Ջուրէն հողին եւ ապա քարին:
Հողը կը ստեղծէ ինքնութիւնը, իր առասպելնրը, անձրեւոտ ամպերով լեզուն, այնպէս, ինչպէս հողին մասին արտայայտուած են ողբերգութիւնները Կէլկամէշէն մինչեւ Նարեկացի, որ այդ մասին կանուխէն արտայայտուած եւ մարգարէի մը նման աւետելով ըսած է.
Եթէ զինուոր տեսնեմ՝ մահուան կը սպասեմ.
Եթէ պատգամաւոր՝ խստութեան.
Եթէ քարտուղար՝ կորստեան մուրհակի.
Եթէ կրօնաւոր՝ անէծքի.
Եթէ աւետարանիչ՝ ոտքերու փոշին թօթուելուն.
Եթէ բարեկրօն՝ յանդիմանութեան.
Եթէ անգութ՝ կսկծումի…

Աւետաբերը մեր առջեւ կը սփռէ մեզի խոստանալով փայլուն ապագայ ամենաչքնաղ պատկերով, զոր կրնանք երբեւէ ընթերցել աշխարհը կարդացող սուրբէ մը, որպէսզի արտասանէ իր խօսքը ամենագեղեցիկ աւարտով.

Եթէ Մեծիդ ներկայացուիմ կը սարսափիմ

Այստեղէն եկան Հայաստանն ու հայերը, Հայաստանը որ բարձրացաւ վերածուելու քարի եւ քիչ մըն ալ հողի. Բարձրացաւ, իր հետ վեր խոյացաւ նաեւ Արարատ լեռը կարենալ իր վրայ ընդունելու Նոյան Տապանը, փրկելու եւ պահպանելու մարդկային ցեղը եւ անոր տալու քար եւ լեռ, ժառանգութիւնը պահպանող քարը նետելու սերունդներուն՝ փրկելու զանոնք խեղդուելէ, պահպանելու բնաջնջումէ ու վերացումէ:

Գեղեցկացաւ Հայաստանը եւ սորվեցաւ լոյսի եւ գոյնի լեզուն ու տիրապետեց անոր, կառուցելու բնակավայրեր ու եկեղեցիներ եւ զանգակներ՝ ղօղանջելու սիրոյ լեզուն, անոնց երեսն ի վեր, որոնք աւերներու եւ ջարդերու մէջէն դուրս կ’ելլեն որպէս մարդասպաններ եւ ոչ թէ մարդիկ: Այո՛, Հայուն զանգերը կը ղօղանջեն Սէր կերտելու ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆ անունէն:
Հայը թագադրելու համար իր հիանալի խորհրդանիշը՝ Յիսուսի Խաչելութիւնը, տաքուկ, գուրգուրոտ փայտի վրայ, ստեղծեց քարէ «Խաչքար», որովհետեւ ջարդերէն առաջ աշխարհի սիրտը քարացած էր եւ ուշադրութիւն չէր դարձներ եղածին վրայ… Արդեօք այս ստեղծագործութիւնը հայ արուեստագէտին մէկ մարգարէութի՞ւնն էր ջարդարարներուն կողմէ ոճիրներուն գործադրութենէն առաջ…
Կը թուի, թէ Կիրակոս Գույումճեան բացառիկ եւ ամբողջական հայը, որ իր մտքին մէջ ամբարած է այն ամէնը ինչ որ լսած է, տեսած կամ կարդացած եղածին մասին, ուզած է այդ մասին խօսիլ իր յօդուածներուն ընդմէջէն ազնուագոյն զգացումով, որմէ զերծ են մարդասպաններն ու անոնց մեղսակիցները:
Վարպետ Գույումճեանի լեզուն երկխօսութեան լեզու է, որուն մէջ չկայ այն ամբարուած ատելութիւնը, զոր կը գտնենք ոխակալութեամբ եւ բացասականութեամբ լիցքաւորուած ու զինուած՝ ատելութիւնը ատելութեամբ փոխադարձելու աղաղակին եւ ճիչին մէջ, որպէս պատասխան այն խարդաւանքին եւ թափահարւող ժխտումին, որոնց համար կարծէք անյայտ է ամէն ինչ եւ կարծես թէ Արարատը կը գտնուի Հրատ մոլորակի վրայ Հայաստանն ալ Ատլանթիտ ցամաքամասին մէջ:
Այրուող գետինը կը մնայ հողէ գետին, որ օր մը պիտի վերակենդանանայ:
Հող, որուն անունները փոփոխութեան կ’ենթարկուին, օր մը իր սկզբնական անուններուն պիտի վերադառնայ:
Հող, որուն վրայ մարդասպաններ ցանեցին, այն ինչ երբեւիցէ պիտի չյարմարի հողի արմատ սուրբերուն:
Հայրենիքը կրնա՞յ ծախուիլ. ասիկան յետաձգելի խնդիր մըն է:
Կիրակոս Գույումճեանը անկեղծօրէն կ’ուզէ վերակոչել իր հայկական ժառանգութիւնը, որպէս լեզու, գոյն եւ գրականութիւն, ան կ’ուզէ որ ինքը՝ հայ մարդը, վերահաստատուի այն հողին վրայ, որ վերակենդանութիւն պարգեւեց մարդկութեան, միջատներուն, անասուններուն… Գույումճեան կը վերակոչէ իր պապերուն հողը, այնտեղ ի վերջոյ խոնարհելու երկու աստուածութիւններու.

Բարձեալն Աստուծոյ
Եւ
Մարդու հրաշալիքին:
Տարօրինակ աշխարհ զոր աւարտին կը ժառանգեն հաւատարիմները:

Իպրահիմ Խալիլ
Գրող,մտաւորական