Տատի լեզուով գրուած այս գիրքը կեանք գետի վրայ ամրօրէն նետուած կամուրջ մըն է արաբ եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ։
Հայ տաղանդաւոր սասունցի բանաստեղծ ու արձակագիր Խաչիկ Դաշտենցը գրած է.- Երանի՜ կամուրջ կառուցողին։
Ես կ՛ուզեմ համեստօրէն աւելցնել.- Երանի՜ գիրք գրողին։
Որովհետեւ գիրքը կամուրջ մըն է ժողովուրդները զիրար կապող։
Այս գիրքին հեղինակը իր արմատներով կու գայ Հռոմկլայի շրջանի Ճիպին գիւղէն, Տէօրթ Եօլէն ու Այնթապէն, անմիջականօրէն սահմանակից արաբական աշխարհին։ Գիւղ մը՝ Ճիպինը, Հռոմկլայի մօտիկ ուր գործած են միջին դարու, աւելի յստակ
12-րդ դարաշրջանի մէջ ապրող բանաստեղծ-կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալին, հայոց բժշկապետ Մխիթար Հերացին, որ գրած է թէ ինք քաջ գիտնալով արաբերէն լեզուն, օգտուած է արաբական դեղագիտութենէն, նոյն դարուն ծնունդը եղած է հայ մեծագոյն առակագիր Վարդան Մարաթացին, որ ծնած է Սուրիոյ մէջ այսօր եւս գտնուող Մարղաթէ գիւղին մէջ, Աֆրին քաղաքէն 5 քլմ. հիւսիս ու տակաւին նոյն դարի ծնունդն է Թորոս Ռոսլին հռչակաւոր մանրանկարիչը։
Ահա նոյն դարի ծնունդ հայ մշակոյթի գործիչներ, որոնք շնչած ու ապրած են արաբական աշխարհի դրացնութեան մէջ։
Այս գիրքին հեղինակը ծնած է արաբական Սուրիոյ իսլամական մշակոյթի կեդրոններէն՝ Հալէպ քաղաքին մէջ։
Ինչպէս բոլոր հայերը, ինք եւս սիրած է արաբերէն լեզուն եւ այնքան սիրած, որ ցանկացած է զինք աշխարհ բերած ժողովուրդը արաբին ներկայացնել անոր իսկ լեզուով՝ արաբերէնով։
Մեր օրերուն արաբական աշխարհին մէջ, քիչ մը ամէն արաբական երկրի մէջ հայեր կ՛ապրին։
Գույումճեանի գիրքը նախապէս արաբական մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներու ժողովածու մըն է, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ հայ մշակոյթը իր տարբեր երեսներով, միաժամանակ խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ աշխարհի յառաջադէմ երկիրներու ընդունած որոշումներուն եւ հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մասին, որոնց շնորհիւ 22 երկիրներ արդէն իսկ ճանչցած ու դատապարտած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Կան նաեւ Արցախի ազատամարտին նուիրուած քանի մը յօդուածներ, ուր անգամ մը եւս կը հաստատուի որ հարցը երբեք չունի կրօնական գունաւորում։
Առկայ են նաեւ զուտ արաբական աշխարհը յուզող հարցեր, ինչպէս, օրինակ պաղեստինեան հարցը իր բոլոր ելեւէջներով։
Աւելցնենք, որ այս յօդուածները օրին լոյս տեսած են արաբական աշխարհի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող թերթերու մէջ, ինչպէս՝ Պէյրութի «ԱՆ Նահար»ը, Քույէթի «Ալ Քապաս»ը, «Ալ Արապի»ն, Լոնտոնի «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ»ը, եւ այլն, եւ այլն։
Ահա Կիրակոս Գույումճեանը Տատի լեզուն օգտագործելով գրած է գիրք մը, որ կամուրջ մըն է արաբ ու հայ ժողովուրդը իրար մօտեցնող։
Այդ կամուրջը արաբին կը ներկայացնէ հայուն վիշտը, ցաւերը ու ոչ միայն վիշտն ու ցաւերը։ Գույումճեան Կիրակոսը արաբին կը ներկայացնէ հայը, որ եղած է ու կը մնայ մշակոյթի ժողովուրդ, պահանջատէր ժողովուրդ ու արաբին անմիջական դրացի ժողովուրդ, որ երբեւէ իր դրացիին վրայ յարձակող ժողովուրդ մը չէ եղած ու սնած է նաեւ արաբական մշակոյթով, ուսանած է նաեւ արաբական մշակոյթով, կապեր հաստատած, բարեկամութեան կապեր արաբ ժողովուրդին հետ։
Կիրակոս Գույումճեանը արաբերէն լեզուով գրելով այս գիրքը կամուրջ մը կառուցած է երկու ժողովուրդներու միջեւ։
Թող բազմանան այդ կամուրջները։
Զէնքը թշնամութիւն կը յառաջացնէ։
Կամուրջը՝ բարեկամութիւն։
Արաբն ու հայը զէնք գործածել լաւ գիտեն ոչ թէ աւեր գործելու այլ սեփական ժողովուրդը պաշտպանելու համար աւերիչ պատերազմներէ։
Արաբն ու հայը վարպետ են կամուրջ կառուցելու արուեստին մէջ։
Թող բազմանան կամուրջները։
Բարին ձեզի հետ ժողովուրդներ։

ԲԺ. ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Հալէպ, 2 Սեպտեմբեր 2010