Չեմ գիտեր թէ ուր կը տեղադրէ զիս այս յօդուածս. Երամէն դո՞ւրս երգողներու շարքին, թէ՞ երամի մը ծայրին, բայց վստահաբար ոչ կեդրոնը: Ամէն պարագայի իմ ալ ուզածս այդ է, չեմ նախընտրեր գտնուիլ երգչախումբի մը կեդրոնը, ուր այնքան մեծ թիւով բացասական առջեւ նետուողներ կան, որոնք արդարացումներ եւ անհրաժեշտ բառեր կը գտնեն տարածաշրջանի կատարուածին մէջ մեղադրելու Արեւելքը կամ Արեւմուտքը. երգչախումբին կեդրոնը կը վխտայ մանաւանդ Ամերիկայի դէմ կարգախօսներ բարձրացնողներով, որոնք կը մեղադրեն ԱՄՆը ամբաստանելով, թէ այն որպէս մեծ եւ ուժեղ պետութիւն կը շահագործէ իր դիրքը ազատագրական շարժումները ճզմելու եւ իր կամքն ու գործելաոճը պարտադրելու տկար եւ աղքատ երկիրներուն, անբարոյական, անարդար եւ ամբարտաւան կերպով, առանց հաշուի առնելու ժողովուրդներու կամքը: 

Եթէ հաշուի առնենք որ այս ամէնը ճշմարիտ են, հարց կու տամ. —Այդ ե՞րբ մեծ երկիրները, կամ կայսրութիւնները, կայսրերը, սուլթաններն ու թագաւորները նկատի առած են իրենց տիրութեանց տակ գտնուող կամ նոյնիսկ իրենց դաշնակից ժողովուրդներուն ցանկութիւնը: Խոր ուսումնասիրութեան կարիք չկայ, կը բաւէ որ յիշենք հռոմէացի եւ բիւզանդացի կայսրերը Փոքր Ասիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, պարսիկ շահնշահերը Ասիոյ մէջ եւ արաբ թագաւորներն ու իրենց իշխանները Չինաստանէն մինչեւ Անտալուզիա, ռուս ցարերը Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի մէջ, օսմանեան սուլթանները արաբական երկիրներու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ եւ վերջապէս եւրոպացի թագաւորները իրար վրայ իշխելու ընթացքին կամ Արեւելեան երկիրներու ու Ափրիկէի մէջ: Կա՞յ մէկը որ կրնայ օրինակ տալ իշխող ուժեղ երկիր մը որ արդար է (բացառութիւնները յարգելի են) եւ ուրիշներ չեն տառապիր իր վատ վերաբերմունքէն, Ծայրագոյն Արեւելքէն` Չինաստանէն եւ Ճափոնէն, մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմուտք` երկու Ամերիկաները: Չեմ կարծեր որ ոեւէ մէկը կարենայ եզրակացութիւններս հերքելու ատակ օրինակ մը բերել. ոեւէ մէկը չի կրնար անտեսել այն, որ յաղթական ժողովուրդներու իրական պատմութիւնը այսպիսին է: Բոլոր ուժեղներուն նպատակը նոյնը եղած է, անկախ վայրէն ու ժամանակէն, աշխարհագրութիւնը, կրօնը կամ դաւանանքը արգելք չեն եղած ուժեղին կամքը տկարին պարտադրելու, կամ զսպելու ուժեղին բռնութեամբ տիրելու ցանկութիւնը, շահամոլութիւնն, ագահութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը. տարօրինակ բան չկայ, ասիկա մարդուն, նոյնիսկ կենդանական աշխարհին կեանքի օրէնքն է` ուժեղին իշխանութիւնը տկարին վրայ, նաեւ մշտնջենական պայքար երկրագունդի վրայ ապրող արարածներու կեանքին մէջ:

Ուրեմն ինչո՞ւ անտեսել այս իրականութիւնը եւ անգիտանալ պատմութեան օրինակները եւ ժամանակ կորսնցնել, ի զուր ջանք թափել, եւ անարդիւնք գոռալ ձորի մը մէջ որ արձագանգ իսկ չի տար: 

Անշուշտ նկատի ունիմ այն տեսաբանները, որոնք կերեւին արբանեակային հեռատիսիլներու վրայ եւ կը մասնակցին անոնց ծրագիրներուն, նկատի ունիմ այն գրողները, որոնք իրենք իրենց ազատութիւն կու տան մերկացնելու մեծ պետութիւններու բացայայտ եւ թաքուն նպատակները. նկատի ունիմ նաեւ անոնք, որոնք իրենց հաւատալիքները գործնականի կը վերածեն, մատուցանելով դրամական օգնութիւն, կամ կը դիմեն բռնի ուժի, կամ ինքզինքնին զոհաբերելու չափ առաջ կերթան ի խնդիր իրենց հաւատալիքներու պաշտպանութեան, կամ նոյնիսկ պատերազմներկը հրահռեն: 

Ես դիմադրութեան փոխարէն հնազանդութեան կամ ենթարկութեան կոչ չեմ ուղղեր, ասիկա իմ անձնական համոզմունքէս շատ հեռու է, ոչ ալ կը միտիմ ընդունիլ առկայ իրականութիւնը եւ խաղաղութեան մէջ ապրիլ ինչ վատ պարագաններու մէջ ալ ըլլայ, երբե՛ք, ասիկա չէ իմ ձգտումս, ես նաեւ Ամերիկեան կամ այլոց քաղաքականութեան պաշտպան ալ չեմ, ես ասկէ օգուտ մը չեմ քաղեր, Ճիշդ ընդհակառակը, իմ ձգտումս է ամբողջական, մտացի, լայնատարած եւ ճշգրիտ նայուածքով կարդալ հին եւ ժամանակակից պատմութեան էջերը, ընդգրկելով ազատագրական եւ անկախութեան ձգտող շարժումներն ու անոնց վերջաբանը, օգտուելու անոնց դասերէն: Այն ազգերն ու երկիրները որոնք քալած են ժամանակի պահանջքին հետ, յաճախ կրցած են որոշ յաւելեալ ճիգով վերականգնել կորսնցուցածը եւ բռնել յառաջդիմութեան եւ զարգացման ճամբան, ընդհակառակը այն ժողովուրդները որոնք հետեւած են չափազանց հպարտութիւն ունեցողներուն եւ արժանապատւութեան գովերգողներուն, ինչպէս որ կը պնդեն գոռոզները, եւ կը համոզեն իրենց ժողովուրդները տարուելու նոյն մտածելակերպով, վերջաւորութեան ինքզինքնին կը գտնեն ուժասպառ եւ յետամնաց. օրինակները շատ են Ասիայի արեւելքի, Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ, նաեւ Ատլանտեան Ովկիանոսի կղզիներուն մէջ, չմոռնանք նաեւ Ափրիկէն: 

Հոս ինքզինք կը պարտադրէ հետեւեալ հարցումը.                                           

Ինչո՞ւ այդ ղեկավարները այդպէս կը վարուին իրենց ժողովուրդներուն եւ հպատակներուն հետ, (անշուշտ նկատի ունինք այն ղեկավարները որոնք համոզուած են իրենց գաղափարներուն մէջ եւ անկեղծօրէն կը հաւատան իրենց գործելակերպին, եւ նկատի չունինք առ երես հաւատալ ցուցադրող գաղափարի տէրերը, որոնք միայն իրենց շահադիտական նպատակները կը հետապընդեն). այս մարդիկ չե՞ն կարդացած այն քաղաքակրթութիւններու մասին, որոնք տիրած են եւ ապա չքացած. արդեօ՞ք այսպէս մտածողն ու այսպիսի իմաստասէրը կը կարծէ, թէ Ամերիկան որ այսօր կը տիրէ, յաւիտեան այսպիսին պիտի մնայ. չեմ կարծեր որ խելամիտ մէկը հաւատայ ասոր: Երկրագունդը դարձող անիւ մըն է, որ որեւէ վիճակի մէջ չի կրնար կայունանալ, եւ այս վիճակը յաւերժօրէն պիտի շարունակուի, օր մը քեզի, օր մը դէմդ, եւ ասիկա յաւիտեանս յաւիտենից. ասիկա Աստուծոյ կամքն է, որուն դիմաց մենք անզօր ենք: Իմաստունը ան է, որ գիտէ եւ կը գիտակցի այս իրականութիւնը եւ անոր լոյսին տակ կը գործէ խորամանկ քաղաքականութեամբ, զանազան հնարքներով եւ մարտավարական ճարպիկութեամբ, ամենայ քիչ զոհողութիւններով իր ժողովուրդը ապահով ճանապարհով յառաջ կը տանի: 

Ինչո՞ւ մենք տարուած ենք մեր տկար ուժերով կռուելու հողմաղացներուն դէմ, վատնելով մեր թանկագին ժամանակն ու մեր երիտասարդներուն ներուժը, նաեւ մեր հայրենիքներուն վիթխարի հարստութիւնը, ինչո՞ւ մենք զմեզ չենք համոզեր որ տեղի ունեցածները միայն մեզի հետ չեն կատարուիր, այլ շատերուն եւս բաժին կը հանեն, որոնք արդիւնք են միջազգային պայմաններուն, եւ որոնք ժամանակաւոր կը սեպուին որքան ալ տեւէ անոնց երկարութիւնը, եւ որ բնական աւարտը անպայմանօրէն պիտի գայ, պէտք է գիտնանք որ մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր երկիրներ կը գործեն ստիպողականութեամբ, ինչո՞ւ չենք համոզուիր յարմարուելու անհրաժեշտութեան հետ, որքան ալ ծանր ճնշեն անոր հետքերը մեր վրայ, մեզի համար աւելի լաւ չէ՞ օգտուիլ զաւթողի ուժի աղբիւրներէն` արհեստագիտութենէն եւ այլ զարգացած գիտութիւններէն եւ զանոնք գործի լծել ի օգուտ մեր երկրի յառաջդիմութեան: 

Նախապէս ըսի որ երկրագունդը դարձող անիւ մըն է, ցաւօք յաջորդ կարգը մերը չէ, այլ ինչպէս որ կը տեսնուի հորիզոնի վրայ Ասիոյ արեւելեան երկիրներու է, որովհետեւ մենք մեր ժամանակն ու կարողութիւնները վատնած ենք Իմփերիալիզմի դէմ ճակատամարտելով, ինչպէս որ մենք կըսենք, եւ մեր նիւթական հասոյթները շաղ տուած ենք վասն ոչինչի, փոխանակ ինքնակառուցման, չենք զինուած գիտութեամբ ու գիտելիքներով, եւ որ աւելի կարեւոր է մենք չունինք անհրաժեշտ բաւարար ուժը առ ի պատրաստութիւն գալիք փուլին, եւ ամենայն հաւանականութեամբ ապագային պիտի գտնուինք շատ աւելի վատ իրավիճակի մէջ քան կը գտնուինք այսօր:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 19-5-2006, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 19-7-2006, Քուէյթ

2006 թուականին լիբանանեան «Ան Նահար»ի եւ Քուէյթեան «Ալ Քապաս»ի մէջ լոյս տեսած այս յօդուածի գրելուս դրդապատճառները տակաւին կան եւ կը մնան նոյնը ցայսօր, զի մինչեւ օրս Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ ուժային հասկացութիւնը առկայ է նոյն ընդունուած տրամաբանութեամբ, ոմանք սանդուխը լայնքին շալկած կը քալեն, որն ալ առաջնորդեց 11 Սեպտեմբերի պատահարներուն, որուն հետեւանքով Աֆղանիստանը գրաւուեցաւ եւ զաւթուեցաւ Իրաքը, իսկ մենք չենք հաշտուիր մենք մեզ հետ եւ ոչ ալ կը համոզուինք որ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ թշնամանքը ի օգուտ մեզի չէ, եւ մեզի աղքատութենէ եւ յետադիմութենէ բացի բան չի բերեր, եւ տակաւին դարի պահանջքներով ընթանալու հարկ եղած համոզմունքն ու երկիրներու եւ խմբաւորումներու միջեւ գոյութիւն ունեցող առկախ հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համոզւածութիւնը դրական արձագանգ չեն գտներ:

2006 թուականի Յուլիսին տեղի ունեցան վտանգաւոր դէպքեր, որոնց լոյսին տակ գրեցի յօդուածս: Այդ դէպքերէն են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Աֆղանիստան ներխուժումը, ապա Իրաքի բռնագրաւումը, որոնք եկան հաստատելու, թէ տարակարծութիւնները խաղաղ ճանապարհով լուծելու յանձնառութիւնը դրական արձագանգ չէր գտած տակաւին:

Յօդուածը երկար է եւ ինքզինք կը բացատրէ, բայց մեր հոգիներուն մէջ կը մնայ այն մտահոգութիւնը, որ մենք չենք կրնար մեր ցանկութիւնները կամ նոյնիսկ մեր երազներուն նուազագոյնը իրականացնել. մեր ժողովուրդներուն կենսամակարդակը իր նուազագոյն մակարդակին է ըստ չեզոք լիազորուած ընկերութիւններու տեղեկագրութիւններուն, հակառակ անոր ինչին կը ձգտի մեզ համոզել պաշտօնական տեղեկատուութիւնը: Վերջին տարիներու ընթացքին զարգացման մեր իրագործած տոկոսը երբեք չի համեմատիր այն տոկոսին հետ զոր պէտք է իրագործած ըլլայինք նկատի ունենալով մեր հարստութիւնները՝ բարեբեր հող, ծովեր, բնական պաշարներ ու մարդկային երիտասարդ ներուժ: 

Մարդու իրաւունքներ, կնոջ իրաւունքներ եւ տէմոքրաթական մթնոլորտ ու քաղաքակրթութեան եւ զարգացման երեւոյթները տակաւին դժուար հասանելի են, եւ անոնցմէ միայն սակաւագոյնը կը գործադրուի մեր մօտ: Մեզի համար աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար խուսափիլ արմատական զրնգուն կարգախօսներէն, ինչպէս՝ «Ինչ որ Արեւմուտքէն կու գայ մեզի վնաս է…», որովհետեւ պատրաստ չենք կրելու անոնց նիւթական, բարոյական, մարդկային կորուստներու պատասխանատուութիւնը: 

Սակայն մենք բացարձակապէս մերժելով զանոնք կը դիմենք իրականութիւնը փոխելուն՝ պատերազմի եւ պատերազմներու սպառնալիքներով, զորս երբեք չենք մղեր, եւ եթէ մղենք չենք կրնար անոնց նախապատրաստութեան համար տարիներու ընթացքին մեզի արժածին չափ շահիլ եւ մեր շահածը չի հաւասարիր մարդկային մեր կորուստներուն: