Գույումճեան… (Կարօ անունը կը նախընտրեմ Կիրակոսէն):
Գիրքը չէզոք չէ, հեղինակը յստակ դիրքորոշումի տէր անձնաւորութիւն մըն է: Այս մէկը բնական է, որովհետեւ կը կրէ հայու ստորագրութիւնը: Այս մէկը յանցանք մը չէ, եւ ոչ մէկ կերպ կրնայ նուազեցնել անոր արժէքը: Ընդհակառակը, հեղինակը իր առարկայականութեամբ, քաղաքակըիրթ եւ թափանցիկ երկխօսութեան ընտրանքին կառչելու իր համոզումով յարգանք կը պարտադրէ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան հանդէպ: Անոր գրութիւններուն մէջ չկան գրգռիչ, վիրաւորական եւ արհամարհալից արտայայտութիւններ: Կարօ Գույումճեան իր դիրքորոշումները եւ կեցուածքները կը մատուցէ ազնիւ ոճով, քաղաքակիրթ եւ անկեղծ եղանակով: Ահա թէ ինչու ան կը նուաճէ ընթերցողին յարգանքը:
Այս մէկը հեղինակին ստորագրութիւնը կրող առաջին հատորն է, որ լոյս կը տեսնէ: Ահաւասիկ հեղինակ մը, որ գրիչը, միտքերն ու տաղանդը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդի տառապանքներուն: Իմ կարծիքով, հեղինակը իր այս հատորով հոգեկան բաւարարութիւն ստացած է, որովհետեւ յաջողած է անաչառ եւ հեղինակային պարկեշտութեամբ, սրտբացօրէն արտայայտել իր համոզումները: Փաստօրէն Կարօ Գույումճեան յաջողած է իր առաքելութեան մէջ:

Համզէ Ա՛ալիան
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ» 22 Յունիս 2014, Քուէյթ