն պատմութիւնները կը ցնցեն ամբողջ մարմինդ, նայիր այս արաբ ուխտաւորին` հաճիին, որ Մաքքէի միւս հաճիներուն հետ կը քարկոծէ սատանան, իր գլխուն բոլոր եկածներուն մէջ զայն մեղադրելով, սկսեալ անկէ, որ ան է` այսինքն սաթանն է Եգիպտոսի նախագահ Սատաթը

Երուսաղէմ երթալ համոզողը, ինչին հետեւանքով արաբական միասնութիւնը քանդուեցաւ: Արաբ հաճին այնքան առաջ կերթայ որ սատանան կը մեղադրէ իրեւ իր կնոջ ամուսնալուծման մէջ: Մինչ ինք կը տեղացնէ մեղադրանքները, քար մը կիյնայ իր գլխուն եւ ան կը բացագանչէ.

Ա՜խ գլուխսո՞վ է այն սատանայի ծնունդը որ զիս կը քարկոծէ…». կը տեսնենք որ արաբները ամէն բանի մէջ միայն սատանան կը մեղադրեն, մինչ ամբոխի մէջ զիրար կը քարկոծեն, առանց կեդրոնանալու թիրախին վրայ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար: 

Հարիւրաւոր այսպիսի ցաւալի` ծիծաղելի եւ արտասուալից նկարներ, հարիւրաւոր հարցումներ եւ հարիւրաւոր դառն պատասխաններ, որոնց հետ կառնչուիս այս փոքրիկ գրքոյկին մէջ, զորս նկարագրելն ու բացատրելը կը կարօտին հատորներու:

Գիրքի նախկին տպագրութիւններէն օրինակ մը մեծ հանգուցեալը անձամբ մակագրած եւ նուիրած է ինծի, զոր մինչեւ այսօր կը պահեմ որպէս թանկագին եզակի նմոյշ, երբ մօտաւորապէս քսան երկու տարիներ առաջ, Քուէյթի «Ապտ Ալ Ալլահ Սալէմ» արուարձանի «Ալ Ատուանի» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէր իր ծաղրանկարները: Այն ատեն ինք եւ իր կողքին կանգնած կողակիցը ոգեւորութեամբ կը խօսէին իր գործերուն մասին, ինծի բացատրութիւններ տալով «ականուած» մի քանի ծաղրանկարներու մասին, որոնց իմաստը չէի ընկալած: Նաճին նաեւ ինծի եւ կնոջս յայտնեց, թէ հայ բարեկամներ եւ դրացիներ ունէր Երուսաղէմի մէջ եւ պատմեց յիշողութիւններ անոնց մասին: 

Նաճին կենսունակ, ուրախ եւ հաճելի, բաց սիրտ զրուցակից մըն էր:

Աստուած ողորմի Նաճի Ալ Ալիի հոգուն, ան հաւատարիմ պայքարող մըն էր յանուն իր դատին, յամառ անզիջում մաքառող մը, ի խնդիր զաւթիչներէն իր ազգի իրաւունքներու վերատիրացման: Ուր որ երթար իր պատանգը իր հետ կը տանէր, նահատակութիւն եւ յաւերժութիւն կը ցանկար եւ տիրացաւ երկուքին արդարացիօրէն եւ ամենայն արժանաւորութեամբ, զի ի՞նչ կարելի է կոչել զինք բացի գիծի եւ գիրի նահատակէն:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 14-9-2007, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 24-9-2007, Պէյրութ

Ի՞նչ ըսեմ Նաճի Ալ Ալիի մասին: Ի՞նչ ըսեմ այդ հիանալի արուեստագէտին եւ իր ստեղծագործ գրիչին մասին: Ես աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր քուէյթեան «Ալ Քապաս» թերթին մէջ լոյս տեսնող իր ծաղրանկարները գնահատողներէն էի, ես սքանչացողներէն էի իր միտքերուն, զորս կը յանձնէր թուղթին, անոր վրայ մարմնաւորելով իր գիծերը, որոնք կը վերածուէին արտայայտիչ նկարներու եւ որոնց ընդմէջէն հանգուցեալին ըսել ուզածին մէկ մասին իսկ բացատրութիւնը էջերու կը կարօտէր: 

Ասոնց գումարենք պաղեստինցի ժողովուրդի ամէնօրեայ տառապանքներուն նուիրուած անոր նիւթերը.  ան, նոյն` դէպքի կատարուած պահուն, կանդրադառնար կատարուող խնդիրներուն, զանոնք մարմնաւորելով գծագրութեամբ, որ կը վերածուէր ամենագեղեցիկ նկարագրութեան, ամենախոր իմաստով: 

Չեմ մոռնար այն ժամանակաշրջանը երբ արաբական նաւթը ամէն ժամեայ օրակարգի նիւթ էր միջազգային ամպիոններէն, ամէն մէկը իր կարգին կը խօսէր արաբական քաղաքականութեան մասին եւ արաբական նաւթի արաբիսրայէլեան պայքարին մէջ օգտագործման մասին: Նաճի Ալ Ալին իր գծագրութիւններով արտայայտուեցաւ այդ նիւթին շուրջ. տակաւին կը յիշեմ այն ծաղրանկարը որուն մէջ նաւթի տակառները կը ծածկեն պաղեստինցի գաղթականներու վրաններուն երդիքները, մինչ անոնց փոպիկ զաւակները կը խաղան թիթեղեայ իրենց տուներուն դիմաց, իսկ ծաղրանկարի խօսնակը կըսէ.-«Ահա թէ ինչին տիրեցինք նաւթի շնորհիւ»: Ծաղրանկարի խորագիրն էր

«Արաբական Նաւթը արաբներունն է»: 

Նահատակ Նաճի Ալ Ալիի մասին զրոյցը չաւարտիր. ան, Աստուած հոգին լուսաւորէ, Պաղեստինի եզակի եւ իւրահատուկ անձնաւորութիւնն էր, իր պաշտօնական դիրքորոշումը պաղեստինցի ըլլալն էր, իր գաղափարախօսութիւնը` Պաղեստինը, ահա թէ ինչու բազմաթիւ թշնամիներ ունէր, որովհետեւ այն կեղտոտ խաղը զոր կարգ մը կողմեր կը խաղային այն օրերուն, Պաղեստինի ի նպաստ չէր, այլ ի օգուտ կարգ մը շրջանային եւ տեղական խմբաւորումներու, որոնք իրար դէմ կը պայքարէին իշխանութեան եւ աւարի տիրանալու համար, ի հաշիւՊաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն: 

Անգամ մը եւս Բարձեալն Աստուծմէ կը խնդրեմ, ո ողորմի նահատակ Նաճիի հոգուն եւ զայն արժանացնէ արքայութեան:

Հանգուցեալ արուեստագէտ Նաճի Ալ Ալիի անձնաւորութիւնը պիտի մնայ Պաղեստինի կորստեան վկան, որուն պահպանման փորձերուն ընթացքին արուեստագէտը իր կեանքը կորսնցուց, երբ խարդախութեան փամփուշտները զինք գետին տապալեցին, պաղեստինեան պանդխտութեան լաբիւրիւնթոսին մէջ: