Թրքական, հայկական եւ համաշխարհային առնչակից լրատըւական միջոցներ մեծ աղմուկ բարձրացուցին, սեփական կայքէջին վրայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի

Photo credit AGOS

կատարած յայտարարութեան առիթով: Վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ստեղծած արհաւրալից պայմաններուն, որոնք հարուածեցին աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ, որոնց կարգին՝ Օսմանեան պետութեան քաղաքացիներ, որուն հետեւանքով բոլորը ունեցան մարդկային բազմաթիւ կորուստներ: Յայտարարութիւնը յատուկ կերպով մասնաւորապէս կանդրադառնար հայ զոհերուն: Յայտարարութեան աւարտին, Էրտողան Աստուծմէ հանգստութիւն եւ ողորմութիւն հայցելով, իր ցաւակցական եւ մխիթարական խօսքերը կուղղէր զոհերու ժառանգորդներուն: Այս ամէնը, ի հարկէ, յայտարարութեան մէջ կրկնելէ ետք թրքական հանրածանօթ, աւելի քան յիսուն տարիներ կրկնուող յանկերգը, թէ անհրաժեշտ է փակել անցեալի էջերը, եւ պէտք է նոր էջ բանալ հայթուրք յարաբերութիւններուն մէջ

Յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէր, թէ կատարուած դէպքերու գնահատականը (Օսմանեան շրջանի եւ անոնց յետնորդներ Իթթիհատականներու կողմէ գործադրուած հայկական ջարդերը ցեղասպանութի՞ւն էին թէ այլ բան) պէտք է յանձնուի պատմաբաններու հայեցողութեան: Վարչապետը կոչ կուղղէր նաեւ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները  քըննարկել ըստ դարուս պահանջքներուն եւ ըմբռնումներուն եւայլն: 

Ինչպէս ըսինք յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ վարչապետի կայքէջին վրայ, ինը լեզուներով, որոնց կարգին արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ թրքերէն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու շատ արագ արձագանգեց. լրատուական միջոցներու ընդմէջէն իր գովասանքը արտայայտեց Էրտողանի «յանդուգն» յայտարարութեան: Տաւուտօղլու յայտնեց, թէ յայտարարութիւնը ուղղուած է  հայերուն եւ աւելցուց, թէ իրենք կը փափաքին միւս կողմին փոխադարձ պատասխանը (ըսել ուզելով որ գնդակը այժմ հայերու կիսադաշտին մէջն է, կամ՝ թերեւս, աւելի լաւ ձեւով պատասխանեցէք մեր ողջոյնին): 

Ամփոփ կերպով պիտի ներկայացնեմ պարոն վարչապետին յայտարարութիւնը զոր կարդացի Պոլսոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով լոյս տեսնող «Մարմարա» օրաթերթին մէջ: Պիտի ընդգծեմ, որ յայտարարութեան բովանդակութիւնը կառուցուած է մեծ հոգածութեամբ, բծախնդրօրէն. այն կը պարունակէ առաւելագոյն չափով դիպուկ բառեր, սերտուած մեկնաբանութիւններ, կը շօշափր նաեւ վերլուծական կարծիքներ անցեալի դէպքերուն մասին, եւ թէ ինչ կարելի է ընել ապագային՝ միասնաբար

Յայտարարութիւնը կակնարկէր նաեւ զոհերուն (ջարդերուն)  յիշատակի օրը թրքական հողերու վրայ նշելու կարելիութեան մասին, ինչպէս որ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին կը նշուի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Յայտարարութիւնը Թուրքիոյ եւ իր դրացիներուն ապագայի յարաբերութիւններուն մասին որոշ լաւատեսական միտքեր կարտայայտէր, եւայլն, եւայլն: Յայտարարութիւնը նախավերջին պարբերութեան մէջ կըսէ, թէ ժողովուրդները իրենց անցեալին եւ կրած վնասներուն պէտք է արձագանգեն քաղաքակիրթ միջոցներով, հասկացողութեամբ, հասունութեամբ, ապա կաւելցնէ. «Մենք հիմա կոգեկոչենք քսաներորդ դարու սկիզբները ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերուն յիշատակը, անոնց հոգիներուն հանգստութիւն կը ցանկանք, մեր ցաւակցութիւնն ու մխիթարական խօսքերը կը յայտնենք անոնց թոռնիկներուն»: Վերջին պարբերութեան մէջ վարչապետ Էրտողան, նոյն ոճով Աստուծոյ ողորմածութիւնը կը խնդրէ, նոյնանման պայմաններու տակ, տարբեր ազգերու եւ այլ կրօններու պատկանող զոհերուն համար: 

Տեղի սահմանափակութեան պատճառաւ պիտի չանդրադառնամ վարչապետի յայտարարութեան բովանդակութեան, բացի վերջին պարբերութենէն, որ ամենակարեւորն է: Այդ պարբերութեան մէջ, Էրտողան մէկ ու կէս միլիոն զոհուած հայերը կը հաւասարեցնէ եւ կը նոյնացնէ օսմանեան հպատակ մնացեալ զոհերուն, որոնք խոքին մէջ սպաննուած են տարբեր պայմաններու տակ: 

Հայերու սպանութեան պատճառները կը տարբերէն մնացեալ զոհերուն պայմաններէն: Օսմաեան կայրութեան իշխանութեան տակ ապրող մնացեալ ժողովուրդներու զաւակները սպաննուեցան պատերազմի ճակատներուն վրայ, աւելի շիտակը՝ թրքական ճակատներու վրայ: Այդ ժողովուրդներուն պատերազմ չէր թելադրուած: Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ ըլլալով, չարաչար շահագործեց իրեն հպատակ ժողովուրդներուն զաւակները: Շատեր զէնքը ձեռքերնին ինկան ու չվերադարձան: Ցաւալի էր անշուշտ, բայց հայերուն պարագան ամենեւին կը տարբերէր մնացեալներէն: Օսմանեան բանակին հաւատարմագրուած հայ զինուորականները նենգօրէն աքսորուեցան Թուրքիոյ խորերը եւ այնտեղ հաշուեյարդարի ենթարկուեցան: Գալով հայ անզէն բանկչութեան, անոնք բռնի տեղահանուեցան դէպի Անատոլու, Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատները: Հայերու պարագան կը տարբերէր մնացեալ ժողովուրդներէն, որովհետեւ հայերունը կանխամտածուած, ծրագրուած ոճիր էր, որուն մարդկային քաղաքակրթութիւնը յետագային տուաւ իր արդար գնահատականը՝ Ցեղասպանութիւն: Հարիւր հազարաւոր հայեր միտումնաւոր կերպով լքուեցան եւ ձգուեցան զինուորականներու եւ ոստիկաններու քմայքին: Հարիւր հազարաւոր հայեր ոչնչացան անապատի աւազներուն տակ: 

Յօդուածիս նպատակն է, խօսքս ուղղել Թուրքիոյ վսեմաշուք արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուին եւ անոր սպասած փոխադարձ քայլին՝ լաւին եւ իրենց կատարած բարիքը՝ լաւով պատասխան ստանալու ակնկալութեան: Ի՞նչ բարիքի մասին կը խօսիք, վսեմաշուք նախարար, երբ ձեր ամբողջ էջ մը գրաւած յայտարարութիւնը, իրականութեան եւ գործնականին մէջ ընդամէնը երկու օգտակար նախադասութիւն կը պարունակէր՝ ողորմածութիւն եւ հանգստութիւն կը խնդրէր զոհերու հոգիներուն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէք անոնց թոռնիկներուն, միայն այսքանը, եւ ասոր համար մենք ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնենք, խորին շնորհակալութիւն: Աստուած թող ընդունի ձեր սփոփանքի խօսքը, որ ձեր կողմէ առնուած ազնիւ քայլ մըն էր: Գալով անցնող դարասկզբին դէպքերու ընթացքին կատարւած պատահարներուն մասին յայտնած ձեր ցաւին, այն ընդունելի չէ՛, որովհետեւ դուք այն արտայայտած էք ոչ ճիշդ ձեւով եւ բացարձակապէս ոչ ճշգրիտ կերպով, նոյնիսկ մոլորեցուցիչ ձեւով, կարծէք անիրաւը արդարացնելու միտումով, թէեւ մենք կը յարգենք յիշատակը բոլոր զոհերուն, ինչ պատկանելութիւն ալ ունենան անոնք. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար նկարագրել այն պայմանները որոնց տակ սպաննուեցան հայերը, որոնք շատ աւելի տարբե եւ ցաւալի էին քան մնացեալ ժողովուրդներուն պարագաները: 

Մենք, հայերս վեհանձն ժողովուրդ ենք: Մեր նկարագիրին խորթ է ապերախտութիւնը: Մենք միշտ պատրաստ ենք որեւէ ազնիւ քայլ փոխադարձել նոյնանման քայլով կամ քայլերով: Մեր ձեռքը միշտ երկարած կը պահենք հաշտութեան եւ որեւէ լուծումի, որ մեզի կը վերադարձնէ մեր արժանապատուութիւնն ու մեր իրաւունքները, խաղաղեցնելով մեր նահատակներուն հոգիները: Սակայն մենք պատրաստ չենք որեւէ կողմի տալ իր հասանելիքէն աւելի բարոյական շահ կամ՝ իրաւունք: Մենք ձեզի հետ ունինք հին եւ նոր դառն փորձառութիւններ, զորս դուք եւս անպայման կը յիշէք:

Մենք, այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հարիւր ամեակի նախօրեակին, Թուրքիոյ նորագոյն պատմութեան կառավարութիւններուն մէջ զօրաւոր եւ վճռական անհատականութեան տէր նորին վսեմութիւն վարչապետ պարոն Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանէն կակնկալենք աւելի վեհանձն դիրքորոշում՝ բանիւ եւ գործով ընդունելու եւ յայտարարելու, որ Օսմանեան իշխանութեան վերջին տարիներուն, Սուլթան Ապտիւլ Համիտի եւ Իթթիհատականներու ձեռամբ հայերուն դէմ կատարուածը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ էր, եւ զայն գործադրողներուն թոռնիկները ներում կը խնդրեն այսօր վերապրողներու թոռնիկներէն, գործադրելով իրենց մարդկային եւ բարոյական պարտականութիւնը քաղաքակիրթ ժողովուրդներու եւ սպաննուած հայերու թոռնիկներուն հանդէպ, քաջաբար ընդունելով (թրքական այժմու կառավարութիւնը), հայերուն հանդէպ իրենց գործած անիրաւութիւնները, յափշտակումները, ոճիրները՝ վերադարձնել կամ փոխհատուցել մարդկային, նիւթական եւ բարոյական կորուստները: Մէկ խօսքով չխուսափիլ պատմական ճշմարտութենէն եւ ժխտումի անհեռանկարային քայլերէն: Միայն այն ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ նոր էջ բանալ երկու սահմանկից, դրացի ժողովուրդներուն միջեւ: 

Իսկ եթէ դուք, առանց ինքնասրբագրումի, ձեր այս յայտարարութեան փոխարէն աւելին կակնկալէք հայերէն, ապա արտօնեցէք ըսելու, որ այնքան ալ պարզամիտ չենք այսպիսի խորհրդանըշական նախաձեռնութիւն մը ընդունելու իբրեւ վիթխարի վեհանձնութեան քայլ: Բաւական միամիտ կը ձեւանաք եւ կը փորձէք իբրեւ հաշտարար ներկայանալ մարդկութեան առջեւ: Այնքան ազնիւ ու մարդկային, որպէսզի ձեր «ժեստ»ին առջեւ խոնարհինք եւ մոռացութեան մատնենք ձեր մեծ հայրերուն պատճառած մարդկային, նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի կորուստները: Ո՞վ կրնայ մոռնալ, ութ դար շարունակ եաթաղանի ձեր վայրագութիւնները, որուն հետեւանքը դարձաւ միլիոններու կորուստը, բռնագաղթը, կալուածներու յափշտակումը եւ երկհազարեայ քաղաքակրթութեան մը ոչնչացումը: 

Եւ հիմա բացատրեցէ՛ք ինծի, վսեմաշուք պարոն նախարար, ի՞նչ կը նշանակէ շնորք ընել մէկու մը, որ անօթութեան եւ ծարաւի մատնած էք, եւ լոկ թրջուած մատ կերկարէք անոր, լաւագոյն պարագային կէս ընկոյզի կեղեւի մէջ ջուր կու տաք անոր, եւ փոխարէնը կը պահանջէք անոր ներողամտութիւնը, ձեր բոլոր արարքներուն դիմացդուք կընդունի՞ք:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», Լիբանանեան արաբական օրաթերթ՝ 18 Յունիս 2014

«ԶԱՐԹՕՆՔ», 2014

«ԱԶԴԱԿ», 2014

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 2014

«ԱԿՕՍ», թրքերէն, 2014