Ձերդ Վսեմութիւն, ի՞նչ կը կազմեն այս համեստ բառերս համեմատած այնքա՜ն արտայայտուած յորդառատ զգացումներուն հետ, որոնք կը հասցէագրուին քեզի պերճախօսութեան բազմաթիւ հանճարներու կողմէ, լրատուական միջոցներու եւ տեղական ու համաշխարհային մամուլին ընդմէջէն: 

Ամէն գեղեցիկ խօսք ըսուեցաւ քու եւ քու գործերուդ մասին, ամէն լաւ խօսք քու մէջդ եղած ազնուութեան եւ ներողամտութեան մասին, ամէն գովասանք քու բարեսրտութեանդ եւ առատաձեռնութեանդ մասին: Բոլորը գիտեն քու նախաձեռնութիւններուդ բերած բարիքին չափը, որ երախտապարտութեան զգացումներ կենդանացուց երկրիդ հանդէպ եւ բարին փոխադարձելու մտադրութիւն երկրիդ, եթէ երբեք այն կարիքի մէջ գտնուի, բոլորը գիտեն քու երկրիդ լաւ եւ իմաստուն ղեկավարութեանդ մասին, ներկայիս, եւ որ կարեւոր է՝ նաեւ ապագային: 

Ներկայիս, որովհետեւ դուն ժողովուրդիդ համար ապահովեցիր արժանապատիւ կեանք անվտանգութեան եւ խաղաղութեան շուքին տակ, մշտապէս առաջնորդելով Քուէյթը ապահով ափ, նոյնիսկ ամենայ դժուարին պարագաներուն եւ ամենածանր փորձութիւններու ընթացքին, կ’ըսեմ ապագային ալ, որովհետեւ դուն երկրիդ վաղուան մասին կը մտածէիր այնպէս ինչպէս այսօրուան մասին, նմանելով ազգերու կեանքին մէջ գտնուող պատմական անձնաւորութիւններուն, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հիմնումդ «Ծոցի Փոխօգնութեան Խորհուրդ»ին բացի ունեցած հաւատքովդ որ միութիւնը ուժ է, նոյնպէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել «Գալիք սերունդներու սնտուկ»ը հիմնելդ, եթէ ոչ ժամանակի խարդախ ըլլալու մասին ունեցած երկիւղովդ, իսկ «Արաբական տնտեսական զարգացման Քուէյթի Սնտուկ»ի հիմնումիդ պատճառը կարելի է բացատրել սոսկ համոզուած ըլլալովդ, որ ուրիշին բարիք կատարելուն մասնակից ըլլալը իր բարի արձագանգը կ’ունենայ Աստուծոյ եւ մարդկանց մօտ, իսկ ցանկութիւնդ քուէյթցի կնոջ շնորհել իր քաղաքական եւ ընկերային իրաւունքները յստակօրէն քու ճշգրիտ դատողութեանդ հետեւանքն է՝ քուէյթեան եւ համաշխարհային ընկերութիւններուն մէջ կնոջ դրական դերին մասին, մասնաւորաբար համաշխարհային տիրող ներկայ պայմաններուն, ի՞նչ կը նշանակէ Գիտական Զարգացման Քուէյթի Ինսթիթիւթին հիմնումը եթէ ոչ խոր իմացութիւնդ այն մասին որ գիտութիւնն ու գիտելիքը սիւներն են զարգանալ եւ յառաջդիմել ցանկացող հասարակութիւններուն:

Այս բոլորը եւ տասնեակ այլ նախաձեռնութիւններ զորս իրագործեցիր Քուէյթի եւ անոր քոյր ու բարեկամ այլ երկիրներու մէջ, առանց դոյզն կասկածի կը հաստատեն, որ դուն այս ժամանակաշըրջանի ամենակարեւոր այրն էիր քու երկիր Քուէյթին եւ անոր յառաջդիմութեան համար: 

Պիտի կարօտնանք քեզ ո՛վ ներողամտութեան հովանաւոր, քու շնորհիւդ խաղաղ կենակցութիւն տիրեց կրօնքներուն միջեւ, իրենց ամենատարբեր դաւանանքներով: 

Հանգիստ եւ խաղաղ փակէ աչքերդ ո՛վ Երկրի փառապանծ Իշխան Ալ Շէյխ Ճապէր Ալ Ահմէտ Ալ Ճապէր Ալ Սապահ, Աստւած ողորմի հոգուդ եւ քեզ արժանի դասէ իր լայնատարած արքայութեան:

«ԱԼ ՈՒԱԹԱՆ», 31-1-2006, Քուէյթ

Տխրեցայ, ինչպէս որ բոլորը տխրեցան Քուէյթի լուսաւոր հոգի Իշխան եւ Տիրակալ, Նորին Վսեմութիւն Ալ Շէյխ Ճապէր Ալ Ահմէտ Ալ ճապէր Ալ Սապահի մահուամբ՝ 15 Յունւար 2006-ին, 79 տարեկանին: Այո՛, բոլորս տխրեցանք կորսնցնելով առաջնորդ իշխան մը, այս բառերուն ամենավեհագոյն իմաստով, զոր դժուար թէ ոեւէ մէկը կարենայ արտայայտել:

Հանգուցեալը տիրակալն ու իշխանը ըլլալէն առաջ երկրի մը, որ արդէն համաշխարհային հռչակ եւ անուն ունէր որպէս իր շրջանի զարգացած ու յառաջդիմած երկիր, առատաձեռն եւ գթառատ մարդ էր, եւ իրաւմամբ արժանացած էր «Պապա Ճապէր» կոչումին, զոր ինքնաբերաբար, առանց թելադրուածութեան անուանած էին զինք քուէյթաբնակ բոլոր այլազգիները քուէյթցիներէն ալ առաջ, իրեն յատուկ այն գութին համար, զոր կը տածէր բոլորին հանդէպ, սէր եւ բարիք տարածելով իր ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակին վրայ. ան պաշտօնապէս եւ անձնապէս նուիրատըւութիւններ կը բաշխէր ամէն անգամ երբ ողորմածը զգար, թէ իր ժողովուրդը անոնց կարիքը ունի, կամ ամէն անգամ երբ իր ազգի զաւակներէն անհատ մը փորձութեան մը մէջ իյնար եւ իրմէ օգնութիւն խնդրէր:

Նորին Վսեմութիւնը վեհ մարդ էր եւ կը յատկանշուէր մարդկային ամենայ նրբագոյն զգացումներով, մեծ կարողութեան տէր ըլլալով նաեւ արդարօրէն, խոհեմաբար եւ վճռակամօրէն իշխելու: Ան իր երկրին տիրեց խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ ամենայ մութ պարագաներուն՝ Սատտամեան ի Քուէյթ դաժան զաւթման ընթացքին, որ սկիզբ առաւ 20 Օգոստոս 1990 թուականին, երբ դիւանագիտական պատերազմը ղեկավարեց ամենայն ընդունակութեամբ, իր կողքին ունենալով հանգուցեալ Ալ Շէյխ Սաատ Ապտ Ալ Ալլահ ալ Սապահն ու Սապահ ընտանիքի միւս նորին մեծութիւն շէյխերը, նախարարներն ու դիւանագիտական դժուարին պատերազմի գլխաւոր պատասխանատուները, միջազգային բոլոր ամպիոններէն՝ սկսեալ ամենափոքր երկրէն Սուզիլանտ կղզիներու մէջ, կամ Ափրիկէի անյայտ վայրերու փոքր երկրէ մը, ապա մեծ պետութիւններէն անցնելով եւ հասնելով մինչեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ, ուր խօսք առաւ ի պաշտպանութիւն իր երկրի կորսըւած իրաւունքին. Էմիրը իր խօսքին ընթացքին այնքան յուզուեցաւ որ արտասուեց, իր հետ լացնելով բոլոր ներկաները, Շէյխը իր հետ լացուց նաեւ ամբողջ աշխարհը, այնքան որ արտայայտիչ էին իր անկեղծ զգացմունքներն ու ապրումները հանդէպ իր բռնազաւթուած երկրին, նոյնիսկ ամենակարծր սիրտերու գութը շարժեցաւ եւ համակրեցաւ Իշխանին: 

Նորին վսեմութիւնը միշտ ժպտադէմ էր եւ պայծառ տեսք ունէր. Կ’ուրախանայինք երբ զինք տեսնէինք հեռատեսիլէն կամ լրատւական միջոցներէն, երբ խօսէր ապագայի մասին, կամ Քուէյթի հիւրերը ճանապարհելու ատեն, կամ սովորոյթ դարձած տարեկան տարբեր առիթներուն իր ելոյթներուն ընթացքին, ինչպէս օրինակ Ռամատան ամսուայ վերջին տասնօրեակին, կամ Ղուրանը անգիր սորվածներու տարեկան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Ազգային Տօնին առիթով, երբ իշխանական տարեկան պարգեւը կը բաշխէր, եւ երբ ներկայ կը գտնուէր Ազգային Ժողովի օրէնսդրական նստաշրջաններու բացումներուն: 

Նորին Վսեմութիւնը անչափ մեծ սէր եւ գուրգուրանք կը վայելէր ոչ միայն քուէյթցիներէն, այլ նաեւ Քուէյթի բարեբեր հողին վրայ բնակող բոլոր օտարականներէն, որոնք «Պապա Ճապէր«ի կողքին զինք կոչած են նաեւ «Սիրտերու Իշխան»: Էմիրը ամէն տարի յաճախ ներում կը շնորհէր բանտարկեալներուն, անոնց ազնիւ կեանք մը ապրելու երկրորդ առիթ տալու նպատակաւ: 

Շատ առատաձեռն էր. աղքատ ժողովուրդներուն շնորհած գումարները կամ անոնց պետութիւններուն Քուէյթին ունեցած պարտքերու ջնջումը վիթխարի չափերու կը հասնէին, հպարտութեամբ վեր պահելով մէն մէկ քուէյթցիին գլուխը ուր ալ որ գտնուելու ըլլար ան: Էմիրը նոյնքան առատաձեռնօրէն նիւթական յատկացումներ կը կատարէր «Արաբական Ընկերային Զարգացման Քուէյթեան Սընտուկ»ին միջոցաւ, այս ընծայուած կամ դիւրաւ վճառելի պարտքերէն օգտուած են տասնեակ երկիրներ եւ անոնց հարիւրաւոր միլիոն բնակիչները: 

Քուէյթի մէջ շատ է թիւը Իշխանին բարեգործութիւններուն եւ իրագործումներուն, ո՛ր կողմ դառնաս կը տեսնես գիտական կեդրոն մը, կազմակերպութիւն մը, պետական կարեւոր կառոյց մը, որուն գոյութիւնը յղացած էր Նորին Վսեմութիւն Իշխանը, հանդիսանալով նաեւ անոր մշտական հովանաւորը: Ողորմած Իշխանին իրագործումները իր երկիր Քուէյթով չէին սահմանափակուիր, այլ անոր սպիտակ ձեռքերը կը գտնուէին Ծոցի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ սատարելու, մասնակցելու, օգնութիւններ տրամադրելու մարդկային, գիտական, մշակութային բնագաւառներուն, կամ նախաձեռնելու զանոնք: Էմիրը գործնական մասնակցութիւն ունէր արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ Ովկիանոսէն մինչեւ Ծոց:

Աստուած Ողորմի Ձեր հոգուն, Նորին Վսեմութիւն Էմիր, եւ Ձեզ արժանի դարձնէ երկնքի արքայութեան: