Զարհուրելի են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերն ու կատարուող զարգացումները: Ցաւալի են այսօրուայ մեր տեսած տեսարանները: Ի՞նչ եղաւ արաբներուն, ի՞նչ պատահեցաւ անոնց խելքին: Փճացաւ թէ՞ կորսուեցաւ: Ի՞նչ եղաւ անվեհերութեան, փշրուեցա՞ւ եւ իր մասնիկները տարտղնուեցա՞ն, թէ գնաց իր քոյր հպարտութիւնը փնտռելու եւ չվերադարձա՞ւ: Ի՞նչ կը պատահի ներկայիս պաղեստինեան հողին վրայ, գիտնալով թէ ասիկա շատէն փոքրիկ մասնի՞կ մըն է, այս ի՞նչ դաժան եւ վայրագ տեսարաններ են, զորս կը տեսնենք հեռատեսիլի կայաններէն եւ թերթերու էջերուն մէջ, եւ զորս կը կիրարկէ եղբայր եղբօր դէմ եւ հարեւանը հարեւանի, այս ի՞նչ վիրաւորանք եւ արհամարհանք է, զոր կը ցուցադրէ պաղեստինցին իր եղբօր դէմ տեղեկատուական միջոցներովո՞վ որո՞ւն կը վնասէ, եւ ո՞վ զո՞վ կը վիրաւորէ, արդեօք շահախնդրութիւնն ու կուսակցական մոլեռանդութիւնը տապալա՞ծ են կշռադատուած խելքն ու առողջ տրամաբանութիւնը եւ ազգային շահերը: Ի՞նչ կը պատահի Կազայի մէջ եւ արդեօ՞ք շուտով նաեւ Արեւմտեան ափին մէջ ալ նոյն վայրագութիւնը, անօրէնութիւնն ու խելքէ դուրս անմտութիւնները պիտի պատահին, ինչպէս որ կը նախատեսեն դիտորդները (Աստուած չընէ):

Տարածաշրջանի հարցերով հետաքրքրուող մեզմէ ոեւէ մէկը, չի կրնար բացատրել պատճառը «Համաս»ի, պաղեստինեան իշխանութեան հաստատութիւններուն, կեդրոններուն այսպիսի ոճով տիրելուն եւ զայն հպարտութեամբ փայլուն յաղթանակ յայտարարելուն, կարծես կը մնար միայն թիւ 1 յայտարարութիւնը կատարուածինինչպէս որ ընդունուած է կատարել յեղաշրջումներու ժամանակ: Հետեւողը չի կրնար իմաստութիւնն ու միտք բանին հասկնալ կատարուածին, արդեօ՞ք ասիկա Իսրայէլը կամ այլ պետութիւն մը կամ կողմ մը սարսափեցնելու փորձ է: 

Զզուելի եւ ատելի էր թերթի առաջին էջի վրայի նկարը քօղածածկ մարտիկին, որ Կազայի մէջ սիրամարգի նման նստած էր պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի աթոռին, ձեռքին կրակելու պատրաստ հրազարկը, կը հպարտանար, կարծես պատիւ ունեցած ըլլար առաջինը նստելու զաւթիչ եւ կողոպտիչ Տէյվիտ Պէն Կորիոնի աթոռին, Սուրբ Քաղաքը ազատագրելէն եւ Պաղեստինը անկախանալէն անմիջապէս ետք: Անխելամիտ քաջութիւնը ամուլ է, նման` անիմաստ ոգեւորութեան:

Ամէն ոք կուզէ գիտնալ թէ ի՞նչ պիտի ընէ «Համաս»ը: 

Ենթադրենք (պայմանականօրէն) «Համաս»ի տիրելը Պաղեստինի ամբողջական իշխանութեան. ինչպէ՞ս պիտի տնօրինէ պետութեան գործերը երբ ժողովուրդին կէսը իրեն հակառակորդներու վերածուած է, ինչպէ՞ս պիտի տնօրինէ պետութեան գործերը համոզիչ ծրագիրի մը բացակայութեան, որուն մասին իրմէ չենք ալ լսած. ուրտեղէ՞ն պիտի հայթայթէ եկամուտները, երբ վտանգուած են արտասահմանէն եւ նոյնիսկ ներսէն կատարուող դրամական փոխանցումները: Ուրկէ՞ պիտի գայ քաղաքական եւ դիւանագիտական օգնութիւնը, երբ արաբական եւ օտար երկիրներուն մեծ մասը ճանաչում չի շնորհեր անոր եւ զայն բացէ ի բաց պոյքոթի կենթարկէ: Ուրկէ՞ պիտի գտնէ առօրեայ ապրուստի միջոցները երբ չորս կողմէն ենթարկուած է շրջափակման: Եւ ամէնէն կարեւորը. —Ա՞յս ճանապարհն է որ պիտի առաջնորդէ դէպի ազատագրում եւ անկախութիւն՝ կանգնեցնելով ապրելու ատակ պետութիւն մը: Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կառաջնորդուի այս ժողովուրդը: Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս լոյսի շող մը պիտի երեւի այս փապուղիի վերջաւորութեան: 

60 տարուայ պայքարէ, վիթխարի զոհողութիւններէ, զրկանքներէ, տառապանքներէ եւ վտարանդիութենէ ետք, ինպէ՞ս ժողովուրդի մը ազգային հասունութիւնն ու գիտակցութիւնը կրցաւ այսքան նախնական ըլլալ. եթէ մետաղը հում ապակիէ ըլլար, այսքան ճնշումէ եւ խստութենէ ետք ադամանդի վերածուած պիտի ըլլար: Պաղեստինի ժողովուրդը որեւէ ժամանակ փխրուն եւ դիւրաբեկ չէ եղած, ընդհակառակը եղած է խելացի եւ գիտակից ժողովուրդ, ինչպէ՞ս դարձաւ այսքան դիւրաբեկ ենթակայ կոտըրուելու եւ չվերածուեցաւ թանկագին ադամանդի, արժանի տեղը գրաւելու համար ժողովուրդներու խճանկարին մէջ: 

Մեզի պատահած բոլոր փորձանքներուն մէջ կը շարունակենք մեղադրել թշնամի Իսրայէլը, որ անկասկած բոլոր փորձանքներուն աղբիւրն է, բայց փորձանքները ժողովուրդներու գլխէն այս ձեւով եւ այս հասկացողութեամբ չեն վտարուիր, այլ՝ նախապատրաստըւածութեամբ եւ յարմար դիմադրողականութեամբ, բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն տեղ, գոնէ նուազագոյնը` ազգային միասնականութեամբ: Փոխանակ բաժնեկցելու քաղաքական եւ դիւանագիտական դերերը, աշխարհին բացուող պաղեստինեան պաշտօնական իշխանութեան եւ ընդդիմադիր ծայրայեղ ուժի մը միջեւ (այս պարագային, օրինակի համար «Համաս»ը) որպէս դիւանագիտական հաւասարակշիռ խաղ, լարերը քաշելթուլցընելով, ինչպէս որ ընդունուած է միջազգային քաղաքական աւանդութեամբ, որ ուշ կամ կանուխ իր պտուղները պիտի տար. փոխանակ այս բոլորին ցաւօք ականատես կըլլանք եղբայրներու միջեւ անգութ եւ անհաշիւ սպանութեան, զիրենք եւ իրենց բարեկամները դնելով ամօթալի վիճակներու մէջ: 

Չեմ գիտեր թէ վաղը ո՞վ իր կռնակը պիտի ուղղէ իբրեւ յաղթական

Աստուած պահապան:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 22-6-2007, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 25-6-2007, Պէյրութ