Երբ կը սկսիս կարդալ գիրքը, կը սկսիս ապրիլ Կիրակոս Գույումճեանին հետ՝ իր տարբեր «կայաններ»ը… Կայանններուն առաջինը Կիրակոս հայն է, անոր ազգային նկարագիրն ու անոր հպարտութիւնը: Այդ կայանին մէջէն կը տեսնես Կիրակոսին «պահանջատէր»ի «դիրքորոշումները»: Գրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ տարբեր ոգեկոչումներուն առիթով, բաց նամակներ յղած է նախագահներու եւ Եւրոպական միութեան, երախտագիտութիւն յայտնած է այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս՝ Քանատա եւ Ֆրանսա: Ան կ’ապրի Արարատ լերան սէրը եւ իր էութեան դիրքորոշումը կ’արտայայտէ իր մտորումներու ճամբով՝ վերահաստատելով պահանջատիրութեան հրամայականը: Կ. Գույումճեան կ’ապրի նաեւ Քուէյթի թրքական դեսպաններուն հետ Հայկական հարցին առնչութեամբ եղած «քաշքշուքները»: Արաբական մամուլին մէջ լոյս տեսած այս նիւթով յօդուածները բնականաբար կ’անհանգըստացնեն թուրք դեսպանը, որ կը հակազդէ յօդուածներուն, որոնց եւս կը պատասխանէ Կ. Գույումճեան՝ բացայայտելով իր մտքին ու հոգիին էութեան մէջ գտնուող հրատապ եւ վճռական դիրքորոշումները:

Հրայր Ճէպէճեան
«ԱԶԴԱԿ», 5 Յունիս 2013, Պէյրութ